

Մայիս 15ին, Ուաշինկթընի մօտակայ Արլինկթըն Վըրճինիա շրջանի »Ճորճ Մէյսըն« Համալսարանի Հարցերու Քննարկման եւ Լուծման հիմնարկէն ներս(Institute for Conflict Analysis and Resolution), հետաքրքրական զրոյց կլոր սեղան մը տեղի ունեցաւ, որուն նիւթն էր յետցեղասպանութեան հատուցման խնդիրը:
Կլոր սեղանին մասնակցեցան, Գանատայի մօտ Հայաստանի նախկին դեսպան եւ դաշնագրերու պատմութեան օրէնսդրութեան մասնագէտ Արա Պապեան (Մօտիւս Վիվենտի հիմնարկ), արդարայատուցման խնդիրներու մասնագէտ Ճըրմէյն ՄըքՔալփին եւ »Ուսթըր Սթէյթ« Համալսարանէն ներս փիլիսոփայութեան դասախօս եւ մարդկութեան ոճիրներու զոհերու յետոճիրի յատուցման բարոյագիտութեան մասնագէտ Հենրի Թերիոն: Կլոր սեղանի զրուցավարն էր Տիգրան Խալիկեանը, որ վերջերս հրապարակած է »Հայոց Կազմաւորումն ու Գաղափարախօսութիւնը Օսմանեան Լուծին Տակ« 19081914 (Armenian Organization and Ideology under Ottoman Rule, 1908-1914) գիրքը:
Այս ելոյթին ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով յատուցման հարցը ակադեմական մանրամասն քննարկումի եւ զրոյցի ենթարկուեցաւ: Կլոր սեղանի նպատակներէն մէկն էր ներկայացնել նախնական տեղեկագրութիւն մը, որ արդիւնքն էր բանախօսներուն եւ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան մօտ Մարդկային Իրաւունքներու գրասենեակի նախկին փաստաբան՝ Ալֆրէտ Զայասի ջանքերուն:
Թերիօ բացատրեց թէ այս խումբին նպատակն էր ակադեմական տեսակէտէ մօտենալ Հայոց Ցեղասպանութեան արդարահատուցման հարցին, երբ արդէն իսկ ուրացման լեզուն տկարացած է: Բանախօսները, այս մօտեցումը կը յամարեն աւելի ազդու եւ տեղի քան թերի ՀայաստանԹուրքիա արձանագրութիւնները:
Պապեան կեդրոնացաւ Սեւրի դաշնագրին վրայ, եւ այդ տեսանկիւնէն խօսեցաւ հատուցման մասին: Ան բացատրեց թէ 1918էն 1923ի միջեւ հինգ դաշնագրեր ստորագրուած են ՀայաստանԹուրքիա յարաբերութիւններու գծով, որոնցմէ չորսը ըստ միջազգային օրէնքի դաշնագրեր չեն յամարուիր: Ըստ Պապեանի, միայն Սեւրի դաշնագիրը օրինալի դաշնագիր կարելի է համարել:
ՄըքՔալփինը խօսեցաւ ճշմարտութեան եւ հաշտութեան տեսական գաղափարին մասին, մէջբերելով Հարաւային Ափրիկիոյ փորձառութիւնը: Ան նաեւ շեշտեց հատուցման կարեւորութիւնը, ըսելով թէ որքան ատեն որ միջսերնդական ժառանգութիւն (intergenerational inheritance) գոյութիւն ունի, նոյնպէս ալ գոյութիւն պէտք է ունենայ միջսերնդային պատասխանատուութեան փոխանցումը (intergenerational transfers of responsibility): Ան նաեւ ըսաւ թէ հայերը պէտք չէ խօսին վերահաշտեցման (reconciliation), այլ միայն հաշտեցման (conciliation) մասին: