
Սնանկացած վաճառականներու պէս հին թուղթեր կը քրքրէի:
Տասնըչորս տարի առաջ, յօդուածի մը մէջ յիշած էի վաթսունչորս տարի տարի առաջ գրուած Շաւարշ Միսաքեանի խօսքը, իր ժամանակակիցներուն ուղղուած հարցում, որ նոյնքան եւ աւելի յոռետեսութիւն կը թելադրէ նաեւ այսօր:
Այդ հարցումը աւելի քան կիզող է այսօր, երբ օտարում եւ քաղքենիացում կոշկոռ կապած են եւ այդ կ’անգիտանանք կամ կը փորձենք շրջանցել դատարկաբանութեամբ:
Ի՞նչ ըսած էր Շաւարշ Միսաքեան.
«Հողը կորսնցուցինք: Եթէ լեզուն ալ կորսնցնենք, կամ աղճատենք եւ իրականին ծաղրանկարը մնայ, գորգերով եւ գոհարեղէններո՞վ պիտի տարածենք ազգային փառքերը» (Յառաջ, 29 Յունուար 1954):
Շրջեցէ՛ք հինգ ցամաքամասերու սփիւռք(ներ)ը չհինցած հադցումը կրկնելով:
Հողը կորսնցուցինք, նահանջեցինք, ըսինք՝ «հողակտորը փրկենք»: Այսօր կը լքենք այդ հողակտորն ալ «արժանավայել կեանք» ունենալու եւ զաւակներու ու թոռներու սենեակները խաղալիքներով լեցուած տեսնելու համար:
Ըսինք՝ արտագաղթ, չըսելու համար հայրենալքում:
Բախտաւորութիւն է դեռ, որ կը յիշենք մեր պատմութիւնը իր փառքերով, մեր մշակոյթը իր մեծանուններով, մանաւանդ երբ օտարներ կը պատուեն զանոնք, Նարեկացիի կամ Կոմիտասի արձան կը կանգնեն տեզերական կեդրոն Վատիկանի մէջ, եղեռնի զոհ բանաստեղծներ կը յիշենք երբ անոնք կը ներկայացուին կամ կը հրատարակուին օտար լեզուներով:
Կարծէք անոնք գեղօրներ ըլլային մեր գորգապատ բնակարանները զարդարելու: Երբ հայերէնի «ծաղրանկարը» մնայ, մենք ինչպէս պիտի խօսինք օտարին ներկայացնելու համար մշակոյթը, հպարտութեամբ փքուելով, երբ մենք խորթացած ենք այդ մշակոյթէն:
Ի՞նչ պիտի մտածէ մեր խօսակիցը, երբ մենք Վարուժան եւ Թումանեան ներկայացնենք, այդ անուններով հպարտանանք, առանց անոնց տողերը եւ տաղերը թրթռացնելու, մեր շրթներուն, անոնց թարգմանութիւնները կարդանք, ինչպէս կը կարդանք Պոտլէր, Վերլէն, Հիւկօ, Քիբլինկ, Թակոր կամ Մութէնէպպի…
Շաւարշ Միսաքեան կ’ըսէ՝ «հողը կորսնցուցինք»…«եթէ լեզուն ալ կորսնցենք»…
Իրապաշտ դիտող մըն է Շաւարշ Միսաքեան: Եթէ նահանջենք եւ լեզուն «աղճատենք եւ իրականին ծաղրանկարը մնայ»… Արդարեւ աղճատուած եւ ծաղրանկարի վերածուած լեզուով ոչ մշակոյթ կը ստեղծուի եւ ոչ ալ մշակոյթ կը ժառանգուի:
Այդ «աղճատուած» եւ «ծաղրանկարի վերածուած» լեզուն ամենուրեք ներխուժած է, այդ ծաղրանկարի լեզուով խօսողները չեն վարանիր բեմ բարձրանալու, չենք վարանիր զանոնք բեմ հանելու մանաւանդ երբ երեւելիութիւն կը նուաճեն բարերութեամբ, կամ մեզմէ ծափ եւ յարգանք կ’ակնկալեն օտարներու մէջ իրենց ձեռք բերած յաջողութիւններով մեր դատարկ սնապարծութեան կեր հայթայթելով:
Շաւարշ Միսաքեան մեր անորակ քաղքենիացման մասին կը խօսի: Կը կարծենք աչքի խտիղ պատճառող մեր ունեցածը ցուցադրելով մշակութային կամ քաղաքական գործ կ’ընենք: Կ’ուղղէ հարցումը. «…գորգերով եւ գոհարեղէններո՞վ պիտի տարածենք ազգային փառքերը»: Ժամանակակից Հայաստանի մէջ կառուցուած ապարանքները, անոնց ցուցադրած ներքին ճոխութիւնը, երբ կ’ընդունին օտար երգիչներ կամ հիւրեր, փանթակրուելիք խրախճանքները, հայ մշակոյթի ո՞ր շերտը կը ներկայացնեն: Մանաւանդ այդ առիթներով լսուած ամերիկերէնը, որ ոչ միայն կ’աղճատէ հայերէնը, այլ նաեւ նոյնինքն ամերիկերէնը, երբեմն ալ ֆրանսերէնը, եթէ պարզապէս ռուսերէն չէ:
Առանց հայերէնի, այսինքն առանց հոգեկան-ոգեկան ժառանգութեան, Հայաստանները մի քանի հազար արտավար հող են, մի քանի վաճառատուն, զբօսավայր, խաղատուն եւ դրամատուներ:
«Գորգերով եւ գոհարեղէններով» սանափառական հայութիւն ապրողները հայերէնով չեն հետաքրքրուած: «Uncle Sam»ի երկիրը գաղթած հայը հասած էր «արժանավայել կեանք»ի իմաստութեան եւ եզրակացուցած՝ որ «հայերէնը ռոմաթիկ լեզու է, բիզնեսի լեզու չէ», այսինքն «գորգի եւ գոհարեղէնի լեզու չէ»: Չափանիշները փոխուած են, եւ «էսթէպլիշմընթ»ային ճաշկերոյթի, պսպղուն ադամանդներով պճնուած տիկին մը ամենայն պարզութեամբ ըսաւ, որ «…քաղաքի քրէմը հոս է», իրեն պէս քրէմ…
Եթէ Շաւարշ Միսաքեան յանկարծ յայտնուէր այսօր, մեր մէջ ի՞նչ պիտի լսէր հայ երեւելիներէն մեր «ազգային փառքեր»ուն մասին:
Ի դէպ, ո՞ւր եւ ի՞նչ են այդ «փառքերը»…
Պատէն կախուած «Արարա՞տ», Ուիլեամ Սարոյեանի պատէն կախուած հայը գովերգող անգլերէն խօ՞սք, թէ այստեղէն կամ այնտեղէն ստացուած լամբակէն փայլող… գնահատանքի շքանշան, ոսկի, արծաթ կամ պղինձ:
Յիշել Շաւարշ Միսաքեանի հեգնանքը անոնց մասին, որոնք կը գոհանային, այսօր ալ կը գոհանան, «հաց պանիրի հայերէն»ով… Երբեմն, յաճախ, այդքանն ալ չենք լսեր:
Եւ ամէն առիթով աշտարակներէն կը պոռանք՝ որ մենք մեծ մշակոյթ ունինք եւ մշակոյթի ժողովուրդ ենք, տեւած ենք մեր մշակոյթով:
Եթէ մենք չենք հաւատար մեր ըսածին, ինչո՞ւ կ’ուզէք որ ուրիշներ հաւատան…
Այս տողերն ալ ներքին մտմտուք են, իրենց հասցէին դուռը պիտի չբախեն: Բախեն անգամ դուռ բացող պիտի չգտնեն:
Այսպէս պիտի ընթանայ կեանքը:
Ainsi va la vie…