
Read Time:22 Second
Ա.Մ.Ն. անկախութեան օրը` Յուլիս 4-ին ազդանշանը տրուեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի 22-րդ միջմասնաճիւղային խաղերուն: Այս տարուան կազմակերպող քաղաքն է Ուաշինկթընը:
Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Արեւելեան Ա.Մ.Ն. Շրջանային Վարչութեան կազմակերպութեամբ այս հանդիսութեան հովանաւորն է Ա.Մ.Ն. Արեւելեան շրջանի Բարեջան Առաջնորդ Օշական Արք. Չօլոյեան: Մրցումներուն կողքին, տեղի պիտի ունենայ ընթրիք, խնճոյք եւ խրախճանք: Այս տարուայ պատուոյ նախագահն է Տէր եւ Տիկին Գէորգ եւ Էլիզապէթ Գազանճեան: