Նորայր Տատուրեան
Պահ մը փորձենք հայոց լեզուէն հեռացնել «ոտք» բառը։ Անկարելի է, չէ՞։ Իրաւունք ունիք։ Առանց անոր, մեր մայրենին ինչպէ՞ս շարժէր, քայլ առնէր եւ ինչպէ՞ս վազք տար մեր միտքերուն։ Ան կը մնար… կաղ։ Կը յիշէ՞ք Յովհաննէս Շիրազի «Մօր Ձեռքերը» բանաստեղծութիւնը, որուն մէջ «ձեռք» գոյականը արժանացեր էր բազմաթիւ պատիւներու- ինչպէս՝ ան «հինաւուրց» էր եւ ունէր «ծով լռութիւն» եւ «համբերութիւն»։ Այսօր, յարգելի ընթերցող, կ՚առաջարկեմ հայկական բանաստեղծութեան պարտէզէն ներս ոտք դնել ու տեսնել, թէ «ոտք» բառը, մեր լեզուի ամենէն հոգնաջան եւ ծառայասէր անդամը, վայելա՞ծ է արդեօք բանաստեղծներու ուշադրութիւնը։ Ուստի, մի՛ քաշուիք, նե՛րս եկէք, մուտք գործեցէք այդ պարտէզի դարպասէն ներս, նախ ձեր աջ ոտքով անշուշտ, -ինչպէս սովորութիւն էր մեր նախնիներու համար,- անոր քնարական ճեմուղիները ճաշակելով, որոնենք «ոտք» բառի դարաւոր ոտնահետքերը։ Իսկ գալ շաբաթ, ամբողջացնելու համար մեր քայլը, ապա կը շարժենք ձախ ոտքը։ Այն ժամանակ մեզի կ՚ընկերակցի բանաստեղծ Պարոյր Սեւակը, ու կը պատմէ, թէ ինչպէս կեանքը, իր ոտքերու անհնազանդ շարժումներու պատճառով վերածուեր է ձախողութիւններու շղթայի մը։
Այժմ նկատեցէք սաղարթախիտ եւ ստուերոտ տարածութեան մէջ հնադարեան ու մամռոտ հետք մը- «ոտն»։ Սա է «ոտք» բառի արմատը։ Բուն հայկական է։ Եզակի է ան։ Բառացիօրէն։ Անոր պէտք էր յոգնակերտ «ք» տառը, որպէսզի ամբողջանար զոյգը։ Իսկ դարեր ետք, չենք գիտեր ի՛նչ պատճառով, եւ զարմանալի է սա, մեր երկու ոտքը մտաւ մէկի մէջ ու «ոտք» յոգնակին դարձաւ ժամանակակից հայերէնի եզակին, հարկադրելով մեզ յոգնակերտ երկրորդ մասնիկ մը աւելցնելով անոր եւ ունենալ՝ «ոտքեր», որպէսզի ջայլամի պէս չմնանք մէկի վրայ ցցուած ու կարենանք երկու ոտքի վրայ քալել, ինչպէս կ՚ընեն միւս բոլոր ժողովուրդները։
«Ոտք» բառը իր հնադարեան եւ ոլորապտոյտ պատմութեան ամէն քայլափոխին ստացաւ բազմաթիւ պատկերալից իմաստներ, ինչպէս՝ սանդուղքի աստիճան, մատ, քայլ, քայլափոխ, քայլուածքի արագութիւն, մէկ քայլաչափ տարածութիւն, նուագ, հեղ, մէկ անգամ երթալ գալը, մէկ ոտքի երկարութիւնը որպէս չափի միաւոր, ստորոտ, կարի եւ այլ մեքենաներու լեզուակները, ինչպէս նաեւ որեւէ բանի վարի կամ ստորոտի մասը, ինչպէս՝ լերան ոտք։
Երբ Ոսկեդարն էր, եւ արքայական էր մայրենի պարտէզը, նոյնքան եւ բուրումնաւէտ էր ան եւ զգլխիչ, մեր գրաբար լեզուէն հոսեցան փափկոտն արտայայտութիւններ, որոնք թէեւ այժմ փոշեծածկ են ու երկար դարեր ո՛չ մէկ հայ քալեր է անոնց հետքերէն, սակայն դեռ սիրունատես են եւ այսօր կ՛արժէ պահ մը մեր ճանապարհէն շեղիլ ու հիանալ անոնց տեսքին։ Ահա փունջ մը- պատուանդան ոտից, կռուան ոտին, լուացումն ոտից, ոտն առ ոտն, ոտն ընդ ոտին, յոտից ցգլուխ, առ ոտն հարկանել, զոտս ամբարձեալ փախչել, զոտն հարկանել առ բարկութեան…։
«Ոտն» գոյականը, խոշոր ոստում մը միավանկի մը համար, ունեցաւ անհամար բարդ եւ ածանց բառեր՝ իր երեք արմատներով, «ոտ-», «ոտան-» եւ «ոտն-»։ Առաջինը, որ չափով աւելի փոքր էր քան միւսները, տուաւ «ոտաբաց», «ոտաբոբիկ» եւ «ոտաչափ» բառերը միայն։ Երկրորդը ունէր գրական հակում։ Ան նախ ծնունդ տուաւ «ոտանաւոր»-ին։ Անոր հետեւեցան «միոտանի», «երկոտանի», «ութոտանի» եւ «բազմոտանի» ածականները։ Իսկ վերջինը… անզսպելի էր՝ տուաւ յիսուն գոյական, ինչպէս՝ այծոտն, արագոտն, գեղեցկոտն, մերկոտն, սեւոտն, վատոտն, վիշապոտն, փայտոտն, ոտնակապ, ոտնակոխ, ոտնահար, ոտնաձայն։ Ան ունեցաւ արկածախնդիր եւ ինքնուրոյն կեանք։ Աւագ Հինգշաբթի օրեր հայ գահանան լուաց զայն, այլ օրեր ան սիրեց վազել գնդակի մը ետեւէն, իսկ հանգիստի ժամերուն պահանջեց նուրբ խնամք։ Յարգելի ընթերցող, այս բոլորը արտայայտելու համար ունեցանք երեք բառ. ոտնլուայ, ոտնագնդակ եւ ոտնայարդար։
Բայց, յարգելի ընթերցող, «ոտք» բառը փառաւորապէս ոտքի ելաւ, երբ անոր հետ ստեղծեցինք դարձուածքներ- 150 հատ։ Ինչո՞ւ այսքան շատ։ Մի զարմանաք։ Որովհետեւ, նկատեցինք, թէ կեանքի ամէն մէկ վիճակը մէկ «ոտք» է։ Բոլորը յիշել այս յօդուածի մէջ անկարելի է։ Բայց, պահ մը մտնենք այդ նրբուղին ու վայելենք ընտրանի մը. ոտք դնել, ոտքը բարի, ոտքը թեթեւ, մէկ տեղէն ոտքը կտրել, ոտքի տակ առնել, ոտքի տակը փորել, ոտքերը սեւ ջուր իջնել, ոտքերը տնկել, երկու ոտքը մէկ կօշիկի մէջ դնել…։ Երբ դանդաղաշարժ էր անձը, կամ հարսը յղի էր, ըսինք «ոտքը ծանր», իսկ որպէսզի անզուսպ երիտասարդ մը որպէսզի հանդարտի եւ իր արարքներու մէջ ազատ ըլլալու հնարաւորութենէն զրկուի, ամուսնացուցինք զայն ու այսպէսով՝ «ոտքը կապեցինք»։ Քանի՜ քանի անգամներ այս բառը «ի» մասնիկը հագած, երկիւղ պատճառեց ներկաներու վրայ… «Ոտքի՛, արքան կու գայ», «Ոտքի՛, դատաւորը կու գայ», «Ոտքի՛, հրամանատարն է», եւ մեր պատանեկութեան օրերու յիշատակը՝ «Ոտքի՛, տնօրէնը կու գայ»։
Յարգելի ընթերցող, միշտ չէ, որ փայլուն օրեր տեսաւ մեր «ոտք»ը։ Պատմութեան մէջ ինչե՜ր եւ ինչեր եկեր են անոր գլխուն։ Խեղճ «ոտք»։ Կը յիշէք, օր մը, 30ականներ էին, հայրենի հողի վրայ ան հարկադրուեցաւ իր առջեւ «վ» տառը ընդունիլ։ Ու մեր հարազատ բառը, որ կատարելապէս հաւասարակշռուած եռոտանի մըն էր, ահա այսպէս՝ «ո-տ-ք», յանկարծ դարձաւ չորքոտանի, ահա այսպէս «վ-ո-տ-ք»։ Ահա թէ ինչպէս գրականագէտ Յարութիւն Սուրխաթեանը այդ օրերուն վերխմբագրեց Խաչատուր Աբովեանի մէկ նախադասութիւնը. «…գնամ ընկնիմ մէկ իշխանի վոտք, ասեմ, ինձ մէկ կտոր հաց տա»։ Բայց ունեցանք բարեխիղճ քնարերգակներ, որոնք գովերգեցին զայն ու չձգեցին, որ ան ոտքի տակ անտես մնայ։ Այսպէս՝ «ոտք» բառը դարձաւ «բանաստեղծական ոտք» ու ոտք յարմարցնելով ժամանակին տըւաւ գեղեցիկ ոտանաւորներ. Ներսէս Շնորհալին գրի առաւ հետեւեալ արտայայտութիւնը. «Գեղեցիկ ոտք ընթացեալք»։ Ապա եկաւ միջնադարեան տաղասաց Սուքիասը ու ողբաց իր յառաջացած տարիքին. «Ունիմ զանդամս զամէն լքեալ… Ձեռք կաշկանդեալ, ոտք վեհերեալ»։ Մէկ այլ տաղասաց, որ կը ստեղծագործէր «Մարզուանցի» մականունով, պամեց, թէ եարը որքան էր զգլխիչ. «Զձեռքդ ու ոտքդ դնես հինայ, իմ սիրտս ի դէմդ կու դողայ»։ Երբ 20-րդ դարուն ոտք կոխեցինք, Եղիշէ Չարենցը բարեսրտութեամբ գրեց. «Վերադարձիդ, եթէ վերադառնաս եւ ոտքդ չդիպչի փորձութեան»։ Բառը նոյնիսկ դարձաւ հայրենաբաղձ պատմուածք. «Երանի՜ այն օրուան, երբ նորից ոտք կը դնեմ Քեսապ»։
Յարգելի ընթերցող, գեղեցիկ է ըլլալ մէկ ոտքը Հայաստան։ Ուստի, ալ շաբաթ Օգոստոսի ջերմ առաւօտ մը մայրաքաղաքէն պիտի ճամբորդենք 90 քմ. հարաւ, մինչեւ հայրենի գիւղ մը, Զանգակատուն։ Այդ գեղատեսիլ ճանապարհորդութեան ընթացքին, հետեւելով Պարոյր Սեւակի գրական ոտնահետքերը, պիտի կ՛ամբողջացնենք «ոտք» բառի չար ու բարի ոդիսականը։ Իսկ այժմ, կ՛առաջարկեմ «յոտնկայս» ծափահարել այս ծառայասէր միավանկը իր առած բոլոր քայլերուն համար։
Կը սիրէ՞ք ձեր ոտքը: Այո, մարմնի այդ յոգնաջան անդամը, որ ձեզի շարժում եւ վազք կու տայ: Նախորդ մեր յօդուածին մէջ, տեսանք, թէ «ոտք» գոյականն ալ՝ ծառայասէր միավանկ, քայլ եւ վազք տուեր է… հայոց մայրենիին, եւ մենք որոներ էինք անոր հնադարեան ոտնահետքերը ու տեսեր էինք, թէ անիկա հայերէնին պարգեւեր էր բարդ բառերու, դարձուածքներու եւ քնարական տողիկներու հարստութիւն մը: Իսկ այսօր ճամբորդենք Երեւանէն 90 քմ. հարաւ-արեւելք՝ Պարոյր Սեւակի ծննդավայր Զանգակատուն գիւղը, եւ այդ գեղատեսիլ ուղեւորութեան ընթացքին «ոտք» բառը մեզի բացայայտէ Սեւակին առած չար ու բարի քայլերը: Ուստի, եկէ՛ք, բարձրացէք հանրաշարժը, նախ աջ ոտքով, – եթէ սա սնոտիապաշտութիւն չէ ձեզի համար- ապա պատուհանէն դիտելով հայրենի բնաշխարհը, ականջ տուէք այս համեստ բառի գրական ոտնաձայներուն:
Նախ ըսենք, թէ յոյներու «pous», լատիններու «pods», սանսկրիտ «pad» եւ գերմանական «fus» բառերը հետեւեր են մեր «ոտք»ի զարգացման ուղիները: Բոլորն ալ համեմատելի են եւ ունեցեր են նոյնանման բարդ բառեր, ինչպէս «tripod» եւ «եռոտանի» բառերը: Սակայն, տարբերութիւնը այն է, թէ մեր «ոտք»ը առեր է բազմաթիւ խոշոր քայլեր ու ծնունդ տուեր է անհամար դարձուածքներու եւ առածներու, երեւոյթ մը, որ գոյութիւն չունի այլ լեզուներու մէջ: Աւելին, հայ բանաստեղծներ նկատեր են, թէ կեանքի ամէն մէկ վիճակ եւ հոգեկան տրամադրութիւն «ոտք» է ու կարելի է փիլիսոփայել եւ երգել անոր մասին: Այդ իմաստասէր-քնարերգակը այսօր Պարոյր Սեւակն է:
«Ու ես հասկացայ, որ…
Երբ անվստահ ենք՝
Մենք թաքցընում ենք մեր խեղճ ոտքերը»:
Ահա, այսպէս ոտքը կը դառնայ նկարագիրի հայելին: Իսկ, մի՛ զարմանաք, եթէ ըսեմ, թէ ոտքը բանականութիւն ունի ու ինքնագլուխ քայլեր կ՛առնէ: Այդ պատահեր է մեր բանաստեղծին. «Իսկ ոտներըս, / Խանդո՜տ այս ոտներըս, / Ինձ հանում են տեղից եւ ստիպում քայլել»: Իսկ դէպի ո՞ւր… «Եւ ոտներըս, իբրեւ իւրատեսակ «մեղա՛» / Ինձ կտրում են փափուկ մահճակալից, / Տանում-նստեցնում են ա՛յն աթոռին չորուկ, / Որի առաջ կայ մի… տանջուած գրասեղան»: Ըստ «Քմծիծաղ» բանաստեղծութեան, Սեւակ երիտասարդ տարիքին իր ոտքերէն գանգատ չունէր, բարի էին անոնք. «Իսկ ոտներիցս բարի բա՛ն… չկայ»… քանզի իրենց շարժումով անոնք կը կրճատէին բանաստեղծին եւ իր սիրածին միջեւ գոյութիւն ունեցող հեռաւորութիւնը: Կորսուած սէրը, այո՛, այդ բացակայութիւնն ալ կարելի էր նկարագրել «ոտք»ով.
«Ինչո՞ւ եմ սակայն քեզ զգում այնպէ՛ս,
Այնպէ՜ս եմ զգում, ինչպէս երեւի
Ոտից նոր զրկուածն զգում է ոտը»:
Իսկ օր մը, երբ ծանր էր կեանքը եւ անարդար, Սեւակը կը հարցնէ արագիլ թռչունին, թէ «Ինչո՞ւ է նա կանգնում իր մի ոտին շարունակ»: Պատասխանը Սեւակին համոզեց նմանիլ արագիլին.
«Որպէսզի բեռն աշխարհի թեթեւանայ գէթ մի քիչ…»:
Բախտաւոր են անոնք, որոնք հանրաշարժի աջ կողմը նստած են: Այդ պատուհանները սարեաններ են, հայրենի բնանկարներ, ներկուած դեղձան դաշտերով, մշուշապատ լեռնոտններով, սրճագոյն լերկ բարձրութիւններով: Նկարին մէջ նաեւ կայ ամբողջ տարածութեան իշխող, ոտքէն-գլուխ մոխրագոյն հսկայ մը, որ սպիտակ գլխարկ է հագեր: Ապա ճահճանման տարածութիւններ, կանաչ-արծաթագոյն բարտիներ, ճամբեզրին, տեղ-տեղ, գեղջուկ պտղավաճառի սեղաններ ու անունց շուրջ վազվզող ոտաբոպիկ երեխաներ: Գեղեցիկ է մէկ ոտքը Հայաստանի մէջ ըլլալ ու այդ հողատարածքը չափել մինչեւ Վայոց Ձոր ու պատահի, որ մինչեւ վիզը բարձրանաս, դէպի Արագածոտն:
Պէտք չէ զարմանալ, նաեւ, որ Սեւակ կը սիրէր անհետանալ այդ տարածութեան մէջ. «…Ոտներըս յաճախ ինձ, ակամայ, / Անվերջ այգիներից-այգիներ են տանում»: Ո՞վ էր այդ ճանապարհորդութիւններու ականատեսը, բանաստեղծի ներաշխարհի լուռ դիտողը… «Տէ՜ր իմ աստուած, դու լա՛ւ գիտես, / Թէ ես քանի՜–քանի՜ անգամ / Այս սրախիճ տատասկապատ ճանապարհը / Կրկընել եմ ոտաբոպիկ»: Եւ սէրը, ոտքէն-գլուխ հեշտագին ոտանաւոր, Սեւակի համար թանկագին հիւր էր. «Բայց… ես ո՛նց եմ ուզում / Ու երազում, / Անգի՛ն, / Քո ոտքերը տեսնել իմ գրկաբաց շեմքին»: Իսկ երբ գայ ան, եթէ գայ, Սեւակ որոշեր էր անոր ամբողջապէս տիրանալ, ինչպէս կ՛ըսեն՝ «ոտքէն-գլուխ».
«Իմ սիրելի՛ս…
Որ դու պիտի լինես ի՛մը՝ անվերապա՛հ,
Ի՛մը՝ ոտից-գլու՛խ»:
Սեւակ որոշեր էր նաեւ դառնալ անոր արբանեակը, անվերջ պտըտելով իր դիցուհիի ոտքին շուրջ.
«Անշարժութիւնը քո պիրկ ոտների
Դարձընում է ինձ մի խոյ օրուկուած,
Որ պտըտւում է չորսբոլորքը քո
Ողջ շառաւիղով իր ոտնակապի»:
Արգելակ: Հանրաշարժը կը դանդաղի: Մեր առջեւն է, յոռի խոչընդոտ մը՝ սահմանը: Ահա, Նախիջեւանը, ուրկէ քանի տասնամեակ է, որ մեր ոտքը կտրուած է ու այսօր հոն գողթան երգիչներ չեն երգեր եւ ուր զանգակատուներ չեն ղօղանջեր: Կը դառնանք ձախ: Կը սկսի ճանապարհի վերջին հանգրուանը: Նոր սարեաններ կը յայտնուին պատուհաններուն վրայ, աւելի շէկ, աւելի լերկ ու ցից…: Ի՞նչ եղաւ Սեւակին: Ինչո՞ւ դանդաղեցաւ: Ոտքերուն սեւ ջո՞ւր իջաւ, ոտքը փո՞ւշ մտաւ, ոտքը ձա՞խ կոխեց… Ի՞նչ եղան անոր երբեմնի արագոտն եւ արկածախնդիր ոտքերուն… Բանաստեղծը ունի խոստովանութիւն մը.
«Ծերանում ենք, Պարո՛յր Սեւակ,
Ծերանում ենք, սիրելի՜ս.-
Մեր խռովկան մատներն արդէն դարձել են հեզ ու լսկան,
Իսկ դաւադիր մեր ոտքերը՝ ընտանեսէր-տնասէր…»։
Պարոյր Սեւակի տուն-թանգարանի մուտքին անցորդները մինչեւ այսօր կը խօսին այն ինքնաշարժի արկածին մասին, որ խզեց անոր ոտքը այս աշխարհէն (դուք ըսէք, թէ ի՛նչ էր պատճառը անոր, չարոտն որոշո՞ւմ մը, թէ քայլ մը անհնազանդ), Արգելակ չունէ՞ր ինքնաշարժը: Ունէր: Սեւակը գիտէր, թէ ի՛նչ էր արգելակը: Բայց ոտքերն անոր…
«Ես հասկացա՛յ,
Բայց… ոտքե՜րըս չեն հասկանում»:
Բանականութիւն ունի մեր «ոտք» բառը: Խոշոր կերպար է անիկա, ծպտեալ որպէս գիշերաշրջիկ քնարերգակ, արկածախնդիր սիրահար, անվստահ գեղեցկուհի, երբեմն քմծիծաղ մը չարուկ, հայրենասէր իմաստուն մը միշտ: Ուստի, երկրորդ անգամ, եկէ՛ք, «յոտնկայս» ծափահարենք զայն ու մաղթենք, որ ձեր ոտնաքայլերը միշտ դէպի աջ երթան, եթէ սնոտիապաշտութիւն չէ այս ձեզի համար:


