
Ծ․Խ.- Այս օրերուն բոլորին կիզակէտն է Ֆութպոլը՝ ոտնագնդակը, որ նաեւ մուտք գործած է հայ գրականութեան մէջ։ Պոլսահայ Զարեհ Խրախունի (1926-2015) ունի մը քանի մը գրութիւններ, ստորեւ ՛՛Ոտնագնդակ՛՛-ը՝ գրուած Յունիս 14, 1987-ին:
Քիչ բան
Քիչ բան այնքան
Կը մօտեցնէ կը միացնէ կը միաձուլէ մեզ իրարու
Որքան գնդակը որ կը վազէ ոտքէ ոտք
Կամ ոտքերը տասնըմէկ զոյգ
որ կը վազեն այդ գնդակին ետեւէն.
Հիմա
Հիմա-իբրեւ վերջին յոյս
Կը սպասենք որ շատ զօրաւոր խումբ մը գայ
անջրպետի յառաջացեալ մէկ կէտէն
Որպէսզի մեծ այս աշխարհը բազմաբաժան
Ըլլայ մէկ սիրտ մէկ հոգի
պոռայ կանչէ մէկ բերնէ
շարժի գործէ միակամ
Ու կարկտան կապոց դարձած երկրագունդն այս ձեւազեղծ
վերածուի
մեծ ու պզտիկ
հնգանկիւններով վեցանկիւններով կազմուած
Հսկայական գնդակի մը գունագեղ…: