
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան «Անի» մասնաճիւղը, համայնքի հայորդիներու հետ հաւաքուած է Ատրպէյճանի դեսպանատան մօտ` բողոքելու Սումկայիթի մէջ տեղի ունեցած զանգուածային սպանութիւններու, Պաքուի, Կիրովապատի եւ Մարաղայի ջարդերու 37-րդ տարելիցի կապակցութեամբ:
Շեշտելով, որ հայերու դէմ Պաքուի ոճիրները մինչեւ այսօր կը շարունակուին՝ ցոյցին մասնակցողները պահանջեցին Ատրպէյճանը պատասխանատուութեան ենթարկելու Արցախի մէջ ցեղային զտումներուն համար, ինչպէս նաեւ պահանջեցին հայ ռազմագերիներուն ազատ արձակումը ապահովել:
Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան «Անի» մասնաճիւղի գործադիր անդամ Նարեկ Սաքայեանը դատապարտեց Ատրպէյճանի գործողութիւնները` յայտնելով. «Արցախի ժողովուրդը` ուժեղ եւ վճռական, դեռեւս չէ դրոշմուած պատմութեան դասագիրքերու էջերուն մէջ: Այն ընտանիքները, որոնք կ՛ապրէին Ստեփանակերտի մէջ, դեռ ողջ են: Շուշի ծնած երեխաներն ալ կը շարունակեն ապրիլ: Իսկ, տեղացի արցախցիները, որոնք պայքարած են խաղաղութեան եւ ինքնորոշման իրաւունքի համար, կը շարունակեն իրենց կեանքը: Մեր պարտքն է պայքարիլ իրենց հետ այժմ եւ ընդմիշտ»:
Այս բողոքի հաւաքը աւարտեցաւ աղօթքով` ի յիշատակ զոհուածներու եւ հայ ռազմագերիներու ազատութեան:

