Լրահոս

Ոչ Եւս Է Սեդա Կանաչեան-Թիւսիւզեան

Հանրահռչակ յօրինող-երաժշտագէտ Բարսեղ Կանաչեանի դուստրն էր Սեդա Կանաչեանը (ծնած Կիպրոս 19 Նոյեմբեր 1926-ին), որ մահացաւ խոր ծերութեան մէջ, Կիրակի 22 Մարտին:  Երկու տարեկանին իր մայրը (Քնար) կորսնցուցած, ան չզրկուեցաւ մայրական գուրգուրանքէ: Որոշ ժամանակաշրջանէ մը ետք, Բարսեղ Կանաչեան ամուսնացաւ Քրիստինէ Գալֆայեանի հետ, որ «Մամի» անունով ճանչցուելով իր մտերիմներուն կողմէ, լաւապէս հոգ տարաւ Սեդային եւ քոյրերուն (Այտա եւ Ռիթա):

Իր հօր տեսողութիւնը տկարացած ըլլալով, ան 17 տարեկանին սկսաւ աշխատիլ Պէյրութի «Լ’Օրիան» (այժմ՝ «Լ’Օրիան – Լը Ժուր») օրաթերթին համար: Տարի մը ետք, Սեդա ընտանիք կազմեց հալէպահայ Նշան Թիւսիւզեանի հետ։ Ամոլը բախտաւորուեցաւ չորս զաւակներով՝ Ծովիկ (մահացած), Վահէ (ամուսնացած՝ Նուշիկի հետ), Ցոլիկ (ամուսնացած՝ Արա Շամլեանին հետ), եւ Շաղիկ (մահացած): Որպէս դուստր, կին, մայր եւ մեծ մայր՝ Սեդան եղաւ նուիրեալ, անբասիր եւ առատաձեռն։

Սեդային եւ Նշանին տունը դարձած էր ակումբ-հաւաքատեղի, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի  կամ կուսակցական ժողովներէն ետք։ Առատ ու ճոխ էր, Սեդային սարքած սեղանը, որ ոչ միայն համեղ էր, այլ նաեւ գեղարուեստական ներկայացումով աչք կը շլացնէր։ Յիշատակելի է, անոր մէկ խօսքը. «Չեմ ուտեր ապրելու համար, այլ կ’ապրիմ ուտելու համար»։

Ամուսնոյն մահէն ետք ալ, Սեդայի Պէյրութի (Քանթարի), տունը միշտ ալ բաց մնաց բոլորին եւ յատկապէս «Համազգային»-ի  մտաւորականներուն եւ արուեստագէտներուն համար։ Ամէն տարի անհամբեր կը սպասէր առնուազն երկու հիւրասիրութիւններ կատարելու, մէկը միջինքի, իսկ միւսն ալ Նոյեմբերի իր տարեդարձի օրերուն, յատուկ կարիճի աստղին տակ ծնողներուն համար, որուն աւարտին կարիճի կերպարով պատրաստուած, յատուկ կարկանդակ մը կը հատուէր։

Միայն հիւրընկալ չէր Սեդան, այլ նաեւ նուիրեալ կամաւոր մըն էր։ Ան գործունէութիւն ունեցաւ Լիբանանի Կարմիր Խաչին (1975-1992), Հայ Օգնութեան Միութեան (1992-2006), եւ «Համազգային» Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան (1961-2015) մէջ։ Նաեւ, Սեդա 10 տարի կամաւոր կերպով աշխատեցաւ Պէյրութի ամերիկեան հիւանդանոցի  արեան տարրալուծարանին, ինչպէս նաեւ Լիբանահայ Օգնութեան Խաչի Պուրճ Համուտի Պուլղուրճեան դարմանատան մէջ։

Advertisement Subscribe Today

Սեդան խիզախ եւ արկածախնդիր էր իր կամաւորական ծառայութեան մէջ։ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն՝ 1970-ականներու վերջաւորութեան, Կարմիր Խաչի հետ կ՛այցելէր պաղեստինեան գաղթակայաններ՝ անհրաժեշտ դեղեր մատակարարելու համար ծանր վիճակի մէջ գտնուող բնակչութեան։ Իսկ այնպիսի ժամանակի մը մէջ, երբ շատեր չէին համարձակեր, ան առանձին մեկնեցաւ Լիզպոն՝ յայտնաբերելու եւ Լիբանան վերադարձնելու հինգ հայ երիտասարդ հերոսներու այրած մարմինները։ Իրական հերոսուհի մը՝ ան երբեք չյուսահատեցաւ։ Նոյնիսկ Միացեալ Նահանգներ գաղթելէ ետք՝ 2015-ին, 90 տարեկանին, Սեդա կամաւորաբար ծառայեց Մաունթ Օպըրն (Քէյմպրիճ, Մասաչուսէց) հիւանդանոցի բժշկական արխիւներու բաժանմունքին մէջ։

Վերջապէս, իր կեանքի ամէնէն մեծ նուիրումն ու առաքելութիւնը եղած է իր հօր՝ Բարսեղ Կանանչեանի գործին եւ ժառանգութեան պահպանումն ու տարածումը։

Սեդան միշտ ալ մօտիկ էր «Հայրենիք»-ին եւ հետեւողական ընթերցող մը:

Հուսկ, Սեդան վճռակամ, դիմացկուն, ուժող եւ հնարամիտ ներկայութիւն մըն էր, որ միշտ ալ այդպէս պիտի յիշուի։

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Սուրբ Ստեփանոս Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ (38 Elton Avenue, Watertown), Հինգշաբթի, 26 Մարտին, ժամը 11:00-ին, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Mount Feake (Waltham) գերեզմանատուն։  Այցելութեան ժամերը պիտի ըլլան նոյն օրը առաւօտեան՝ ժամը 10:00-էն 11:00, անմիջապէս յուղարկաւորութեան արարողութենէն առաջ։

Փոխան ծաղկեպսակի, կը խնդրուի նուիրատուութիւններ կատարել Սուրբ Ստեփանոս Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ կամ Լիբանանի «Համազգային»-ի Բարսեղ Կանաչեան Երաժշտանոցին։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button