
Կիրակի, Փետրուար 25-ին, Ուաշինկթընի մէջ, պատշաճօրէն նշուեցաւ Արցախի շարժումին 30-ամեակը: Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ այս ձեռնարկը, որ կազմակերպուած էր շրջանի Հայ Դատի յանձնախումբին եւ Հ.Ե.Դ. ՝՝Անի՝՝ մասնաճիւղին կողմէ: Խօսք առաւ Արցախի ներկայացուցիչ Ռոպերթ Աւետիսեան, որ յայտնեց թէ.- ՝՝Երեսուն տարիներ թաւալած են, եւ ահաւասիկ մենք ցոյց կու տանք թէ ինչպէ՞ս կը կառուցենք մեր երկիրը: Մեր ժողովուրդը կառչած է իր հողին, եւ այդպէս ալ կը մնայ եւ կը շինէ իր բոյնը: Երեսուն տարիներ եւս…եւ պիտի տեսնէ՛ք թէ որքան ամուռ կառոյցներու վրայ շինած ենք մեր երկիրը՝՝:
Ուաշինկթընի շրջանի Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչ Սիփան Յովհաննէսեան, իր կարգին նշեց թէ, Ատրպէյճան որքան շարունակէ իր յարձակողական քաղաքականութիւնը, այնքան պիտի զօրանայ Արցախն ու Արցախցին: Նաեւ, ան կարեւորութեամբ շեշտեց, թէ զանազան գաղութներէ ներս, հետեւողական աշխատանքը պէտք է որ շարունակուի, ի նպաստ Արցախի որոշումներ առնելու համար:
Ապա, ներկաները կատարեցին ցոյց, Ատրպէյճանի դեսպանատան դիմաց: Անոնք պաստառներով եւ լոզունքներով յիշեցին Սումկայիթի եւ Պաքուի փոկրոմները: