Որքա՜ն Կ՛ափսոսանք Եւ Կը Ցաւինք

0 0
Read Time:1 Minute, 44 Second

ՀԱՅՐԵՆԻՔ

Խմբագրական

«Հայելիները ցոլացնելէ առաջ, պէտք է աւելի մտածեն»
                    Ժան Քոքթօ (ֆրանսացի վիպագիր, 1889-1963) 
Քաղաքական մանիփուլացիայի՞ թէ անհանդուրժողութեան, անհեթեթութեան կամ ստրկամտութեան, սադրանքի եւ մութ հաշիւներու արդիւնք։
Ըստ երեւոյթին, մարդիկ սկսած են առեւտուրի վերածել ՛՛Թաւշեայ յեղափոխութիւն՛՛ն ու անոր պարզած պատկերը։ Այս գծով հաստատում մը կատարեց վերջերս այդ շարժման ետին կանգնող եւ լայն ժողովրդավարութիւն վայելող վարչապետ Փաշինեան, շեշտելով թէ պէտք է գործել թափանցիկ կերպով եւ յատկապէս գերիշխող դիրքի չարաշահում չկատարել։
Վերջին տասնեակ մը օրերու պատահածները, սկսելով նախկին Հ․Հ․ նախագահի հարցաքննութենէն ու ապա ձերբակալութենէն, բաւական մելան հոսեցուցին, դուռ բանալով բազմաթիւ հարցադրումներու եւ վերլուծումներու։
Սակայն, Հ․Ա․Կ․-ի ներկայացուցիչ Զոյա Թադեւոսեանի մէկ արտայայտութիւնը, մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, թէ մենք Արցախի մէջ Ատրպէյճանէն հողաշերտ գրաւած ենք, եւ հիմնահարցի լուծման համար, այդ հողերը պարզապէս պէտք է Պաքուի վերադարձուին…։
«Հայելի» ակումբին մէջ կատարուած այս անհիմն եւ անհեթեթ արտայայտութիւնը ռումբի նման տարածուեցաւ եւ ցայսօր ծանր հրետանիով պատասխանի կը սպասէ։
Սխալին յաջորդեց այլ սխալ մը, կամ աւելի ճիշդ, Թադեւոսեան իր ստեղծած փոսը աւելի փորեց, երբ ներողութիւն (այլ լուծում չունէր կատարելիք) յայտնող յայտարարութեան մէջ, ան մեկնաբանութիւններ կատարեց թէ փորձած է նախկին ղեկավարներու՝ Հ․Հ․ նախագահ Սերժ Սարգսեանի  «Աղտամը հայրենիքս չէ», կամ արտաքին գործոց նախարար Վարդան Ոսկանեանի արցախեան տարածքները «բռնագրաւուած» անուանելու արտայայտութիւններն ու հաստատումները մէջբերել։
Դեռ առանց քաշուելու կամ պահուըտելու, Թադեւոսեան նշած է, թէ աւելի խորութեամբ ծանօթացած է պատմական փաստերուն: Պատմական փաստեր, ուր յստակօրէն կ՛երեւի, թէ ի՜նչ-ի՜նչ հաշիւներու արդիւնք՝ Ստալին «առուծախ»ի վերածած է այդ սուրբ հողերը, եւ այդ ալ «վաճառելով» ազերիներուն։
Վստահաբար, թաւշեայ յեղափոխութեան յաղթանակէն ետք, Հայաստանի մէջ այսպիսի ահաւոր սխալ արտայայտութիւններ կատարելու եւ պայթուցիկ իրավիճակ ստեղծելու համար քաղաքական որեւէ խոչընդոտ գոյութիւն չունի, սակայն ըստ երեւոյթին այս քաղաքական խոչընդոտներուն վերացումը ո՛չ թէ ներառող համակարգ կը հաստատեն, այլ նաեւ բամբասանքի եւ ընկերային-հասարակական միջավայրը թունաւորող վատառողջ պայմաններ կը ստեղծեն:
Կրկին մէջբերելով վարչապետ Փաշինեանի վերջին օրերու արտայայտութիւնները, տեղին է նշել, թէ «Ժամանակ առ ժամանակ պէտք է իրավիճակը դիտարկումի ենթարկուի»․․․եւ նոյնիսկ դատի կանչուին Թադեւոսեանի նման ձաբռտուքներ եւ յերիւրածոյ խեղաթիւրումներ ցեխարձակող անհանդուրժելի տիպարներ։«Հայելի» ակումբին մէջ պատահած ու անոր յաջորդող իրադարձութիւնները կը ցոլացնեն, թէ որքա՜ն անհանդուրժողութիւն գոյութիւն ունի, որուն համար դժբախտ եւ խոր վիշտով կ՛ափսոսանք եւ կը ցաւինք։
Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles