
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Մարտ 13-ին, Քոնկրէսի “Քենըն“ շէնքին մէջ, մեծ շուքով նշուեցաւ Արցախի ազատագրական շարժումի 25ամեակը: Ներկայ էինՆերկայացուցիչներու Տան Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի ատենապետ Էտ Ռոյս եւ շարք մը այլ քոնկրէսականներ:
Գլխաւոր բանախօսն էր Արցախի երիտասարդական հարցերու եւ մշակոյթի նախարար Նարինէ Աղապալեանը (տեսնել խօսքը` էջ 2-3):
Անոր կողքին, տօնակատարութեան ընթացքին ելոյթներ ունեցած են Էտ Ռոյս, Քոնկրէսի Հայկական համախմբումի երկու համա-ատենապետներ` Ֆրենք Փըլոն ու Մայքըլ
Կրիմ, ինչպէս նաեւ Էտըմ Շիֆ, Միացեալ Նահանգներու մօտ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Թաթուլ Մարգարեան, Ուաշինկթընի մօտԱրցախի Հանրապետութեան ներկայացուցիչ Ռոպերթ Աւետիսեան:
“Արցախը անկախ հանրապետութիւն է եւ պէ՛տք է ճանչցուի իբրեւ անկախ հանրապետութիւն: ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի կամ որեւէ այլ միջազգայինկազմակերպութեան առաջնորդութեամբ բանակցութիւն մը պարտաւոր է ապահովել Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը` մնալու անկախպետութիւն կամ միանալու Հայաստանի Հանրապետութեան“, նշեց Ֆրենք Փըլոն:
Մայքըլ Կրիմ անդրադարձաւ այն իրողութեան, որ հետզհետէ սկսած է աճելու Արցախի անկախութեան միջազգային աջակցութիւնը` շեշտելով, թէապագային նոր հակամարտութենէ մը խուսափելու համար, անկախութեան ձգտումը պէտք է հաշուի առնուի տագնապի տեւական լուծում մը գտնելուբանակցութեանց ընթացքին: “Կը հաւատամ, որ միջազգային հանրութիւնը սկսած է հասկնալու, որ այդ է տագնապին միակ իրատեսական լուծումը“,շեշտեց Կրիմ:
Էտ Ռոյս եւ Էտըմ Շիֆ, իրենց ելոյթներուն ընթացքին դատապարտեցին հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանը սպաննած Ռամիլ Սաֆարովը ներելու եւհերոսացնելու Ատրպէյճանի քայլը: “Սաֆարովի դէպքը վկայութիւնն է այն իրողութեան, որ Ատրպէյճանի մէջ կը շարունակուի հակահայ ատելութեանսերմանումը: Արդարացում չունեցող նման սարսափելի արարք կ՛արդարացնէ հայերուն այն մտավախութիւնները, թէ արցախահայութեանպարտադրուած ենթարկումը` Պաքուի կառավարութեան, պիտի աւարտի արիւնահեղութեամբ: Կասեցնելով Ատրպէյճանի տրամադրուող ռազմականօգնութիւնը, Ամերիկա իր նողկանքը պիտի արտայայտէ Ռամիլ Սաֆարովի հարցին առնչութեամբ եւ պիտի յիշեցնէ Ատրպէյճանին, թէ ՄիացեալՆահանգները չի հանդուրժեր Հայաստանի կամ Արցախի դէմ բռնարարքները“, ըսաւ Շիֆ:
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան, շնորհակալութիւն յայտնելով նախարարին ու բոլոր քոնկրէսականներունյայտնեց թէ Արցախի շարժումը իր բնոյթով ամբողջովին ազատագրական էր:
Միւս կողմէ, այս ձեռնարկէն օր մը ետք, Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու Տան Արտաքին յատկացումներու ենթայանձնախումին առջեւ վկայութիւն տուաւյանձնախումբի օրէնսդրական հարցերու վարիչ Րաֆֆի Գարագաշեանը` կոչ ընելով, որ Ամերիկեան կառավարութեան յառաջիկայ տարուան ամավարկին մէջ յաւելեալօժանդակութիւններ տրամադրուին Հայաստանին, Արցախին ու Ջաւախքին: