ԳլխաւորԼրահոս

ՈՉ ԵՒՍ Է ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՎԵՐԱՊՐԱԾ ԱՍՏՂԻԿ ԱԼԵՄԵԱՆԸ

ՊՈՍԹԸՆ․- Սեպտեմբեր 5-ին մահացաւ 109 տարեկան Աստղիկ Ալեմեանը (Թիթիզեան), որ վերջին տասնամեակին, միշտ ալ ներկայ էր հայոց ցեղասպանութեան ի յիշատակ կազմակերպուած ձեռնարկներուն։

Ապրիլ 1915-ին, հազիւ հինգ գարուններ բոլորած, ան կը կորսնցնէ իր հարազատները եւ Սուրիա կը տարագրուի իր քրոջ՝ Աննային հետ։ Այս երկու տարաբախտ քոյրերուն հօրեղբայրը՝ Կարապետ Թիթիզեան կը հասնի օգնութեան եւ պատճառ կը հանդիսանայ, որ անոնք գաղթեն Միացեալ Նահանգներ։

Փոքր տարիքէն ընտանիք կազմած Սարգիս Ալեմեանի հետ, ան իննիսուն տարեկանին այցելեց Միջին Արեւելք՝ Սուրիա եւ Եգիպտոս։

Հմուտ ասեղնագործ եւ դաշնակահար, ան նաեւ կը սիրէր հայկական տոհմիկ խոհանոցը։

Աստղիկ Ալեմեանի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը կատարուեցաւ Ուաթըրթաունի Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ, որմէ ետք հանգուցեալին մարմինը փոխադրուեցաւ Ուէյմութի գերեզմանատունը:  

Advertisement Subscribe Today

Փոխան ծաղկեպսակի, կարելի է նուիրատուութիւններ կատարել հետեւեալ երեք հաստատութիւններուն․-

  • St. Stephen’s Armenian Apostolic Church, 38 Elton Avenue, Watertown, MA 02472․
  • St. Stephen’s Armenian Elementary School, 47 Nichols Avenue, Watertown, MA 02472
  • Camp Haiastan, 722 Summer Street, Franklin, MA 02038.

Մեկ մեկնաբանութիւն

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button