ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ՄԷՋ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ Ա.Մ.Ն.-Ի ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ 42-ՐԴ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎ

0 0
Read Time:50 Second


Շաբաթ, Ապրիլ 14-ին, Ուաշինկթընի Հայ Առաքելական Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ ՛՛Համազգային՛՛ Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Արեւելեան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու 42-րդ շրջանային ժողովը, մասնակցութեամբ մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներուն եւ հրաւիրուած ներկաներու:
Կեդրոնական Վարչութիւնը կը ներկայացնէր Հրայր Պարոնեանը, իսկ շրջանի Հ.Յ.Դ.-ի Կեդրոնական Կոմիտէն՝ Յովսէփ Աւագեանը:
Յատկապէս քննուեցան երիտասարդութիւնը յուզող հարցեր, որոնց կարգին տարեկան դրութեամբ կազմակերպուող Artlinks ծրագիրը: Այս գծով, հանդէս եկաւ ծրագրի պատասխանատու Խաչիկ Մուրատեան, որ յաւելեալ բացատրութիւններ փոխանցեց: Օրակարգի վրայ էր, նաեւ տարեկան դրութեամբ կազմակերպուած ուսանողական համախմբումը (ֆորում): Այս գծով, որոշուեցաւ յաւելեալ խանդավառութիւն ստեղծել երիտասարդ ուսանողներու մօտ:
Նաեւ, ժողովը գնահատեց Հիւսիսային Ամերիկայի երեք շրջաններու Շրջանային Վարչութիւններու կատարած ժողովները:
Կատարուեցաւ միամիայ գործունէութեան բարոյական եւ նիւթական տեղեկագրերու ընթերցում: Առիթ տրուեցաւ լուսաբանական հարցումներու եւ ապա կատարուեցաւ ըստ էութեան քննարկում:
Աւարտին կատարուեցաւ Շրջանային Վարչութեան ընտրութիւն:
Շրջանային Վարչութեան անդամներն են.- Արեւիկ Գաբրիէլեան (Նիւ Եորք – Ատենապետ), Անի Աղաճանեան (Ֆիլատելֆիա – Ատենադպիր), Քարի Ղազարեան (Ֆիլատելֆիա – Գանձապահ), Յասմիկ Աբրահամեան (Նիւ Ճըրզի – Փոխ-Ատենապետ), Թալին Մավլեան (Նիւ Ճըրզի – Խորհրդական), Նանօր Պարսումեան (Պոսթըն – Խորհրդական) եւ Հելենա Պարտաքճեան (Տիթրոյիթ – Խորհրդական):
Յաւելեալ մանրամասնութիւններ՝ յաջորդիւ:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles