
Խմբագրական
«Արդեօք չէ՞ք լսեր ձեր շուրջը բարձրացող այս սոսկալի ճիչը, որ մարդիկ սովորաբար լռութիւն կ՛անուանեն»:
Վերնըր Հերցոկ (գերմանացի հանրածանօթ բեմադրիչ, ծնած 1942-ին)
Շատեր կը հետեւին Օգոստոս 2-ին սկիզբ առած՝ նորընտիր Ազգային Ժողովի նիստերուն։ Պէտք է ընդունիլ, որ հետեւողը անսպառ համբերութեան կը կարօտի՝ դիմանալու եւ «մարսելու» համար կարգ մը պատահարներ եւ ելոյթներ, յատկապէս երբ բազմիցս կը կատարուին անտեղի միջամտութիւններ, արտայայտութիւններ եւ կ’արձանագրուին տարօրինակ եզրակացութիւններ, որոնք աներկբայօրէն կը մերկացնեն մեծամասնութիւն կազմող «Քաղաքական Պայմանագիր» կուսակցութեան անդամներուն նպատակը. բաց աչքերով կը տեսնենք, թէ անոնք կը գերադասեն մասնակին՝ իշխանութեան դիրքերուն ամրապնդումը, քան թէ ազգային ընդհանուր շահերը, այլ խօսքով, անոնք հետամուտ են ինքն-իշխանութեան. այսինքն կը նախընտրեն «ինքն ու իր իշխանութիւն»-ը՝ պետութենէն եւ անշուշտ պետականութենէն։
Հանրահռչակ բեմադրիչ Վերնըր Հերցոկ, եթէ լրագրողներու խցիկէն առիթ ունենար մօտէն հետեւելու անցուդարձերուն, վստահաբար անխօս մնալով ականատես պիտի ըլլար այս սոսկալի լռութեան, եւ ոսպնեակի ետին գործի անցնելով, հաւանաբար պատրաստէր այլ գլուխ գործոց վաւերագրական ժապաւէն մը, ներմուծելով իր իմաստուն խօսքերը։ Նիւթէն շեղա՞ծ պիտի ըլլանք, նշելով, որ եթէ տաղանդաւոր պատմող՝ Հերցոկի առիթ ընծայուէր Հայոց Ցեղասպանութեան մասին գործ մը պատրաստելու, հաւանաբար ամենայն բծախնդրութեամբ եւ մեծ յաջողութեամբ պաստառ պիտի հանէր իւրայատուկ եւ ազդեցիկ գործ մը, մոռցնել տալով նախապէս կատարուած քանի մը ձախող փորձերը։
Վերադառնանք Ազգային Ժողովի բեմահարթակ, ուր ընդդիմադիր ճակատի արծարծած եւ ահազանգած հարցերուն դիմաց, գունաւոր են նորելուկ «Մեծամասնականներ»-ուն անտարբերութիւնը, այլամերժութիւնն ու հետեւողական դրժումը։ Այս մօտեցումին եւ գործելաձեւին ցայտուն օրինակներէն են ընդդիմադիր ճակատին վերապահուած՝ երրորդ փոխ նախագահի ընտրութիւնն ու երկրի ճգնաժամին, յատկապէս Արցախի մասին խոր քննարկումները, նոյնինքն հայկական երկրորդ պետութեան՝ Արցախի յատուկ մնայուն յանձնախումբի մը կազմութեան առաջարկին մերժումը. այս հարցերը բազմաթիւ ներկայացուցիչներու կողմէ արժանացան լռութեան, անտարբերութեան եւ մինչեւ իսկ բջիջային հեռաձայնի վրայ թղթախաղով տարուելու։ Նախորդ խորհրդարանին մէջ կային «ուսապարկեր», հիմա՞…
Այո՛, պատգամաւորներուն մեծամասնութիւնը ներկայ էր, սակայն իշխանական խմբակի անդամներէն շատերը հոն էին պարզապէս իբրեւ շնչող էակ, եւ ո՛չ թէ հայրենիքով մտահոգ ներկայացուցիչները ժողովուրդին, որմէ քուէ ստացած ըլլալու փաստով կը յոխորտան օրն ի բուն։ Դուրսէն հետեւողին վարպետօրէն «լօ-լօ» կը կարդան (եւ կը հաւատան թէ կը յաջողին), թէ՝ երկար ժամանակ անցած է պատերազմէն եւ ճգնաժամը յաղթահարուած է, փոխանակ իրատեսօրէն ընդունելու, թէ հարցը շատ աւելի լուրջ է եւ փշոտ, նոր վտանգները կը կուտակուին օրէ օր։ Կը փորձեն խուսափիլ «անձնատուութեան» մեղադրանքէն, իրականութիւնը իր անունով կոչողը խօսքէ կը զրկեն եւ կը հեռացնեն խորհրդարանի սրահէն, առանց անդրադառնալու, որ վարչապետը մինչեւ իսկ ամէնէն մօտիկ գործակիցները անտեղեակ պահեց անձնատուական, հողերու նուիրումի որոշումէն, որոնք արդարօրէն արժանացան ամէնէն խիստ որակումներով քննադատութիւններու: Հարց է, թէ որքա՞ն լուրջի պիտի առնուի (հաւանաբար ալ, արդէն իսկ չառնուեցաւ) ընդդիմադիր ճակատի այն առաջարկը, ըստ որուն, պէտք է յառաջիկայ Սեպտեմբեր 2-ին, Ազգային ժողովի նախագահի մակարդակով պատուիրակութիւն մը կազմել եւ այցելել Արցախ, փաստելու, որ եթէ գործադիր իշխանութիւնը ձեռքերը լուացած է Արցախէն, ժողովուրդին ներկայացուցիչները չեն կրնար հետեւիլ անոր օրինակին: (Մեծամասնական «ուսապարկերէն» նման բան սպասելը, ինքնին, անհեթեթութիւն է եւ պիտի ըլլայ ինքնաժխտում):
Երկար մեկնաբանութեան չի կարօտիր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա.-ի սթափեցնող նամակը՝ վարչապետին.- «Այսօր, ինչպէս գիտէք, մեր հայրենիքը լուրջ տագնապներով շրջապատուած է` ներքին թէ արտաքին: Անոր պետականութեան հիմքերը վտանգուած են: Յուսախաբութիւնն ու անորոշութիւնը դարձած են տիրական Հայաստանի ու Արցախի ժողովուրդի կեանքին մէջ: Հետեւաբար, ժողովուրդը կը սպասէ, որ դուք հայրենիքի վերականգնումի ու վերածաղկումի առաքելութեան լծուիք` բարձրագոյն աստիճանի նպատակասլաց պատասխանատուութեամբ ու յանձնառութեամբ»:
Ծանր ու դժնդակ կացութիւնը նկարագրող այս խօսքերէն ետք, արդեօք կարելի՞ է չլսել Հերցոկի նկարագրած սոսկալի եւ սարսափելի ճիչը, որ կը հնչէ հո՛ն՝ խորհրդարանին մէջ, նոր օրերու «մեծամասնականներ»-ուն կողմէ, եւ ունի մէկ որակում. ՈՂԲԱԼԻ ԼՌՈՒԹԻՒՆ։