
Յունիս 29-ին նախագահ Արմէն Սարգսեան մասնակցեցաւ Ուաշինկթընի մէջ Հայաստանի առաջին դեսպան Արմէն Գարոյի կիսանդրիի բացման արարողութեան: 1918-1920 թուականներուն Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայաստանը ներկայացնող առաջին դեսպանին կիսանդրին տեղադրուեցաւ Հայաստանի դեսպանատան բակը։
Արմէն Գարօ, բուն անունով՝ Գարեգին Փաստրմաճեան, ծնած է Փետրուար 9, 1872-ին Կարին։ 1891-ին Կարնոյ Սանասարեան վարժարանը աւարտելէ ետք, կը մեկնի Ֆրանսայի Նանսի քաղաքի համալսարանը, երկրագործութեան ճիւղին հետեւելու, որոշելով ապագային վերադառնալ եւ նուիրուիլ հայ գիւղացիի զարգացման եւ յառաջդիմութեան։
1896-ին մուտք կը գործէ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան շարքերը, եւ նոյն տարին իսկ իր գործօն մասնակցութիւնը կը բերէ Պանք Օթոմանի գրաւումին, ուր Բաբգէն Սիւնիի նահատակութենէն ետք կը ստանձնէ ղեկավարի դեր եւ յաջողութեամբ գլուխ կը հանէ գործը։
Եւրոպա վերադառնալով կ’աւարտէ Ժընեւի համալսարանը ստանալով քիմիագիտութեան տոքթորականը։ Ատեն մը Ամերիկա մնալէ ետք կ’անցնի Կովկաս ուր կարեւոր դեր կ’ունենայ եկեղեցական կալուածներու դէմ համաժողովրդական ըմբոստութեան կազմակերպումին մէջ։
1905-ի հայ-թաթարական կռիւներու մէջ, իրեն կը յանձնուի Թիֆլիսի հայութեան ինքնապաշտպանութեան գործի ղեկավարութիւնը։ Օսմանեան Սահմանադրութենէն ետք կը վերադառնայ իր ծննդավայրը՝ Կարին, ուր կ’ընտրուի օսմանեան խորհրդարանի անդամ, եւ գործօն դեր կ’ունենայ Իթթիհատի եւ Հ.Յ.Դաշնակցութեան միջեւ յարաբերութեանց մշակումին մէջ։ Առաջին աշխարհամարտին կ’անցնի Կովկաս եւ կը մասնակցի կամաւորական գունդերու կազմակերպման աշխատանքին եւ կովկասեան ճակատին կռիւներուն, իբրեւ կամաւորական Բ. գունդի հրամանատար Դրոյի օգնական եւ ապա անոր վիրաւորուելէն ետք իբրեւ հրամանատար։
1918-ին Հայաստանի անկախութենէն ետք կ’ընտրուի անդամ՝ Փարիզի Ազգային Պատուիրակութեան, ապա կը նշանակուի Ուաշինկթընի մօտ անկախ Հայաստանի դեսպան։
Ան անխոնջ կերպով աշխատելով յաջողեցաւ նիւթական հսկայական օժանդակութիւն հայթայթել հայ գաղթականներուն եւ հայկական բանակի կարիքներուն։ Իր ջանքերով Ամերիկա պաշտօնապէս ճանչցաւ անկախ Հայաստանի հանրապետութիւնը։ Սակայն Հայաստանի խորհրդայնացումը խորտակեց իր բոլոր երազներն ու յոյսերը եւ ան դարձաւ Սփիւռքի մէջ Մասիսի կարօտով տառապող հայորդի մը։ Հետզհետէ առողջութիւնը քայքայուելով, ան տկարացաւ եւ ի վերջոյ յաւիտենապէս աչքերը փակեց Մարտ 23, 1923-ին, Ժընեւի մէջ, իբրեւ վերջին բաղձանք ունենալով թաղուիլ իր սիրելի Հայաստանի հողին վրայ, որուն համար ան նուիրած էր իր ամբողջ կեանքը։
Այս հանդիսութեան խօսք առին նաեւ Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի անդամ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան եւ Ա․Մ․Ն․ Արեւելեան շրջանի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ Հայկ Օշական։ Իսկ Առաջնորդական Փոխանորդ Անուշաւան Դանիէլեան օրհնեց օրուան նշանակելի հանդիսութիւնը։
Յակոբ Տէր Խաչատուրեան իր խօսքին մէջ, յայտնեց թէ․-
Ինծի համար կրկնակի ուրախութիւն է, որ այսօր՝ մեր հարիւրամեակի տօնակատարութեան կ’ընկերակցի Արմէն Գարոյի (1872 – 1923) կիսանդրիի բացումը: ՀՅԴ կողմէ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ պրն. դեսպանին որ այս ծրագրի առաջարկը որդեգրելով առիթը ընձեռնեց, որ միասնաբար աշխատինք մնայուն խորհրդանիշ մը կանգնեցնելու ՀՀ դեսպանատան առջեւ հայկական հողի վրայ: Եւ որքան յատկանշական է, որ այդ խորհրդանիշը ահաւասիկ կը մարմնաւորուի արձանովը Արմէն Գարոյի, որ ՀՀ առաջին դեսպանն էր ԱՄՆի մէջ: Արմէն Գարոն ժամանակի նուիրեալ ղեկավարութեան լաւագոյն ներկայացուցիչներէն էր՝ ազգային հերոս, ազգային ազատագրական շարժումի ղեկավար եւ դիւանագէտ:
Գիտական միտք – որովհետեւ մասնագիտութեանբ քիմիագիտութեան դոկտոր էր ան – որ իր կեանքը նուիրեց հայ ժողովուրդի ծառայութեան գործին: Զէյթունի ապստամբութենէն՝ Պանք Օթթոմանի գրաւում՝ ֆրանսա եւ Թուրքիա գործուղում՝ Հայ-Թաթարական կռիւներու մասնակցութիւն, Թիֆլիսի ինքնապաշտպանութեան կազմակերպում՝ 1908-ի Սահմանադրութենէն ետք չորս տարի Օսմանեան Խորհրդարանի պատգամաւոր՝ հայկական բարենորոգումներու ծրագրի առաջնորդ, կամաւորական միաւորներու կազմակերպիչ, Վանի ինքնապաշտպանութեան ղեկավարներութեան անդամ, Նեմեսիսի կազմակերպիչ եւ անշուշտ՝ Հ,Հ, դեսպան: 51 կարճ բայց իմաստալից տարիներու վրայ տարածուող կեանք մը, որ Ցեղասպանութենէն վշտահար՝ սրտի տագնապի հետեւանքով շիջեցաւ կանուխ Զուիցերիոյ մէջ:
Եւ ահա քիչ ետք պիտի յաւերժացնենք Արմէն Գարոյի յիշատակը Ուաշինկթընի մէջ եւս:
Յատուկ շնորհակալութիւններ նաեւ քանդակագործ դոկտոր Մկրտիչ Տարագճեանին ու ճարտարապետ Արամ Ալաջաջեանին, որոնք սիրայօժար կերպով ստանձնեցին կիսանդրիին ու պատուանդանին կառուցումը. շնորհակալութիւն նաեւ ընկեր Զոհրապ Թազեանին որ այս նախաձեռնութեան գլխաւոր կնքահայրերէն է եւ որ այսօր ներկայացուած է հոս իր թոռնուհի՝ Ատրիէնով եւ շնորհակալութիւն բոլոր անոնց, որոնք հեռուէն ու մօտէն սատարեցին այս ծրագրի յաջողութեան:
Հայաստանի նախագահը հանդիպում ունեցաւ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի ղեկավար կազմին հետ:
Ան ողջունեց ու կարեւոր նկատեց Միացեալ Նահանգներու մէջ համահայկական տարողութիւն ունեցող հարցերով զբաղող հայկական կազմակերպութիւններուն մնայուն գործունէութիւնը: Նախագահ Սարգսեան անդրադարձաւ այն կարեւոր դերին, զոր ունեցած է Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնը` ընդգծելով, որ անիկա կը վերածնի մեր իւրաքանչիւր կարեւոր ձեռքբերումին հետ: