
ԵՐԵՒԱՆ․- Երեքշաբթի, Օգոստոս 23-ին, Հայաստանի Անկախութեան հռչակագիրի օրուան առիթով Սահմանադրական դատարանի աշխատակազմի նախկին ղեկավար Էտկար Ղազարեան Հանրապետութեան հրապարակին վրայ հրաւիրած էր հանրահաւաքի` վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականին պահանջով:
Այս առթիւ, Հ․Յ․Դ․ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Հայաստանի Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Իշխան Սաղաթէլեան ըսաւ. «Երբ ընդդիմութիւնը հանրահաւաքներու ընթացքին վտանգներու մասին կը բարձրաձայնէր, շատեր այն ժամանակ հարցին խորութիւնը չէին գիտակցէր: Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականի պահանջով. կայ նշանակուած հանրահաւաք, մենք կը յայտարարենք, որ որեւէ ուժ, ոեւէ անձ, եթէ ազնիւ, արդար պայքարի սկսի այս իշխանութեան դէմ, ամէն ինչու պիտի աջակցինք»:
Օր մը առաջ կատարուած հարցազրոյցի մը ընթացքին, Սաղաթէլեան յայտնած էր, թէ․- «Այս աղէտը, որ այս օրերուն ունինք, նախատեսուած էր աւելի կանուխ եւ աւելի մեծ ծաւալներով: Հետեւաբար այս իմաստով ակնյայտ են Դիմադրութեան շարժման ձեռքբերումները: Մենք մեր գլխաւոր նպատակին` հեռացնել օրուան իշխանութիւնը եւ կանխել այս գործընթացը, տակաւին չենք հասած, բայց վստահ եմ` մեր բացթողումները, սխալները գնահատելով, ճիշդ եզրայանգումներ կատարելով կարելի է հասնիլ այս իշխանութիւններու հեռացման: Կարեւորը պէտք չէ յուսահատիլ եւ նահանջել։ Այս իշխանութիւնը հեռացնելու երկու ճամբայ կայ` հրաժարական եւ պաշտօնանկութիւն` խորհրդարանի միջոցով: Այս երկու տարբերակներէն որեւէ մէկը յաջողութեան կը հասնի բացառապէս համաժողովրդական լայն ընդվզումի, ապստամբութեան միջոցով, որովհետեւ ասոնք հակահայ իշխանութիւններ են: Եթէ համաժողովրդական ընդվզումի պատկերը չունենանք` ո՛չ հրաժարականը, ո՛չ պաշտօնանկութիւնը պիտի ըլլան: Մենք պէտք է ունենանք հասունացած այդ իրավիճակը եւ նոր մտնենք այդ գործընթացին մէջ: Պաշտօնանկութիւնը մեր օրակարգին մէջ է, մենք պիտի մտնենք գործընթացին մէջ այն ժամանակ, երբ կ՛ունենանք նպաստաւոր պայմաններ»։