Անտառի օրէնքի ետին կանգնած, աղուէսին մէկ հեքիաթն է որ կրնայ յիշեցնել վերոյիշեալ խորագիրը: Արդարեւ, համեղ ու հասուն խաղողի կոյտին չհասնելով, ճարպիկ անասունը, շրջապատի իր ընկերներուն համոզած էր, թէ խնդրոյ առարկայ խաղողը դեռ խակ էր եւ հետեւաբար ժամանակի կորուստ էր անոր հասնելու եւ զայն համտեսելու համար, աշխատանք տրամադրելը:
Ի՞նչ է կապը մեծ ժողովրդականութիւն վայելած այս առակին եւ սոյն խորագրի ետին կանգնած գաղափարին` այսինք Ատրպէյճանի անդամակցութեան, իբրեւ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան Ապահովութեան Խորհուրդի` ոչ մնայուն կարգավիճակի դրութեամբ:
Առանց անտեղի վերլուծումներ, հաստատումներ եւ նոյնիսկ խաբուսիկ “ջայլամի քաղաքականութիւն“ կիրարկելու, հոս տեղին է նշել թէ նմանօրինակ անդամակցութիւն…գէթ ոչ մնայուն (բնականաբար) եւ գնայուն, կարելի է սեպել Ատրպէյճանի արտաքին եւ միջազգային յարաբերական կառոյցի մէկ յաջող իրադարձութիւնը , յաղթական ընթացքը, եւ այլն… :
Բնական է թէ Պաքու, լոպիինկի այս աշխատանքը առանձին չէր կատարած եւ յստակ էր թէ ան օգտագործած էր կարգ մը լծակներ, որոնց կարգին յարանուանական, “խնամիական“ եւ …յատկապէս Հայաստանի արտաքին յարաբերական մեքենային թէ՛ անտարբերութեան եւ թէ՛ բացակայութեան:
Ի՞նչ կրնայ պատահիլ, յառաջիկայ այս երկու տարիներուն: Այսպէս բնական է, որ Պաքու պիտի ձգտի, որ Ապահովութեան Խորհուրդը իրեն համար ձեռնտու հաստատումներով նոր բանաձեւեր ընդունի: Դեռ քանի մը ամիս առաջ, Ղազախստանի մայրաքաղաք Ասթանայի մէջ, իսլամական պետութիւններու կազմակերպութեան Արտաքին Գործոց նախարարներու խորհուրդը, իր գումարած ժողովի ընթացքին որդեգրած էր “Ատրպէյճանի Հանրապետութեան դէմ Հայաստանի Հանրապետութեան բռնարարքին մասին“ խորագիրը կրող բանաձեւ մը, որ կը բաղկանար երկու տասնեակէ աւելի կէտերէ եւ “բռնագրաւուած հողամասերուն“ վրայ, ազերի բռնագրաւուած հողամասերուն վրայ անմեղ քաղաքայիններուն դէմ գործադրուող արարքները մարդկութեան դէմ ոճիր նկատելով,հայ բնակեցուածներու` տեղակայման նկատմամբ խոր մտահոգութիւն յայտնելէ ետք, կը դատապարտէր Ատրպէյճանի դէմ Հայաստանի կատարած բռնարարքը:
Դժբախտաբար այսպիսի շինծու եւ խեղաթիւրուած մեղադրանքներ եւ զրպարտութիւններ պիտի կատարուին, որպէս այս ոչ-մնայուն եւ …գնայուն անդամակցութեան արդիւնք: Յատկապէս այս բնագաւառէն ներս է որ, մնայուն եւ հետեւողական աշխատանքի կարիքը կայ…նաեւ եւ անպայմա՜ն, այդ համեղ ու հասուն խաղողին հասնելու այդ ախորժակը: