
ՉԱՐԼԶԹԸՆ.- Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ թէ, Երեքշաբթի, Մայիս 3-ին, Ուեսթ Վիրճինիա նահանգը ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Կառավարիչ Ըրլ Ռէյ Թոմլինի պատրաստած բանաձեւին մէջ, Հայոց Ցեղասպանութեան կողքին կը նշուէր թէ, յոյներն ու ասորիներն ալ միեւնոյն ճակատագրին ենթարկուած են: «Այնքան ատեն որ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչում չըլլայ, նմանօրինակ ահաւոր դէպքեր պիտի շարունակուին», կը յայտնէ Ըրլ Ռէյ Թոմլին:
Հայ Դատի Ա.Մ.Ն. Արեւելեան շրջանի ներկայացուցիչ՝ Սթիւ Մեսրոպեան գոհունակութեամբ ընդունեց , Ուեսթ Վիրճինիա նահանգի այս որոշումը: «Լեռնային նահանգը (Մաունթըն Սթէյթ) եղաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող 44-րդ նահանգը», եզրակացուց Մեսրոպեան: