

ՈՒԱԹԸՐԹԱՈՒՆ (Մասաչուսէց)․- Սուրբ Ստեփանոս ամէնօրեայ վարժարանը, որ Նիւ Ինկլընտ շրջանի միակ հայ կրթօճախն է, , ստացաւ հարիւր հազար տոլարի նուիրատուութիւն մը, տիկին Էտիլ Մանուէլեանի կտակէն։ «Մեր մայրը մեծապէս երախտապարտ էր դպրոցի խաղացած դերին համար՝ թէ՛ հայ համայնքի եւ թէ՛ աշակերտներու կեանքին մէջ։ Այդ երախտապարտութիւնը կը տարածուի դպրոցի ղեկավարին, հոգաբարձութեան, ուսուցիչներուն, աշակերտներուն, իրենց ծնողներուն, ինչպէս եւ դպրոցի աջակիցներուն վրայ», ըսաւ տիկ. Մանուէլեանի որդին՝ Մէթիու Տէր Մանուէլեան։
Դպրոցի տնօրէնուհին՝ տիկ. Հուրի Պոյամեան, իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց եւ ըսաւ, թէ․- «Մեծապէս կը գնահատենք Էտիլ Մանուէլեանի ցանկութիւնը՝ հայեցի դաստիարակութիւնը յաւերժացնելու իր կտակով։ Անոր ազնուահոգի նուիրատուութիւնը ներդրում մըն է մեր բոլոր աշակերտներուն երկլեզու եւ երկմշակութային գերազանց կրթութիւն մատուցելու մեր առաքելութեան մէջ»։
Դպրոցի հոգաբարձութեան ատենապետը՝ Մայքըլ Կիւզէլեան, արձագանգեց այս խօսքերուն, շնորհակալութիւն յայտնելով Տէր Մանուէլեան ընտանիքին՝ դպրոցի հոգաբարձութեան եւ ամբողջ համայնքի անունով։ Այս առթիւ, յուշատախտակ մը պիտի զետեղուի դպրոցին մէջ։ Սուրբ Ստեփանոս ամէնօրեայ վարժարանը, որ հիմնուած է 1984-ին, կրթութիւն կը ջամբէ նախամանկապարտէզէն մինչեւ 5-րդ դասարան ունի եւ վարկաւորուած է Նիւ Ինկլընտի Անկախ Դպրոցներու Ընկերակցութեան կողմէ։