
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Փետրուար 3-ին Հայ Դատի յանձնախումբը փոխանցեց Քոնկրէսին, որ պարտադրէ Ատրպէյճանին ռազմական աջակցութիւնները կասեցնող՝ Ազատութեան զօրակցելու բանաձեւին թիւ 907 յաւելուածին գործադրութիւնը:
1992-ին վաւերացուած յաւելուածը 2002-էն ի վեր ամբողջութեամբ չի գործադրուիր, որովհետեւ նախագահին տրուած է զայն շրջացնելու իրաւասութիւնը եւ այդ թուականէն ետք բոլոր նախագահները շահագործած են այդ իրաւունքը, որուն հետեւանքով Ատրպէյճան 2002-էն 2021-ի միջեւ ստացած է առնուազն 164 միլիոն տոլարի ռազմական աջակցութիւն:
Այս բացայայտումը տեղի ունեցաւ 44-օրեայ պատերազմէն ետք ամերիկահայութեան եւ հայամէտ քոնկրէսականներուն պահանջին հիման վրայ Քոնկրեսի Ընդհանուր հաշուապահական գրասենեակին (GAO) կատարած հետախուզութիւններուն շնորհիւ:
Ծերակուտական Պապ Մենենտէս շեշտեց, թէ յատկապէս 44-օրեայ պատերազմին պատճառած մարդկային վնասներուն լոյսին տակ, Պաքուին ռազմական օժանդակութիւններ տրամադրելու ներկայ ընթացքը պէտք չէ շարունակուի:
Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան կը յայտնէ, թէ Ընդհանուր հաշուապահական գրասենեակին զեկուցումը լուսարձակի տակ կ՛առնէ Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքականութեան մութ էջերուն վրայ, հաստատելով, որ Ուաշինկթըն երկար տարիներէ ի վեր անպատասխանատու կերպով ռազմական օժանդակութիւն կը տրամադրէ Պաքուին: