Ոչ Եւս Է Եուրի Վարդանեան

Միացեալ Նահանգներու մէջ 62 տարեկանին մահացաւ Ողիմպիական խաղերու, աշխարհի 7-ակի եւ Եւրոպայի 5-ակի ախոյեան, ծանրաբարձ Եուրի Վարդանեան:
1980 թուականին իր առաջին մեծ նուաճման Եուրի Վարդանեան հասաւ Մոսկուայի ողիմպիական խաղերու ժամանակ: Ան նուաճեց ոսկի մետալ եւ սահմանեց մրցանիշ` միջին ծանրութեան դասակարգին մէջ բարձրացնելով 400 քլկ:
Եուրի Վարդանեան պարգեւատրուած է բազմաթիւ մետալներով, որոնց շարքին` Աշխատանքային կարմիր աստղ, Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան Վարդանեաններու ընտանիքին ու հարազատներուն յղեց ցաւակցական ուղերձ մը, որուն մէջ կ՛ըսուի.-
«Մեծ ցաւ ապրեցայ` տեղեկանալով հայկական մարմնամարզի առասպելներէն մէկուն` յայտնի ծանրաբարձ, ողիմպիական ախոյեան Եուրի Վարդանեանի անժամանակ մահուան մասին:
Եուրի Վարդանեան հայկական մարզաշխարհին մէջ չափանիշ ու օրինակ էր շատերուն համար: Իր ողիմպիական եւ համաշխարհային մրցանիշերով ան ապացուցեց, որ անկարելին միայն մարտահրաւէր է, որ կարելի է յաղթահարել, որ անկարելին կարելի է կարելի դարձնել:
Անոր յաջողութիւնները կը բարձրացնէին մեր ազգային ոգին եւ բնաւորութիւնն ու կամք կը կոփէին:
Մենք կորսնցուցինք մարզական առասպելը, որուն հետ իմ անձնական հանդիպումներս կը յիշեմ յատուկ ջերմութեամբ:
Ան նոյնպէս հասարակական ու պետական կեանքի գործուն մասնակիցն էր եւ միշտ հայրենիքին հետ էր իր միտքերով եւ ծրագիրներով:
Անկեղծ ցաւակցութիւններս կը յայտնեմ Վարդանեաններու ընտանիքին ու հարազատներուն, կը բաժնեմ անոնց վիշտն ու տխրութիւնը:
Եուրի Վարդանեանի պայծառ յիշատակը միշտ վառ կը մնայ մեր սրտերուն եւ հոգիներուն մէջ»:

