ՈՉ ԵՒՍ Է ՌՈՒ­ԲԷՆ ՊԱՐ­ՍՈՒՄ­ԵԱՆ

0 0
Read Time:11 Minute, 21 Second

 

ՄԱՀԱԶԴ  ``Հա­մազ­գա­յին``ի Արե­ւել­եան Ա.Մ.Ն.-ի Շրջա­նա­յին Վար­չու­թիւնը կը գուժէ տա­րի­ներ շա­րու­նակ միու­թեան ծա­ռա­յած   ՌՈՒԲԷՆ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆի   անակնկալ մահը, որ պատահեցաւ Հինգշաբթի Նոյեմբեր 7, 2013-ին, Նիւ Եորքի մէջ: ՑԱՒԱԿՑԱԿԱՆ   ``Համազգային`` Նիւ Եոր­քի մաս­նա­ճիւ­ղը,իր խորին ցաւակցու-թիւնները կը յայտնէ  ՌՈՒԲԷՆ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆի ազ­գա­կան­նե­րուն, մօ­տիկ պա­րա­գա­նե­րուն, բա­րե­կամ­նե­րուն եւ ազ­գա­կան­նե­րուն:
ՄԱՀԱԶԴ
“Հա­մազ­գա­յին“ի Արե­ւել­եան Ա.Մ.Ն.-ի Շրջա­նա­յին Վար­չու­թիւնը կը գուժէ տա­րի­ներ շա­րու­նակ միու­թեան ծա­ռա­յած
ՌՈՒԲԷՆ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆի
անակնկալ մահը, որ պատահեցաւ Հինգշաբթի Նոյեմբեր 7, 2013-ին, Նիւ Եորքի մէջ:
ՑԱՒԱԿՑԱԿԱՆ
“Համազգային“ Նիւ Եոր­քի մաս­նա­ճիւ­ղը,իր խորին ցաւակցու-թիւնները կը յայտնէ ՌՈՒԲԷՆ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆի ազ­գա­կան­նե­րուն, մօ­տիկ պա­րա­գա­նե­րուն, բա­րե­կամ­նե­րուն եւ ազ­գա­կան­նե­րուն:

Մեզ­մէ անակն­կալ կեր­պով բաժն­ուե­ցաւ Ռու­բէն Պար­սում­եան, նուիր­եալ, ծա­ռա­յա­սէր եւ ուղ­ղա­միտ ըն­կեր, եղ­բայր եւ հայ մարդ: Հա­լէ­պա­հայ յե­տ Ե­ղեռն­եան երկ­րորդ սե­րուն­դի վեր­ջին հա­յ ու­սու­ցիչ­նե­րէն եւ ազ­գա­յին գոր­ծիչ­նե­րէն էր Ռու­բէն, որու­ն անձ­նա­կան շնորհք­նե­րը եւ բա­ցա­ռիկ մտա­ւո­րա­կան ար­ժէ­քը ոչ ­բո­լո­րին յայտ­նի էին իր չա­փա­զանց հա­մես­տու­թեան պատ­ճա­ռաւ:

Նիւ Եոր­քի Հա­մազ­գա­յի­նի մաս­նա­ճիւ­ղի հիմ­նա­դիր­նե­րէն էր, կազ­մա­կեր­պու­թիւն մը, որուն ան­խոնջ կեր­պով ծա­ռա­յեց չորս ­տաս­նամ­եակ­նե­րու ըն­թաց­քին: Ամե­րի­կաբ­նակ գրող­նե­րու մօ­տի­կ ըն­կեր, ինչ­պէս Յա­կոբ Կա­րա­պենց եւ Ժի­րայր Աթ­թար­եան, կէս-կա­տակ կէս-լուրջ Ռու­բէն կը պատ­մէր, որ իրեն կ՛ըսէ­ին, “Դուն մի՛ գ­րեր, որ ըն­թեր­ցող ու­նե­նանք“, քա­նի որ ան բա­ցա­ռիկ գրա­կան քն­նա­դա­տի աչք ու­նէր:

Այն­թապցիի հպարտ զա­ւակ, իր առա­ջին լե­զուն եղած էր թրքե­րէ­նը: Հինգ տա­րե­կա­նին, դպրո­ցի առա­ջին օրը տուն վե­րա­դար­ձաւ լա­լով, որով­հե­տեւ ո՛չ դա­սըն­կեր­նե­րը զինք կը հասկ­նա­յին, ո՛չ ալ ին­քա­նոնց: “Էր­մէ­նի­ճէ քօ­նու­շուր­լար, եաւ­րում“, ըսած էր իրեն մեծ ­մայ­րը (Հա­յե­րէն կը խօ­սին, ձագս): Այս աշ­խար­հէն հե­ռա­ցաւ հա­յե­րէ­նը ­տի­րա­պե­տե­լով շատ քի­չե­րու պէս, լե­զու մը որուն հան­դէպ ­պաշ­տա­մունք ու­նէր: Իր կեան­քի մե­ծա­գոյն մտա­հո­գու­թիւն­նե­րէն էր­ Մես­րոպ­եան ուղ­ղագ­րու­թեան վե­րա­կանգ­նու­մը հայ­րե­նի­քի մէ­ջ ան­կա­խու­թե­նէն վերջ, նպա­տակ մը որու իրա­գործ­ման հա­մար մեծ­ խո­չըն­դոտ­նե­րը զինք չէ­ին յու­սա­հա­տեց­ներ: Իր կեան­քի մեծ ցաւն էր իր եղ­բօր, Յա­կոբ Պար­սում­եա­նին առե­ւան­գումն ու ան­հե­տա­ցու­մը ան­յայտ պայ­ման­նե­րու մէջ, ­Պէյ­րու­թի քա­ղա­քաց­ի­ա­կան պա­տե­րազ­մի ժա­մա­նակ:

Մին­չեւ իր կեան­քին վեր­ջին օրե­րը, եղ­բօ­րը ճա­կա­տա­գի­րը իրե­ն ա­ռեղծ­ուած մը մնաց: Փոքր տա­րի­քէն որ­բա­ցած, Յա­կոբ, Ռու­բէն եւ ի­րենց քոյ­րը Սիլ­վա (այժմ Նիւեոր­քաբ­նակ) իրենց ման­կու­թիւնը ու պա­տա­նու­թիւնը ան­ցու­ցած են Հա­լէ­պի Պատս­պա­րա­նին մէջ: Նա­խախ­նա­մու­թեան դա­սա­ւո­րու­մով, թէ­եւ սիր­ուած եւ միշտ շր­ջա­պատ­ուած ըն­կեր­նե­րով, որոնց հան­դէպ կը ցու­ցա­բե­րէ­ր Այն­թապ­ցի մար­դու հիւ­րա­սի­րու­թիւնը, Ռու­բէն հրա­ժեշտ առաւ այ­ս աշ­խար­հէն տա­րի­քը առած, որբ ու մի­նակ:

Ռու­բէն գնաց առանց որե­ւէ բա­րո­յա­կան պարտ­քի եւ բո­լորս իրեն­ հան­դէպ պար­տա­կան մնա­լով: Կը մաղ­թենք, որ մի­ա­նայ իր եղ­բօր եւ իր եր­կու ըն­կեր­նե­րուն, որոնք մէկ տա­րի առաջ մեզ­մէ հե­ռա­ցան` Արիս Սե­ւա­կը, իր Նիւ Եոր­քի լա­ւա­գոյն ըն­կեր­նե­րէն եւ Պետ­րոս Հաճ­եան, երի­տա­սար­դու­թեան ըն­կեր­նե­րէն, որու հետ Հա­լէ­պի մէջ­ պաշ­տօ­նա­վա­րած էր. իրեն պէս նուիր­եալ հա­յեր, որոնք մեր մ­շա­կոյ­թի ջա­հը վառ պա­հե­ցին եւ զայն նոր սե­րունդ­նե­րուն ­փո­խան­ցե­ցին, բայց գլխա­ւո­րա­բար, բա­ռին ամե­նա­բուն իմաս­տով, բա­րի մար­դիկ: Աստ­ուած Ռու­բէ­նին հո­գին լու­սա­ւո­րէ եւ իր ­հա­րա­զատ­նե­րուն մխի­թա­րու­թիւն պար­գե­ւէ:

Հո­ղը թե­թեւ լի­նի վրան:

 

ԱՒՕ ­ՀԱՃԵԱՆ

 

ՅԱ­ԿՈԲ ՊԱԼ­ԵԱ­ՆԻ

ՆԱ­ՄԱԿ – ՄԱ­ՀԱԳ­ՐՈՒ­ԹԻՒՆԸ

 

Ստո­րեւ, լոյս կ՛ըն­ծա­յենք, այս յու­զիչ նա­մա­կը, որ գրած էԲա­գինի խմբա­գիր Յա­կոբ Պալ­եա­նը, իր մօ­տիկ բա­րե­կամ Ռու­բէն Պար­սում­եա­նի մահ­ուան առ­թիւ.-

 

Սի­րե­լի Ռու­բէն,

Սի­րե­լի Սիլ­վա, սի­րե­լի ըն­կեր­նե­րը Ռու­բէ­նի

Ուր­բաթ, 8 Նո­յեմ­բե­րի առա­ւօտն էր: Պէյ­րութ, “ԲԱ­ԳԻ­Ն“ի խմբագ­րա­տան հե­ռա­խօ­սի զան­գը հնչեց: Առան­ձին էի եւ Ռու­բէ­նին հա­մար այն­քա՜ն սի­րե­լի հայ գի­րով կը զբա­ղէի: Դա­ւիթն էր, Աթ­թար­եան, Նիւ Եոր­քէն: Հոն գի­շեր­ուան ժա­մը 2-ն էր: Զար­մա­ցայ: Մահ­ուան գոյժ էր: Այս մէկն ալ, սփիւռ­քի մէջ ան­խառն հա­յու­թեամբ պատ­րաստ­ուած եւ ապ­րող մը, անշ­շուկ կը մեկ­նէր: Ռու­բէն Պար­սում­եա­նը:

Եր­կար կեան­քի մը եր­կա­րու­թեամբ ըն­կե­րու­թեան մը թե­լը կը կտրուէր: Մա­հը կրնա՞յ կտրել ըն­կե­րու­թեան թե­լը: Այդ­պէս ալ ան­յայ­տա­ցած էր իր եղ­բայ­րը, հա­ւա­տա­ւոր մտա­ւո­րա­կան մը, Յա­կոբ Պար­սում­եա­նը, ան­յայտ շի­րի­մով: Եր­կուքն ալ Հա­լէ­պի Ազ­գա­յին Քա­րէն Եփփէ Ճե­մա­րա­նի ազ­նիւ ար­գա­սիք եր­կուքն ալ, սե­րուն­դի մը տի­պար­ներ, որոնց վրայ ան­զու­գա­կան եւ մեծ  դէմ­քեր իրենց դրոշ­մը դրած էին:

Դա­ւիթ գու­ժեց մա­հը Ռու­բէն Պար­սում­եա­նի, ար­տա­կարգ ու­շի­մու­թեամբ եւ հոգի­ով միշտ թարմ Ռու­բէ­նի, որուն հա­մար ըն­կեր բա­ռը պէտք է ըմբռ­նել իր ազն­ուա­գոյն իմաս­տով, կեան­քի դժուար եւ անա­րեւ օրե­րուն հիւս­ուած ըն­կե­րու­թիւն մը որ խամ­րիլ չգիտ­ցաւ, որ տե­ւեց աւե­լի քան վեց տաս­նամ­եակ, հա­կա­ռակ հե­ռա­ւո­րու­թիւն­նե­րու, ովկ­ի­ա­նո­սա­յին պատ­ուար­նե­րու:

Ռու­բէն, մեր բո­լո­րի ըն­կե­րը, որ իր կեան­քին մէջ եր­բեք ոչ ոքի ցաւ պատ­ճա­ռած է, իր սե­րուն­դի ամէ­նէն փայ­լուն­նե­րէն էր: Պէյ­րու­թի Հայ­կազ­եան հա­մալ­սա­րա­նէն ետք ամե­րիկ­եան հա­մալ­սա­րան, իր կա­րո­ղու­թիւն­նե­րու գնա­հա­տան­քով ար­ժա­նա­ցած էր Ռաք­ֆել­լըր կրթա­թո­շա­կին, բայց հա­մեստ Ռու­բէ­նը այդ բո­լո­րը եր­բեք չվե­րա­ծեց դրօ­շա­կի, այ­ցե­քար­տի վրայ չգրեց: Ռու­բէն ու­նէր երազ­ներ, գի­տէր երա­զել, եւ երա­զել ազ­նիւ հո­գի­նե­րու առա­քի­նու­թիւն է: Տնտե­սա­գի­տու­թեան պսա­կա­ւոր էր, կեան­քի աս­պա­րէզ նետ­ուած էր, եղած էր ու­սու­ցիչ, ազ­գա­յին հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու մէջ գոր­ծած էր, ճա­շա­կած էր տաքն ու պա­ղը, որ­բու­թեան դառ­նու­թիւնը, բայց ոչ մէկ բան խան­գա­րած էր իր բնա­տուր ազ­նուու­թիւնը: Երա­զած էր հա­յա­գի­տու­թեան հե­տե­ւիլ, մի­ջոց­ներ չկա­յին, եւ ակն­կալ­ուած յատ­կա­ցու­մը ամ­բա­րիշտ­ներ այլ նպա­տա­կի յատ­կա­ցու­ցած էին: Աւե­լի քան կէս դար ետք, այդ չա­րի­քը կը յի­շէր, չմարս­ուած մեղմ դառ­նու­թեամբ:

Առան­ձին կ՛ապ­րէր Ռու­բէն: Բայց այս բնո­րո­շու­մը ճիշդ չէ բո­լո­րո­վին, ան­հա­մա­պա­տաս­խան է իր ինք­նա­տիպ կա­ցու­թեան, քա­նի որ իր յար­կին տակ հիւ­րըն­կալ­ուած են շա­տեր, ան­ծա­նօթ­ներ, օտար­ներ, բայց նա­եւ հայ գրչի եւ միտ­քի մար­դիկ, որոնց մտեր­մու­թիւնը վա­յե­լած է, անոնք մեր մշա­կու­թա­յին կեան­քին մէջ ներ­կա­յու­թիւն եղած են, իր երազ­նե­րու եւ ցան­կու­թիւն­նե­րու աշ­խար­հը ճո­խա­ցու­ցած են, ոմանք դեռ կ՛ապ­րին եւ կը սգան իր մա­հը, ու­րիշ­ներ հե­ռա­ցած են այս աշ­խար­հէն: Անուն­նե՞ր. Կա­րա­պետ Փո­լատ­եան, Յա­կոբ Կա­րա­պենց, Ար­մէն Պաղ­տոյ­եան, Գա­լուստ Պապ­եան… եւ շար­քը եր­կար է:

Ռու­բէն եր­կար ժա­մա­նակ չհաշտ­ուե­ցաւ առե­ւանգ­ուած եղ­բօր կո­րուս­տին հետ: Ճամ­բոր­դեց անոր հետ­քը գտնե­լու հա­մար, հա­ւա­տա­լով, որ կա­րե­լի կ՛ըլ­լայ զայն փրկել: Ու­զեց գէթ անոր աճիւն­նե­րուն տէր ըլ­լալ, դամ­բա­նի մը մէջ ամ­փո­փել զա­նոնք: Քոյ­րը, Սիլ­վան, այն­քա՜ն կապ­ուած էր իրեն, որուն սու­գը կա­րե­լի չէ ան­գամ բաժ­նել:

Ռու­բէ­նի կո­րուս­տով հա­յու­թեամբ, հայ մշա­կոյ­թով եւ դպրո­ցով առանց ցու­ցա­մո­լի­կու­թեան իրա­պէս տագ­նա­պող մը կը կորսնց­նենք: Կը կորսնց­նենք նա­եւ հա­յե­րէ­նի եւ անոր մաք­րու­թեան երկր­պա­գու մը: Այն հա­ւա­տա­ւոր­նե­րէն էր, որ հա­կա­ռակ տա­րի­նե­րու թա­ւա­լու­մին եւ պար­տադ­րան­քին, չէր նե­րեր հա­յե­րէ­նի հա­րա­զատ ուղ­ղագ­րու­թեան զեղ­ծու­մը, քիչ կը գրէր, բայց յա­ճախ կ՛ար­տա­յայտ­ուէր այդ մա­սին: Ազ­գա­յին հար­ցե­րու պա­րա­գա­յին ան­սահ­ման բծախնդ­րու­թիւն ու­նէր, հար­ցե­րէն լա­ւա­տեղ­եակ էր, քա­նի որ Հա­լէպ եւ Նիւ Եորք գոր­ծած էր Առաջ­նոր­դա­րան­նե­րու մէջ, գի­տէր քննա­դա­տել առանց խծբծե­լու եւ չա­րա­խօս դառ­նե­լու, առանց հրա­ժա­րե­լու այդ բո­լո­րը սրամ­տու­թեամբ հա­մե­մե­լէ:

Մե­զի հա­մար Նիւ Եոր­քը չէր բնո­րոշ­ուէր միայն իր ճո­խու­թեամբ եւ երկ­նա­քա­րե­րով: Հոն կա­յին եւ կան սի­րե­լի դէմ­քեր, որոնք սրբա­զան յա­մա­ռու­թեամբ հա­յու­թիւն կը պա­հեն:

Ժի­րայր Աթ­թար­եա­նէն եւ Ռու­բէ­նէն ետք մենք մեզ որբ պի­տի զգանք, ինչ­պէս կ՛ըսեն` աներ­դիք, homeless:

Ամէն ան­գամ որ մահ­ուան ցա­ւա­լի խզու­մին առ­ջեւ կը գտնուիմ, կը յի­շեմ ֆրան­սա­ցի իմաս­տա­սէր Օկիւսթ Քոն­թի մտա­ծու­մը ան­մա­հու­թեան մա­սին: Ան կ՛ըսէ, որ ան­մահ ենք մին­չեւ այն ատեն որ կ՛ապ­րինք մնա­ցող­նե­րու յի­շո­ղու­թեան մէջ: Եւ Ռու­բէ­նի հա­մար թան­կար­ժէք է յի­շո­ղու­թիւն­նե­րու մէջ տե­ւող իր կեան­քը:

Ռու­բէ­նի շատ սի­րած, պաշ­տա­մուն­քի առար­կայ Զա­րեհ Ա կա­թո­ղի­կո­սի գե­րեզ­մա­նին առ­ջեւ, բա­նաս­տեղծ եկե­ղե­ցա­կան մը մօ­տա­ւո­րա­պէս հե­տեւ­եա­լը ըսաւ, որ դա­գա­ղին առ­ջեւ փոս մը փոր­ուած է, բայց սա պա­հուս, կրնանք ըսել որ փո­սը փոր­ուած է մեր հո­գի­նե­րուն մէջ:

Փոս փոր­ուած է Ռու­բէ­նի ներ­կայ եւ բայց նա­եւ հոգի­ով ներ­կայ ըն­կեր­նե­րու հո­գի­նե­րուն մէջ:

Ափ­սո՜ս:

Ռու­բէն երազ­ներ ու­նէր, հա­յու երազ­ներ, հայ­րե­նի­քը վա­յե­լե­լու երազ­ներ…

Իր յի­շա­տա­կը պի­տի շա­րու­նա­կէ յու­զել մեզ…

 

Յա­կոբ եւ Մա­րի Լուիզ Պալ­եան

Նա­եւ` Ակ­սէլ, Դուին, Լին­տա, Շանթ, եւ իրեն հա­մար միշտ սի­րե­լի մա­նուկ­ներ` Արամ եւ Վան

 

ՄԱՀԱԶԴ

“Հա­մազ­գա­յին“ի Արե­ւել­եան Ա.Մ.Ն.-ի Շրջա­նա­յին Վար­չու­թիւնը կը գուժէ տա­րի­ներ շա­րու­նակ միու­թեան ծա­ռա­յած

 

ՌՈՒԲԷՆ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆի

 

անակնկալ մահը, որ պատահեցաւ Հինգշաբթի Նոյեմբեր 7, 2013-ին, Նիւ Եորքի մէջ:

ՑԱՒԱԿՑԱԿԱՆ

 

“Համազգային“ Նիւ Եոր­քի մաս­նա­ճիւ­ղը,իր խորին ցաւակցու-թիւնները կը յայտնէ  ՌՈՒԲԷՆ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆի ազ­գա­կան­նե­րուն, մօ­տիկ պա­րա­գա­նե­րուն, բա­րե­կամ­նե­րուն եւ ազ­գա­կան­նե­րուն:

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

2 thoughts on “ՈՉ ԵՒՍ Է ՌՈՒ­ԲԷՆ ՊԱՐ­ՍՈՒՄ­ԵԱՆ

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles