ՈՒԱ­ՇԻՆԿ­ԹԸ­ՆԻ ՄԷՋ ԳՈՒ­ՄԱՐ­ՈՒԵ­ՑԱՒ Ա.Մ.Ն. ԱՐԵ­ՒԵԼ­ԵԱՆ ԹԵ­ՄԻ ԱԶ­ԳԱ­ՅԻՆ ԵՐԵՍ­ՓՈ­ԽԱ­ՆԱ­ԿԱՆ 55-ՐԴ ԺՈ­ՂՈ­ՎԸ

0 0
Read Time:31 Minute, 51 Second

p1  Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու Արե­ւել­եան թե­մի Ազ­գա­յին երես­փո­խա­նա­կան ժո­ղո­վը, գու­մա­րեց իր 55-րդ ժո­ղո­վը` Ուա­շինկ­թը­նի Սուրբ Խաչ եկե­ղեց­ւոյ սրա­հին մէջ, Մա­յիս 16-էն 18, հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ սոյն եկե­ղեց­ւոյ եւ նա­խա­գա­հու­թեամբ Թե­մի Բա­րե­ջան Առաջ­նորդ Օշա­կան Արք. Չօ­լոյ­եա­նի:

a2Ներ­կայ էին ազ­գա­յին երես­փո­խան­ներ, հո­գե­ւոր դա­սի ան­դամ­ներ, ազ­գա­յին վար­չու­թեան ան­դամ­ներ, հո­գա­բար­ձու­թեանց ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ եւ հրա­ւիր­եալ­ներ:

Երեք օրե­րու վրայ տե­ւո­ղու­թիւն ու­նե­ցող այս ժո­ղո­վը քննար­կեց Առաջ­նոր­դա­րա­նին, Կրօ­նա­կան ժո­ղո­վին ու Ազ­գա­յին վար­չու­թեան մի­ամ­եայ աշ­խա­տանք­ներն ու ար­ձա­նագր­ուած ար­դիւնք­նե­րը:

Աւար­տին, մշակ­ուե­ցաւ յա­ռա­ջի­կայ տար­ուան ծրա­գի­րը, ապա կա­տար­ուե­ցան կրa1օ­նա­կան ժո­ղո­վի եւ ազ­գա­յին վար­չու­թեան ընտ­րու­թիւն­նե­րը:

Նստաշր­ջա­նը Շա­բաթ, Մա­յիս 18 յետ­մի­ջօ­րէ­ին յա­ջո­ղու­թեամբ աւար­տեց իր աշ­խա­տանք­նե­րը:

Կրօ­նա­կան ժո­ղո­վի ան­դամ վե­րընտր­ուե­ցան Հայր Արամ Ստե­փան­եան (Ուայ­թընզ­վիլ, Մա­սա­չու­սէց) եւ Հայր Մես­րոպ Լա­գիս­եան (Նիւ Եորք):

Ազ­գա­յին վար­չու­թեան ան­դամ վե­րընտր­ուե­ցան Նու­պար Մկըր­եան (Ֆի­լա­տելֆ­իա, Փեն­սիլ­վան­իա), Ճոն Տաղլ­եան (Ուա­թըր­թաուն, Մա­սա­չու­սէց): Նոր ան­դամ ընտր­ուե­ցաւ Քրիս Փար­նակ­եան (Նիւ Եորք):

Ժո­ղո­վի աւար­տին Բա­րե­ջան Առաջ­նոր­դը շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց տեղ­ւոյն Սուրբ Եկե­ղեց­ւոյ հո­գա­բար­ձու­թեան եւ հո­վիւ Հայր Սար­գիս Ագ­թա­ւուգեա­նի, որ ան­թե­րի աշ­խա­տանք տա­րած էին, այս եր­րոր­եայ հա­ւա­քը յա­ջողց­նե­լու հա­մար:

Նշենք թէ յա­ռա­ջի­կայ Ազ­գա­յին երես­փո­խա­նա­կան ժո­ղո­վը տեղի պիտի ունենայ Տիթ­րոյ­թի մէջ:

Անց­եալ տար­ուայ տե­ղե­կագ­րին մէջ, նշուած են հե­տեւ­եալ տե­ղե­կու­թիւն­նե­րը, իրենց են­թա­բա­ժա­նում­նե­րով.-

 

Ա.- ՅԱ­ՐԱ­ԲԵ­ՐՈՒ­ԹԻՒՆ­ՆԵՐ ՄԵ­ԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻ­ԼԻԿ­ԻՈՅ ԿԱ­ԹՈ­ՂԻ­ԿՈ­ՍՈՒ­ԹԵԱՆ ՀԵՏ

a4  Առաջ­նորդ Սրբա­զան Հայ­րը կա­նո­նա­ւոր եւ հե­տե­ւո­ղա­կան կեր­պով կապ պա­հեց Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տին հետ` նա­մա­կագ­րու­թեամբ եւ մա­նա­ւանդ հե­ռա­ձայ­նա­յին հա­ղոր­դակ­ցու­թեամբ, Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը տեղ­եակ պա­հե­լով Թե­մի առօր­եայ կեան­քին ու գոր­ծու­նէ­ու­թեան: Սրբա­զան Հայ­րը չորս առիթ­նե­րով գտնուե­ցաւ Մե­ծի Տանն Կի­լիկ­իոյ Կա­թո­ղի­կո­սա­րան եւ առան­ձին հան­դի­պում­ներ ու­նե­ցաւ Նո­րին Սուրբ Օծու­թիւն Տ. Տ. Արամ Ա. Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տին հետ: Անոնք մի­աս­նա­բար քննար­կե­ցին Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան ու մեր Թե­մին կապ­ուած հար­ցեր: Քննարկ­ուե­ցան Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տին Հոկ­տեմ­բեր 2012-ին կա­տա­րե­լիք Հով­ուա­պե­տա­կան այ­ցե­լու­թեան հետ կապ­ուած ման­րա­մաս­նու­թիւն­ներ: Սա­կայն Սուր­իոյ մէջ տի­րող կա­ցու­թեան պատ­ճա­ռով Վե­հա­փառ Հօր այ­ցե­լու­թիւնը յե­տաձգ­ուե­ցաւ:

Յա­ջորդ հան­դի­պում­նե­րը կեդ­րո­նա­ցան Սուր­իոյ հա­մար կա­տար­ուե­լիք մար­դա­սի­րա­կան օժան­դա­կու­թեանց կապ­ուած մեր Թե­մին մաս­նակ­ցու­թեան վրայ:

Մնա­յուն յա­րա­բե­րու­թիւն մշակ­ուե­ցաւ Մե­ծի Տանն Կի­լիկ­իոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան են­թա­կայ Թե­մե­րուն հետ, ի մաս­նա­ւո­րի` Ամե­րի­կա­յի Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու Արեւմտ­եան եւ Գա­նա­տա­յի Թե­մե­րուն հետ:

Մե­ծի Տանն Կի­լիկ­իոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցի­չի հան­գա­ման­քով Առաջ­նորդ Սրբա­զան Հայ­րը եւ Նա­րեկ Ար­քե­պիս­կո­պոս Ալեէ­մեզ­եան ներ­կա­յա­ցու­ցին Մե­ծի Տանն Կի­լիկ­իոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թիւնը Արե­ւել­եան Ուղ­ղա­փառ Եկե­ղե­ցի­նե­րու եւ Հռո­մէ­ա­կան Կա­թո­ղի­կէ Եկե­ղեց­ւոյ մի­ջեւ Աստ­ուա­ծա­բա­նա­կան երկ­խօ­սու­թեան տա­րե­կան հան­դի­պու­մին, որ տե­ղի ու­նե­ցաւ Վա­տի­կա­նի մէջ:

 

Բ.- ՅԱ­ՐԱ­ԲԵ­ՐՈՒ­ԹԻՒՆ­ՆԵՐ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄ­Ի­ԱԾ­ՆԻ ԵՒ ԱՆՈՐ ԵՆ­ԹԱ­ԿԱՅ ԹԵ­ՄԵ­ՐՈՒՆ ՀԵՏ

 

a5Առաջ­նոր­դը մնա­յուն կա­պի մէջ մնաց Ամե­նայն Հա­յոց Կա­թո­ղի­կոս Նո­րին Սուրբ Օծու­թիւն Տ. Տ. Գա­րե­գին Բ. Հայ­րա­պե­տին հետ, քննար­կե­լով Հայ Եկե­ղեց­ւոյ ներ­կայ կա­ցու­թեան դի­մագ­րա­ւած մար­տա-հ­րա­ւէր­նե­րը եւ ծի­սա­կան ու կա­նո­նա­կան հար­ցե­րը: Սրբա­զան Հայ­րը հան­դի­պում­ներ ու­նե­ցաւ նա­եւ Էջ-մ­ի­ած­նա­կան Թե­մի Առաջ­նորդ` Բարձ­րաշ­նորհ Տ. Խա­ժակ Ար­քե­պիս­կո­պոս Պար­սամ­եա­նին հետ, եւ որ­պէս հա­մա­ա­տե­նա­պետ­ներ Սուրբ Էջմ­ի­ած­նի եւ Մե­ծի Տանն Կի­լիկ­իոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան Երկ­խօ­սու­թեան Յանձ­նա­խում­բին, անոնք քննար­կե­ցին Հա­յաս­տան­եայց Եկե­ղեց­ւոյ եւ ընդ­հան­րա­պէս հա­յու­թեան առն­չուող, ինչ­պէս նա­եւ տե­ղա­կան բնոյթ ու­նե­ցող հար­ցեր: Այս հան­դի­պում­նե­րը մե­ծա­պէս օգ­տա­կար եղան թիւ­րի­մա­ցու­թիւն­ներ յստա­կաց­նե­լու, փո­խա­դարձ սէրն ու յար­գան­քը զօ­րաց­նե­լու, ինչ­պէս նա­եւ որո­նե­լու մար­զեր ուր հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ձե­ւեր կա­րե­լի է ստեղ­ծել:

Գ.- ՄԻՋ-ԵԿԵ­ՂԵ­ՑԱ­ԿԱՆ ՅԱ­ՐԱ­ԲԵ­ՐՈՒ­ԹԻՒՆ­ՆԵՐ

 

Մե­ծի Տանն Կի­լիկ­իոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թիւնը եւ Ամե­րի­կա­յի Արե­ւել­եան Թե­մը բծախնդ­րու­թեամբ առաջ կը տա­նին միջ-եկե­ղե­ցա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ: Անց­նող տար­ուան ըն­թաց­քին այդ յարա­բե­րու­թիւն­նե­րը պահ­ուե­ցան կա­նո­նա­ւոր կեր­պով` Առաջ­նորդ Սրբա­զան Հօր ջան­քե­րով ու մանա­ւանդ Թե­միս Առաջ­նոր­դա­կան Փո­խա­նորդ` Գե­րաշ­նորհ Տ.   a6Անու­շա­ւան Եպիս­կո­պոս Դանի­էլ­եա­նի աշ­խա­տան­քով, որ իր Առաջ­նոր­դա­կան Փո­խա­նոր­դի պաշ­տօ­նին առըն­թեր Մե­ծի Տանն Կի­լիկ­իոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան միջ-եկե­ղե­ցա­կան յա­րա­բե­րու­թեանց ներ­կա­յա­ցու­ցիչն է Ամե­րի­կա­յի Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րուն մէջ եւ կը մաս­նակ­ցի Հա­մաշ­խար­հա­յին Եկե­ղե­ցի­նե­րու Խոր­հուր­դի Ամե­րի­կա­յի բա­ժան­մուն­քի` WCC-ի Faith and Order Commission-ի ժո­ղով­նե­րուն:

Անու­շա­ւան Սրբա­զա­նին միջ-եկե­ղե­ցա­կան գոր­ծու­նէ­ու­թեան ժա­մա­նա­կագ­րա­կան ցու­ցա­կը կա­րե­լի է տես­նել Ազ­գա­յին Վար­չու­թեան տե­ղե­կագ­րին (Գլուխ II, D.) մէջ:

 

 

 

Դ.- ԱՌԱՋ­ՆՈՐԴ ՍՐԲԱ­ԶԱՆ ՀՕՐ ԱՅ­ՑԵ­ԼՈՒ­ԹԻՒՆ­ՆԵ­ՐԸ

Բա­րե­ջան Առաջ­նոր­դը իր այ­ցե­լու­թիւն­նե­րով եւ հայ­րա­կան յոր­դոր­նե­րով բա­ւա­րա­րեց գա­ղութ­նե­րու պա­հանջք­նե­րը: Այս այ­ցե­լու­թիւն­նե­րը յա­տուկ առիթ­ներ եղան խան­դա­վա­ռու­թիւն եւ հո­գե­ւոր վե­րա­նո­րո­գու­թեան ապ­րում­ներ ստեղ­ծե­լու մեր ժո­ղո­վուր­դին մօտ:

Առաջ­նոր­դա­կան Փո­խա­նորդ Եպիս­կո­պոս Անու­շա­ւան Սրբա­զան Դանի­էլ­եան, ի յե­տե­ւումն Առաջ­նորդ Սրբա­զան Հօր թե­լադ­րանք­նե­րուն եւ ցուց­մունք­նե­րուն` պար­բե­րա­կան այ­ցե­լու­թիւն­ներ տուաւ զա­նա­զան գա­ղութ­նե­րու այդ առի­թով ստեղ­ծե­լով խան­դա­վա­ռու­թիւն եւ հա­ւա­տար­մու­թիւն Առաջ­նոր­դա­րա­նիս հան­դէպ:

 

Զ.- ՀՈ­ԳԵ­ՒՈ­ՐԱ­ԿԱ­ՆԱՑ ՀԱՆ­ԴԻ­ՊՈՒՄ­ՆԵՐ

Այս տա­րի Սրբոց Ղե­ւոնդ­եանց տօ­նին առի­թով Ամե­րի­կա­յի Արե­ւել­եան եւ Արեւմտ­եան թե­մե­րուն եւ Գա­նա­տա­յի թե­մին մի­աց­եալ հա­մա­գու­մա­րը տե­ղի ու­նե­ցաւ Սան Ֆրան­սիս­քո­յի Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ Եկե­ղեց­ւոյ յար­կին տակ, Յուն­ուար 28-30, հիւ­րըն­կա­լու­թեամբ Ամե­րի­կա­յի Արեւմտ­եան թե­մին եւ նա­խա­գա­հու­թեամբ երեք թե­մե­րու առաջ­նորդ­նե­րուն` Բարձ­րաշ­նորհ Տ. Օշա­կան Ար­քե­պիս­կո­պոս Չօ­լոյ­եա­նի, Տ. Խա­ժակ Ար­քե­պիս­կո­պոս Յա­կոբ­եա­նի եւ Տ. Մու­շեղ Ար­քե­պիս­կո­պոս Մար­տի­րոս­եա­նի:

a8Եկե­ղե­ցա­կան արա­րո­ղու­թիւն­նե­րու եւ աղօ­թա­կան խորհր­դա­ծու­թեան պա­հե­րու ընդ­մէ­ջէն երեք թե­մե­րու հո­գե­ւոր հայ­րե­րը ապ­րե­ցան եւ ար­ժե­ւո­րե­ցին իրենց հո­գե­ւո­րա­կա­նի կեան­քը, միշտ նպա­տակ ու­նե­նա­լով հո­գե­պէս ինք­զինք հարս­տաց­նե­լով` ծա­ռա­յել մեր ժո­ղո­վուր­դի հո­գե­ւոր կեան­քի պայ­ծա­ռաց­ման:

Հո­գե­ւո­րա­կա­նի առօր­եայ կեան­քին առնչ­ուած զա­նա­զան հար­ցեր քննար­կե­լէ ետք, յա­տուկ ու­շադ­րու­թեան առար­կայ դար­ձաւ Արամ Ա. Կա­թո­ղի­կո­սի 2013 տար­ուան պատ­գա­մը, որ նուիր­ուած էր Հայ Մօր: Թե­լադր­ուե­ցաւ որ կա­րե­լի չա­փով իւ­րա­քան­չիւր թեմ կազ­մա­կեր­պէ դա­սա­խօ­սա­կան երե­կո­ներ եւ մի­աս­նա­բար կա­տա­րեն հրա­տա­րա­կու­թիւն մը` հայ մօր նուիր­ուած:

Սրբոց Ղե­ւոնդ­եանց տօ­նին առի­թով այս տե­սա­կի հա­մա­գու­մար­նե­րը լա­ւա­գոյն առիթն են անդ­րա­դառ­նա­լու հո­գե­ւո­րա­կա­նի մեր պար­տա­ւո­րու­թեանց եւ առա­քե­լու­թեան, առա­ւել չա­փով եւ պա­տաս­խա­նա­տուու­թեամբ ծա­ռա­յե­լու հա­մար մեր ժո­ղո­վուր­դին` Հայ Եկե­ղեց­ւոյ ճամ­բով:

 

Է.- ԿՐՕ­ՆԱ­ԿԱՆ ԴԱՍՏ­Ի­Ա­ՐԱ­ԿՈՒ­ԹԻՒՆ ԵՒ ԴԱ­ՍԱ­ԽՕ­ՍՈՒ­ԹԻՒՆ­ՆԵՐ

Թե­մի կրօ­նա­կան եւ դաստ­ի­ա­րակ­չա­կան աշ­խա­տանք­ներն ու ծրա­գիր­նե­րը կ՛իրա­կա­նաց­ուին Ազ­գա­յին Առաջ­նոր­դա­րա­նի Կրօ­նա­կան Դաստ­ի­ա­րա­կու­թեան գրա­սեն­եա­կին կող­մէ, որուն վա­րիչ քար­տու­ղարն է Բա­րեշ­նորհ Շանթ Աւագ Սար­կա­ւագ Գա­զանճ­եա­նը:

a9Կրօ­նա­կան դաստ­ի­ա­րա­կու­թիւնը կը հան­դի­սա­նայ Առաջ­նոր­դա­րա­նիս կա­րե­ւոր առա­քե­լու­թիւն­նե­րէն մէ­կը, որուն հա­մար թէ՛ Առաջ­նոր­դա­րա­նը եւ թէ՛ մեր բո­լոր հա­մայնք­նե­րը կը գոր­ծադ­րեն ու կ՛իրա­կա­նաց­նեն ծրագր­ուած բո­լոր աշ­խա­տանք­նե­րը: Ըլ­լա՛յ Աւե­տա­րա­նի ճշմար­տու­թեանց տա­րա­ծու­մը եւ այս նպա­տա­կով նուիր­եալ ան­ձե­րու պատ­րաս­տու­թիւնը, ըլ­լա՛յ պա­տա­նի­նե­րու մօտ հա­ւատ­քի նե­րար­կու­մը եւ ըլ­լա՛յ գործ­նա­կան նպա­տակ­նե­րով օգ­տա­կար գիր­քե­րու հրա­տա­րա­կու­թիւնը կո­րի­զը կը կազ­մեն այն կեն­սա­կան աշ­խա­տան­քին, որով Թեմս կը ջա­նայ քրիս­տո­նէ­ա­կան հա­ւատ­քը վառ պա­հել եւ տա­րա­ծել մեր հա­ւա­տաց­եալ­նե­րուն մէջ:

Առաջ­նորդ Սրբա­զան Հօր հո­վա­նա­ւո­րու­թեամԲ, Կրօ­նա­կան Դաստ­ի­ա­րա­կու­թեան բա­ժան­մուն­քի կազ­մա­կեր­պու­թեամբ եւ Առաջ­նոր­դա­րա­նի ու Ս. Լու­սա­ւո­րիչ Մայր Եկե­ղեց­ւոյ Տիկ­նանց Միու­թեանց օժան­դա­կու­թեամբ, այս տա­րի եւս տե­ղի ու­նե­ցաւ Մեծ Պա­հոց դա­սա­խօ­սա­կան շար­քը` Ս. Լու­սա­ւո­րիչ Մայր Եկե­ղեց­ւոյ մէջ:

Այս տար­ուան դա­սա­խօ­սա­կան շար­քը նուիր­ուած էր Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տին “Հայ Մօր Տա­րի“ հռչա­կագ­րին:

Ազ­գա­յին Առաջ­նոր­դա­րա­նի Ս. Գրի­գոր Տա­թե­ւա­ցի ամառնա­յին լսա­րա­նի 26-րդ տար­ուան դա­սըն­թացք­նե­րը տե­ղի ու­նե­ցան Յու­լիս 1-8, 2012-ին, Էլ­վըր­սըն, Փեն­սիլ­վան­իա­յի մէջ: Ու­սա­նող­նե­րուն ընդ­հա­նուր թիւն էր` 65 դա­սա­ւանդ­ուած նիւ­թերն էին` նե­րա­ծու­թիւն Հին եւ Նոր Կտա­կա­րան­նե­րու, սուրբ պա­տա­րագ, հայ եկե­ղեց­ւոյ պատ­մու­թիւն, եօ­թը խոր­հուրդ­ներ, ժա­մեր­գու­թիւն­ներ եւ յա­տուկ արա­րո­ղու­թիւն­ներ, բա­րո­յա­գի­տու­թիւն, մա­տե­նագ­րու­թիւն, սուրբք եւ տօնք, ըն­կե­րա­յին եւ երի­տա­սար­դա­կան հար­ցեր: Օգ­տա­կար եւ քա­ջա­լե­րա­կան էր նա­եւ ներ­կա­յու­թիւնն ու ներդ­րու­մը հիւր դա­սա­խօս­նե­րու` Հայր Փօլ Թա­րազիի (Նիւ Եոր­քի Սուրբ Վլա­տի­միր ուղ­ղա­փառ աստ­ուա­ծա­բա­նա­կան դպրե­վան­քէն), Տքթ. Վա­հան Գու­յումճ­եան եւ Դոկտ. Վար­դան Մատ­թէ­ոս­եան:

 

 

ԲԱ­ՐԵ­ՋԱՆ ԱՌԱՋ­ՆՈՐԴ ՉՕ­ԼՈՅ­ԵԱ­ՆԻ ՊԱՏ­ԳԱ­ՄԸ` ԱԶ­ԳԱ­ՅԻՆ ԵՐԵՍ­ՓՈ­ԽԱ­ՆԱ­ԿԱՆ ԺՈ­ՂՈ­ՎԻՆ

 

Գե­րաշ­նորհ եւ ար­ժա­նա­պա­տիւ հո­գե­ւոր եղ­բայր­ներ,

Մե­ծա­յարգ հիւ­րեր եւ ժո­ղո­վա­կան­ներ,

Քրիս­տո­նէ­ա­կան եւ հայ­րա­կան ջերմ սի­րով կ՛ող­ջու­նեմ ձեզ բո­լորդ, Ամե­րի­կա­յի Արե­ւել­եան Թե­մի Երես­փո­խա­նա­կան այս պատ­կա­ռե­լի Ժո­ղո­վին առի­թով: Սրտա­գին աղօթքս է, որ ժո­ղո­վա­կան մեր նիս­տե­րը ըն­թա­նան հե­զա­սահ, ար­դիւ­նա­լից եւ օգ­տա­շատ` մեր մտա­ծում­ներն ու մտա­հո­գու­թիւն­նե­րը կեդ­րո­նաց­նե­լով մեր եկե­ղեց­ւոյ ու ժո­ղո­վուր­դին յա­ռաջ­դի­մու­թեան, հո­գե­ւոր ու ազ­գա­յին կեան­քի կեն­սու­նա­կու­թեան, եւ մեր աշ­խա­տան­քին ու առա­քե­լու­թեան նպա­տա­կաս­լաց ճի­գե­րուն վրայ:

a10  Ամէն բա­նէ առաջ փառք կու տամ ամե­նա­կալ Աս­տու­ծոյ, որուն շնորհ­քին տակ կրցանք որ­պէս Թեմ` մեր բո­լոր հա­մայնք­նե­րով, ան­ցը­նել մեր եկե­ղե­ցա-ազ­գա­յին կեան­քը մէկ կող­մէ բար­ւոք ու խա­ղաղ, յա­ջո­ղու­թեամբ լե­ցուն ու բար­գա­ւաճ, եւ միւս կող­մէ միշտ ջա­նա­լով դի­մագ­րա­ւել դժուա­րու­թիւն­նե­րը լա­ւա­տես լու­ծում­նե­րով ու դրա­կան ար­դիւն­քով: Փառք Ամե­նա­կա­լին զօ­րու­թեան ու շնորհ­քին:

Որդ­ի­ա­կան երախ­տա­գի­տու­թեան զգա­ցում­նե­րով շնոր­հա­կա­լու­թիւն կը յայտ­նեմ Մե­ծի Տանն Կի­լիկ­իոյ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տին, Նո­րին Սուրբ Օծու­թեան Տ.Տ. Արամ Ա. Կա­թո­ղի­կո­սին, իր ցու­ցա­բե­րած հայ­րա­կան հո­գա­ծու­թեան հա­մար: Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տին մտա­ծում­նե­րը, թե­լադ­րու­թիւն­նե­րը, ցուց­մունք­ներն ու խոր­հուրդ­նե­րը մե­ծա­պէս նպաս­տե­ցին մեր ար­դիւ­նա­ւոր գոր­ծու­նէ­ու­թեան: Հա­կա­ռակ մեր ծրագ­րում­նե­րուն, անց­եալ տար­ուան հա­մար նա­խա­տես­ուած հայ­րա­պե­տա­կան իր այ­ցե­լու­թիւնը չկրցանք իրա­կանց­նել` Սուր­իոյ մէջ տի­րող քա­ղա­քաց­ի­ա­կան կռիւ­նե­րուն եւ ապա­հո­վա­կան դժուա­րին պայ­ման­նե­րուն բե­րու­մով: Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը, որ­պէս գուր­գու­րա­ցող ու մտա­հո­գուող հով­ուա­պետ, ի՛նք յե­տաձ­գեց մեր Թե­մին տա­լիք հով­ուա­պե­տա­կան իր այ­ցե­լու­թիւնը, որ­պէս­զի մօ­տէն հե­տե­ւէր մեր պատ­մա­կան մայր գա­ղու­թին եւ ժո­ղո­վուր­դին ամե­նօր­եայ կեան­քին եւ ջա­նար իր իմաս­տու­թեամբ ու փոր­ձա­ռու­թեամբ ուղ­ղու­թիւն տալ վի­րա­ւոր ու տա­ռա­պող Սուր­իոյ զա­նա­զան շրջան­նե­րուն մէջ գտնուող գա­ղութ­նե­րուն: Մե­զի գոր­ծա­կից կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րուն հետ մեր բո­լոր հա­մայնք­նե­րուն մէջ Սուր­ի­ա­հա­յու­թեան օգ­նու­թեան հա­մար կազ­մա­կերպ­ուե­ցան հան­գա­նա­կու­թեան ար­շաւ­ներ: Շնոր­հա­կա­լու­թիւն բո­լոր անոնց որոնք Սուր­իոյ վէր­քին ցա­ւը զգա­ցին որ­պէս զի­րենք յու­զող ու տագ­նա­պեց­նող ցաւ եւ իրենց նուի­րա­տուու­թեամբ օժան­դա­կե­ցին բազ­մա­զան ու զա­նա­զան կա­րիք­նե­րու գո­հաց­ման: Մեր ամե­նօր­եայ աղօթքն է, որ Աստ­ուած իմաս­տու­թիւն պար­գե­ւէ աշ­խար­հի ղե­կա­վար­նե­րուն, խա­ղա­ղու­թիւն շնոր­հէ Սուր­իոյ, որ­պէս­զի բնա­կա­նոն կա­ցու­թեան մէջ վերսկ­սին իրենց շի­նա­րար կեան­քը` բար­գա­ւա­ճու­թեամբ ու յա­ռաջ­դի­մու­թեամբ: Կը յու­սանք նա­եւ, որ Սուր­իոյ տագ­նա­պին լու­ծու­մէն ետք, Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը հով­ուա­պե­տա­կան իր այ­ցե­լու­թիւնը շնոր­հէ Ամե­րի­կայ Արե­ւել­եան մեր Թե­մին:a11

Եղ­բայ­րա­կան ող­ջոյ­նի խօսք ու­նիմ Ամե­րի­կա­յի Արեւմտ­եան Թե­մի Առաջ­նորդ` Բարձ­րաշ­նորհ Տ. Մու­շեղ Ար­քե­պիսկ­պոս Մար­տի­րոս­եա­նին եւ Քա­նա­տա­յի Թե­մի Առաջ­նորդ` Բարձ­րաշ­նորհ Տ. Խա­ժակ Ար­քե­պիս­կո­պոս Յա­կոբ­եա­նին, որոնց հետ մեր յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը եղան շատ մտե­րիմ ու եղ­բայ­րա­կան: Սրտանց իրենց կը մաղ­թենք յա­ջո­ղու­թիւն, աստ­ուա­ծա­հա­ճոյ իրենց առա­քե­լու­թիւնը ար­դիւ­նա­ւո­րու­թեամբ առաջ տա­նե­լու հա­մար` մեր եկե­ղեց­ւոյ ու ժո­ղո­վուր­դին բար­ւո­քու­թեան եւ վե­րել­քին հա­մար:

Եղ­բայ­րա­կան ող­ջոյն­ներ Էջմ­ի­ած­նա­կան Թե­մի Առաջ­նորդ` Բարձ­րաշ­նորհ Տ. Խա­ժակ Ար­քե­պիս­կո­պոս Պար­սամ­եա­նին, որուն հետ մեր յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը եղան հե­զա­սահ եւ ջա­նա­ցինք սի­րա­լիր մթնո­լոր­տի մէջ նպաս­տել Հայ Եկե­ղեց­ւոյ ներ­քին կեան­քին ամ­րապնդ­ման:

Յա­նուն Ազ­գա­յին Վար­չու­թեան Կրօ­նա­կան եւ Վար­չա­կան Ժո­ղով­նե­րուն, մեր Թե­մի եկե­ղե­ցա­կան բո­լոր հա­մայնք­նե­րուն եւ հա­ւա­տաց­եալ­նե­րուն, յա­տուկ ող­ջոյ­նի եւ շնոր­հա­կա­լու­թեան խօսք ու­նիմ Ուա­շինկ­թը­նի եւ շրջա­կայ­քի Սուրբ Խաչ եկե­ղեց­ւոյ Հո­գե­ւոր Հովիւին` Ար­ժա­նա­պա­տիւ Տէր Սար­գիս Քա­հա­նայ Ագ­թա­ւուգ­եա­նին, Հո­գա­բար­ձու­թեան եւ յա­րա­կից մար­մին­նե­րուն, որոնք կը հիւ­րըն­կա­լեն ներ­կայ Երես­փո­խա­նա­կան Ժո­ղո­վը եւ մեր կե­ցու­թիւնը կը դարձ­նեն հան­գիստ եւ հա­ճե­լի:a12

Երախ­տա­գի­տա­կան զգա­ցում­նե­րով շնոր­հա­կա­լու­թիւն կը յայտ­նեմ Առաջ­նոր­դա­կան Փո­խա­նորդ` Գե­րաշ­նորհ Տ. Անու­շա­ւան Եպիս­կո­պոս Դանի­էլ­եա­նին, մեր Թե­մի բո­լոր Հո­գե­ւոր Հո­վիւ­նե­րուն, ինչ­պէս նա­եւ Կրօ­նա­կան եւ Վար­չա­կան Ժո­ղով­նե­րու ան­դամ­նե­րուն, Հո­գա­բար­ձու­թիւն­նե­րուն, մեր հա­մայնք­նե­րու հա­ւա­տաց­եալ­նե­րուն եւ բո­լոր նուիր­եալ ազ­գա­յին­նե­րուն, որոնք հա­ւա­տար­մու­թեամբ եւ ջա­նա­սի­րու­թեամբ` ներ­դաշ­նակ եւ ար­դիւ­նա­լից ճի­գե­րով նե­ցուկ կը կանգ­նին մեր ծրա­գիր­նե­րուն եւ առա­ջադ­րու­թիւն­նե­րուն:

 

* * *

 

Ինչ­պէս բո­լորս գի­տենք, 2013 տա­րին Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տին կող­մէ հռչակ­ուե­ցաւ “Հայ Մօր Տա­րի“: Եր­կար դա­րե­րու Հայ Ժո­ղո­վուր­դին ու­նե­ցած փոր­ձու­թեամբ հաս­տատ­ուած ճշմար­տու­թիւն է որ Հայ ըն­տա­նի­քի մայ­րը աստ­ուա­ծա­տուր առա­քե­լու­թիւնը ու­նի ոչ թէ միայն իր ըն­տա­նի­քի ան­դամ­նե­րուն ֆի­զի­քա­կան առող­ջու­թեան եւ տո­կուն կազ­մա­ւոր­ման հա­մար, այլ նա­եւ անոնց հո­գե­ւոր ու մտա­ւոր զար­գաց­ման, մարդ­կայ­նա­կան ու ազ­գա­յին կրթու­թեան եւ դաստ­ի­ա­րա­կու­թեան: Հայ ըն­տա­նի­քի մայ­րը ըն­տա­նի­քի կեն­սու­նա­կու­թեան, բա­րո­յա­կան ար­ժէք­նե­րու մաք­րա­մա­քուր հաս­կա­ցո­ղու­թեան կեր­տիչն է: Մարդ­կա­յին նկա­րա­գի­րը, Աս­տու­ծոյ պատ­կե­րը մեր մէջ անեղծ պա­հո­ղը եւ ըն­տա­նիք հաս­կա­ցո­ղու­թեան սրբու­թեան վի­ճա­կին բարձ­րաց­նո­ղը Հայ ըն­տա­նի­քի մայրն է, որուն այն­քա՜ն երախ­տա­պարտ ու շնոր­հա­կալ պէտք է ըլ­լանք: Անի­կա Հայ ըն­տա­նի­քը եկե­ղեց­ւոյ չափ սրբու­թեան վե­րա­ծող հրա­շա­գործ ոյժն է, ուր պի­տի ծնին, աճին ու զար­գա­նան յա­ջորդ սե­րունդ­նե­րը:

a13  Ահա այս նոյն դե­րա­կա­տա­րու­թիւնը ստանձ­նած է Հայ Եկե­ղե­ցին, մեր մայր եկե­ղե­ցին: Հայ Եկե­ղե­ցին մեր ժո­ղո­վուր­դին տուած է այն բո­լոր հո­գա­ծու­թիւնն ու գուր­գու­րան­քը, որ մայր մը կրնայ տալ իր ըն­տա­նի­քին:

Ինչ­պէս մայ­րը կը կազ­մա­ւո­րէ իր երե­խան, նոյն­պէս ալ Հայ Եկե­ղե­ցին կազ­մա­ւո­րած է մեր ազ­գը իր հո­գե­ւոր ու մշա­կու­թա­յին ար­ժէք­նե­րով ու հարս­տու­թեամբ: Հայ Եկե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր աւա­զա­նէն, այ­սինքն մկրտու­թեամբ ստա­ցած են նոր կեանք: Հայ Եկե­ղեց­ւոյ խուն­կով ու աղօթ­քով, մո­մով ու շա­րա­կա­նով ստա­ցած ենք հա­յու ոգին, եւ Հայ Եկե­ղեց­ւոյ սպա­սա­ւոր­նե­րու տքնա­ջան նուի­րու­մով դրոշմ­ուած են մեր դի­մա­գի­ծը, լե­զուն ու հա­ւատ­քը: Հայ Եկե­ղե­ցին երկ­նա­ռաք պար­գեւն է տրուած Հայ ժո­ղո­վուր­դին: Անի­կա մեզ ի մի պա­հած է դա­րե­րով, եւ հա­մա­տա­րած հա­յու­թիւնը փրկած տարտղ­նու­մէ ու ձու­լու­մէ‘ դառ­նա­լով հո­գե­ւոր ու ազ­գա­յին զօ­րու­թիւն ու ամ­րոց, ճիշդ այն­պէս ինչ­պէս հայ ըն­տա­նի­քի մայ­րը սիւնն է եւ աղ­բիւ­րը ըն­տա­նի­քի զօ­րու­թեան:

Եւ երբ ըն­տա­նի­քը զօ­րա­ւոր է, ազգն ալ զօ­րա­ւոր կը դառ­նայ, կը դի­մա­նայ ու կը ստեղ­ծա­գոր­ծէ:

Մեր Թե­մի գա­ղութ­ներն ալ մեր Թե­մին ըն­տա­նիք­ներն են, ուր եկե­ղեց­ւոյ յա­րա­կից, քոյր ու գոր­ծա­կից կազ­մա­կեր­պու­թիւն­ներն ու միու­թիւն­նե­րը իրենց ներ­դաշ­նակ ու հա­մե­րաշխ գոր­ծու­նէ­ու­թեամբ կրնան աշ­խու­ժաց­նել ու զօ­րաց­նել մեր հո­գե­ւոր ու ազ­գա­յին կեան­քը: Ինչ­պէս ազ­գի մը ու­ժա­կա­նու­թիւնն ու ճա­ռա­գայ­թու­մը ըն­տա­նի­քի առող­ջու­թե­նէն կախ­եալ է, նոյն ձե­ւով ալ մեր Թե­մին, մեր հա­մայնք­նե­րուն ազ­դու գոր­ծու­նէ­ու­թիւնը կախ­եալ է մեր կա­ռոյց­նե­րու կեն­սու­նա­կու­թե­նէն եւ նպա­տա­կաս­լաց գոր­ծու­նէ­ու­թե­նէն:

Հա­ւա­նա­բար ըսե­լիքս շա­տերդ լաւ գի­տէք. այ­սու­հան­դերձ հա­մես­տօ­րէն կ՛ու­զեմ կրկնել, թար­մաց­նե­լու հա­մար մեր եկե­ղեցի­էն եւ կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րէն պա­հանջ­ուած դե­րա­կա­տա­րու­թեան ոգին:

Ո՞ւր կը կա­յա­նայ, ի՞նչ են նա­խա­պայ­ման­նե­րը մեր աշ­խա­տան­քին ար­դիւ­նա­ւոր­ման: Հար­ցում­ներ, որոնց պա­տաս­խա­նը մի­ա­տեղ տես­նե­լով ու քննե­լով, կրնանք նպաս­տել մեր հա­մայնք­նե­րուն, Թե­մին, եկե­ղեց­ւոյ ու ազ­գին վե­րել­քին:a14

1.- Ղե­կա­վա­րու­թիւն: Ոե­ւէ հա­ւա­քա­կա­նու­թեան, ազ­գի ու երկ­րի տո­կու­նու­թեան, զօ­րու­թեան եւ յա­ռաջ­դի­մու­թեան նա­խա­պայ­մա­նը ու­նե­նալն է իմաս­տուն, հե­ռա­տես ու պայ­ծա­ռա­տես ղե­կա­վա­րու­թիւն: Առանց ղե­կա­վա­րու­թեան մշտա­կան եւ հե­տե­ւո­ղա­կան աշ­խա­տան­քին, ան­ձանձ­րոյթ եւ ամ­բող­ջա­կան նուի­րու­մին կա­րե­լի չէ ամուր հի­մե­րու վրայ դնել ոե­ւէ կազ­մա­կեր­պու­թիւն, մեր պա­րա­գա­յին` մե­զի յանձն­ուած Հայ Եկե­ղե­ցին: Ծա­նօթ ենք մեր Թե­մի ղե­կա­վա­րու­թեան բրգա­ձեւ աս­տի­ճա­նա­ւո­րում­նե­րուն, որ կը սկսի Թե­միս Ազ­գա­յին Երես­փո­խա­նա­կան Ժո­ղո­վէն, որ­պէս օրէնս­դիր մար­մին, ապա կ՛անց­նի գոր­ծա­դիր իշ­խա­նու­թեան‘ Ազ­գա­յին Վար­չու­թեան Կրօ­նա­կան եւ Վար­չա­կան Ժո­ղով­նե­րուն եւ կը յան­գի հո­գա­բար­ձու­թեանց, որոնք մեր հա­մայնք­նե­րուն աշ­խա­տանք­նե­րուն ծրագ­րող­ներն են, հե­տապն­դող­նե­րը եւ իրա­գոր­ծող­նե­րը:

Հե­տե­ւա­բար, երբ մեր եկե­ղե­ցա­կան ու թե­մա­կան կեան­քին մէջ ղե­կա­վա­րու­թիւն կ՛ըսենք, կը հասկ­նանք այս եռաս­տի­ճան պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւն­նե­րը: Երես­փո­խան, վար­չա­կան թէ հո­գա­բար­ձու անհ­րա­ժեշտ է որ գոր­ծեն իրենց առա­քե­լու­թեան հա­ւա­տա­լով, իրենց աշ­խա­տան­քին նուիր­ուե­լով եւ մա­նա­ւանդ ներ­դաշ­նա­կե­լով իրենց գոր­ծու­նէ­ու­թիւնը նախ իրա­րու հետ, Առաջ­նոր­դին եւ Հո­գե­ւոր հայ­րե­րուն հետ եւ ապա մե­զի գոր­ծա­կից կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րուն հետ, ըլ­լան անոնք քա­ղա­քա­կան, կրթա­կան-մշա­կու­թա­յին, երի­տա­սար­դա­կան-մար­զա­կան: Մե­րօր­եայ կեան­քի զա­նա­զան մտա­հո­գու­թիւն­նե­րուն, ժա­մա­նա­կի սղու­թեան, տնտե­սա­կան անձ­կու­թեան եւ այլ պատ­ճառ­նե­րու բե­րու­մով այ­սօր կը տեսն­ուի նուազ պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւն` ծա­ռա­յե­լու մեր Թե­մէն ներս գոր­ծող ոե­ւէ կազ­մա­կեր­պու­թեան կամ միու­թեան մէջ:

Ան­դա­մա­կան ժո­ղով­նե­րէն սկսեալ մին­չեւ Ազ­գա­յին Երես­փո­խա­նա­կան ժո­ղով կը դի­մագ­րա­ւենք այս իրա­կա­նու­թիւնը: Եր­բեմ­նի կայ­տառ ու աշ­խոյժ հա­մայնք­ներ կը դժուա­րա­նան հո­գա­բար­ձու կամ երես­փո­խա­նա­կան ընտ­րա­կան ցան­կին վրայ ու­նե­նե­լու, ինչ որ առանց այ­լե­ւայ­լի կը դժուա­րաց­նէ հա­մայնք­նե­րու աշ­խա­տան­քը: Դժուա­րու­թեանց եւ այս վի­ճա­կին մատ­նան­շու­մը պէտք չէ առ­նենք որ­պէս թե­րու­թիւն, ընդ­հա­կա­ռա­կը, պէտք է նկա­տենք մար­տահ­րա­ւէր` տկա­րու­թիւն­ներն ու թե­րու­թիւն­նե­րը փա­րա­տե­լու եւ աւե­լի կազ­մա­կերպ կեան­քի լծուե­լու: Մե­ծա­գոյն դար­մա­նը քրիս­տո­նէ­ա­կան այն ազն­ուա­գոյն առա­քի­նու­թիւնն է որ մեր Տէ­րը Քրիս­տոս մե­զի փո­խան­ցեց: Սի­րել զի­րար եւ սի­րել իր եկե­ղե­ցին: Հոն ուր սէր կայ, խնդու­թիւն եւ ու­րա­խու­թիւն կայ, կո­րով ու ծաղ­կում կայ, ու մենք որ­պէս Հայ Եկե­ղեց­ւոյ զա­ւակ­ներ` սի­րոյ այս զգա­ցու­մով պէտք է մօ­տե­նանք մեր ազ­գին ու եկե­ղեց­ւոյ` սա­տա­րե­լու հա­մար անոնց ծաղ­կու­մին:

2.- Դաստ­ի­ա­րա­կու­թիւն եւ ու­սու­ցում : Սէ­րը իր պա­րարտ հո­ղը կը գտնէ մեր եկե­ղեց­ւոյ ճա­նա­չու­մին եւ գի­տու­թեան մէջ, մա­նա­ւանդ երբ լա­ւա­պէս ճանչ­նանք մեր եկե­ղե­ցին, անոր իւ­րա­յատ­կու­թիւն­նե­րը -ծի­սա­կան, արա­րո­ղա­կան, աստ­ուա­ծա­բա­նա­կան- դա­րե­րու ըն­թաց­քին մեր ժո­ղո­վուր­դին տուած իր ծա­ռա­յու­թիւնը, հո­գա­տա­րու­թիւնն ու մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թիւնը: Դժբախ­տա­բար ամէն տեղ չու­նինք ծխա­կան վար­ժա­րան­ներ, ինչ­պէս Մի­ջին Արե­ւել­եան եր­կիր­նե­րուն մէջ, ուր կրօ­նա­գի­տու­թիւն եւ Հայ Եկե­ղեց­ւոյ պատ­մու­թիւն կ՛ու­սուց­ուի վար­ժա­րաննե­րու մէջ, ուր նա­եւ ըն­կե­րա­յին կեան­քի հա­յա­բոյր յա­րա­բե­րու­թեան մնա­յուն ներ­կա­յու­թիւնը մեր տու­նե­րէն, դպրոց­նե­րէն, ակումբ­նե­րէն եւ միու­թիւն­նե­րէն ներս մեզ առա­ւել տեղ­եակ կը պա­հեն եկե­ղեց­ւոյ կեան­քին: Ահա հոս է մար­տահ­րա­ւէ­րը ուղղ­ուած մեր ղե­կա­վա­րու­թեան, բո­լոր մա­կար­դակ­նե­րուն վրայ: Կա­րի­քը, բա­րե­բախ­տա­բար, մեզ մղած է օգ­տա­գոր­ծե­լու բո­լոր այն կա­րե­լիու­թիւն­նե­րը, որոնք կը մի­տին հարս­տաց­նե­լու մեր կրօ­նա­կան ու եկե­ղե­ցա­կան գի­տե­լիք­նե­րը: Անհ­րա­ժեշտ է որ ամէն հա­մայնք ու­նե­նայ իր կի­րակ­նօր­եայ եւ շա­բա­թօր­եայ դպրոց­նե­րը, ու­սու­ցա­նե­լու հա­մար հո­գե­ւոր ու ազ­գա­յին գի­տե­լիք­ներ: Դպրոց­նե­րուն առըն­թեր ու­րախ ենք յայտ­նե­լու որ Սուրբ Գիր­քի սեր­տո­ղու­թիւն­ներ կը կա­տար­ուին, Հայ Եկե­ղեց­ւոյ ծի­սա­կան եւ արա­րո­ղա­կան կեան­քին բա­ցատ­րու­թիւն­ներ կը տրուին, դա­սա­խօ­սա­կան շար­քեր կը կազ­մա­կերպ­ուին եւ զա­նա­զան ձեռ­նարկ­ներ կը ծրագր­ուին: Մեր Թե­մի այն հա­մայն­քը, որ ու­նի այս եւ նման տե­սա­կի ծրա­գիր­ներ` նա­խան­ձե­լի է: Մեր թե­լադ­րու­թիւնն է որ ասի­կա գո­յու­թիւն ու­նե­նայ մեր բո­լոր հա­մայնք­նե­րէն ներս եւ ուղղ­ուած ըլ­լայ բո­լո­րին անխ­տիր, այ­սինքն երե­խա­յին, պա­տա- նի­ին, երի­տա­սար­դին ու տա­րե­ցին: Ոե­ւէ խումբ պէտք չէ ինք­զինք զրկուած զգայ:

a15  Ծրա­գիր­նե­րը բո­լո­րիս հա­մար են, եւ որ­քան գի­տու­թիւն ամ­բա­րենք, որ­քան Հայ եկե­ղեց­ւոյ պատ­մու­թեան իմա­ցու­թիւնը իր բո­լոր երես­նե­րով մեր սե­փա­կա­նու­թիւնը դարձ­նենք, այն­քան աւե­լի սի­րով կը կապ­ուինք մեր անն­ման եկե­ղեց­ւոյ եւ յա­ւեր­ժու­թեան կ՛եր­թանք որ­պէս ազգ, ըն­թա­նա­լով “դէ­պի եր­կինք բարձ­րա­ցող գաղտ­նի ճամ­բա­յէն“, ինչ­պէս բա­նաս­տեղ­ծը կ՛ըսէ:

Ժա­մա­նակն է որ օգ­տա­գոր­ծենք հա­ղոր­դակ­ցու­թեան ար­դի բո­լոր մի­ջոց­նե­րը, որ­պէս­զի ղե­կա­վա­րու­թիւն եւ հա­ւա­տաց­եալ մնա­յուն եւ ան­մի­ջա­կան կա­պի մէջ մնան: Ժա­մա­նակն է որ մեր տա­ղան­դա­ւոր եւ զա­նա­զան ձիր­քե­րով օժտ­ուած երի­տա­սարդ­նե­րը, նոյ­նիսկ պա­տա­նի­նե­րը, դառ­նան խորհր­դա­տու հո­գե­ւոր հո­վիւ­նե­րուն, որ­պէս­զի թեք­նո­լոճիի բա­րիք­նե­րը վա­յե­լեն թէ՛ ղե­կա­վա­րու­թիւնը եւ թէ՛ Հայ Եկե­ղեց­ւոյ զա­ւակ­նե­րը:a16

3.- Վեր­ջա­պէս, եր­րորդ, երբ ու­նինք սէր մեր եկե­ղեց­ւոյ նկատ­մամբ, երբ ճա­նա­չու­մը եւ գի­տու­թիւնը ու­նինք մեր եկե­ղե­ցա­կան-ազ­գա­յին կեան­քին, անհ­րա­ժեշտ է ու­նե­նալ մեր ժո­ղո­վուր­դի զա­ւակ­նե­րուն ներ­կա­յու­թիւնը եւ մաս­նակ­ցու­թիւնը եկե­ղեց­ւոյ կեան­քին: Մեր ծնող­նե­րը եւ մեծ-ծնող­նե­րը հա­զար-հա­զար դժուա­րու­թիւն­նե­րով, բայց տե­սիլ­քով ու սէ­րով մե­զի ժա­ռանգ ձգե­ցին մեր եկե­ղե­ցի­ներն ու կեդ­րոն­նե­րը: Ի՞նչ կ՛ար­ժեն անոնք այ­սօր, եթէ ֆի­զի­քա­կան շէն­քէն ներս ապ­րում ու ոգի գո­յու­թիւն չու­նի: Պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուն ամե­նէն մտա­հո­գիչ երե­ւոյթն է ասի­կա: Յա­ճախ ժա­մա­նա­կի սա­կա­ւու­թիւնը պատր­ուակ կը գոր­ծա­ծենք, մինչ ար­դար եւ խղճա­միտ մօ­տե­ցու­մը մը մեր ըրա­ծին եւ ընե­լիք­նե­րուն ամե­նէն հա­մո­զիչ բա­ցատ­րու­թիւնը եւ պա­տաս­խա­նը կու տայ մեր թե­րա­ցու­մին: Այն­քա՜ն ժա­մեր կը յատ­կաց­նենք երկ­րոր­դա­կան ար­ժէք ու­նե­ցող հե­տաքրք­րու­թեանց, որ կը մոռ­նանք շա­բա­թա­կան քա­նի մը ժամ Աս­տու­ծոյ հետ ըլ­լա­լը, մեր ազ­գով տագ­նա­պի­լը, մենք զմեզ զար­գաց­նե­լը հո­գե­ւոր ու ազ­գա­յին ծա­նօ­թու­թիւն­նե­րով ու գի­տու­թեամբ: Ո՛չ եսա­կեդ­րոն մօ­տե­ցու­մը եւ ո՛չ ալ հատ­ուա­ծա­կան ըմբռ­նում­նե­րը մեզ կրնան առաջ­նոր­դել մեր ազ­գի պայ­ծառ ապա­գա­յին: Ան­տար­բե­րու­թիւնը եւ ան­պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւնը կը ջլա­տեն մեր ճի­գե­րը, կը հե­ռաց­նեն մեզ մեր անց­եա­լէն, կ՛աղար­տեն հա­յու մեր նկա­րա­գի­րը եւ կ՛աղ­քա­տաց­նեն հո­գե­ւոր ու ազ­գա­յին կեան­քը: Այո, ներ­կա­յու­թիւնը եւ մա­նա­ւանդ գոր­ծուն­եայ մաս­նակ­ցու­թիւնը լա­ւա­գոյն մի­ջոց­ներն են հարս­տաց­նե­լու զի­րար, օգ­նե­լու եւ նե­ցուկ կանգ­նե­լու իրա­րու եւ այս­պի­սով զօ­րաց­նե­լու թէ՛ եկե­ղե­ցին եւ թէ՛ մեր կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րը, որով­հե­տեւ յա­ջո­ղու­թիւն կեր­տե­լու եւ պատ­մու­թեան դա­տաս­տա­նին դի­մաց բաց ճա­կա­տով ներ­կա­յա­նա­լու մի­ակ ճամ­բան իրա­րու հա­մար եւ իրա­րու հետ ըլ­լալն է:

Յա­ջո­ղու­թեան եւ ար­դիւ­նա­ւոր ժո­ղո­վա­կան նիս­տեր կը մաղ­թեմ բո­լո­րիդ:

Շնոր­հա­կա­լու­թիւն:

ՕՇԱ­ԿԱՆ ԱՐ­ՔԵ­ՊԻՍ­ԿՈ­ՊՈՍ

Առաջ­նորդ

Ամե­րի­կա­յի Արե­ւել­եան Թե­մին
Մա­յիս 16, 2013
Ուա­շինկ­թըն

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles