
ՍԱՐԳԻՍ ՏԱՂՏԷՎԻՐԵԱՆ
Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին յաջորդող օրերուն թէ՛ հայ բանակի զինուորականները, թէ՛ կամաւորները «Ո՛չ մէկ թիզ հող հակառակորդին» եզրը լոզունքի նման գործածեցին տպագիր եւ եթերային մամուլի թղթակիցներուն. միւս կողմէ, մեր քաղաքական-դիւանագիտական վերնախաւը ընդունելէ ետք ատրպէճանական կողմէն եկած զինադուլի առաջարկը, սկսաւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի միջնորդներուն կողմէ խմբագրուած Մատրիտի (Յուլիս 2007) եւ ապա Քազանի (Յունիս 2011), գրեթէ համաձայնեցուած, բայց ձախողած, հայ-ատրպէճանական խաղաղութեան ծրագիրներուն մասին կրկին անգամ խօսիլ:
Մինչեւ այս վերջին արտայայտութիւնները, վերոյիշեալ քաղաքներուն անունով կոչուած ծրագիրներուն մասին շատ բան չէր փոխանցուած հանրութեան: Ի վերջոյ յայտնի դարձաւ, թէ անոնք կը պարունակէին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան (ԼՂՀ) Պաշտպանական Ուժերու ազատամարտիկներուն ազատագրած Պատմական Հայաստանի 7 տարածքները աստիճանաբար Ատրպէյճանին վերադարձնելու եւ փոխարէնը ԼՂՀ-ի բնակչութեան ինքնորոշումի հանրաքուէի մը խոստումին գլխաւոր կէտերը:
Այս աշխատանքը պիտի ջանայ ցոյց տալ, թէ «Ո՛չ մէկ թիզ հող հակառակորդին»-ը սոսկ լոզունք չէ, այլ կը բխի ԼՂՀ-ի եւ հետեւաբար ամբողջ հայ ժողովուրդին անվտանգութեան պահանջէն: Առաւել, այս աշխատանքին մէջ յիշուածները նոր գիւտարարութիւններ չեն, նախապէս յիշուած են քաղաքական, զինուորական, կուսակցական, պատմական եւ մշակութային գործիչներու կողմէն, պարզապէս հարկ է, այս օրերուն վտանգաւոր առոգանութեամբ հոլովուող տարածքներու վերադարձուելուն, դէմ, հաստատ կերպով, անգամ մը եւս շեշտել իրաւատէր հայ ժողովուրդին կեցուածքը:
Նաեւ, այս աշխատանքը պիտի չմանրամասնէ կարգ մը բացարձակ իրականութիւններ, որոնք անվիճելի են գոնէ պահանջատէր հայուն համար.
– Թէ ազատագրուած այդ 7 տարածքներուն համար հայութիւնը եւ մանաւանդ արցախահայութիւնը վճարած է շատ սուղ՝ իր լաւագոյն զաւակներուն՝ ազատամարտիկներուն (Ազատութեան Մարտիկներուն) կեանքը, անհաշիւ զինական ու նիւթական միջոցներ եւ անչափելի տառապանք:
– Թէ այդ տարածքները հայութեան ծագումին առաջին օրէն իսկ մաս կազմած են Հայաստանի թագաւորութիւններուն, իշխանական տոհմերուն կամ Մելիքութիւններուն:
– Թէ արիւնով ազատագրուածը թուղթով չվերադարձուիր: Յաղթանակով աւարտած պատերազմը դիւանագիտութեան քուլիսներուն մէջ պարտութեան կարելի չէ վերածել, ինչ ալ ըլլայ ճնշումներու տարողութիւնը. իսկ եթէ որեւէ միաւոր կը փորձէ ատիկա ընել, կ’արժանանայ իր ժողովուրդին կողմէն զգետնումի:
– Թէ Ատպէյճանը Հայաստանէն բազմապատիկ անգամ աւելի կը ծախսէ եւ գոնէ ցարդ միջոցներն ու կապերն ալ ունի իր բանակը ուժեղացնելու, զինանոցը բազմացնելու եւ արդիականացնելու:
– Թէ Թուրքիան, Օսմանեան կայսրութեան օրերէն, ծրագրած եւ մինչեւ այսօր փորձած է յաջողցնել Փանթուրքիզմը, նախ միանալով Ատրպէյճանին, հասնելու Կեդրոնական Ասիոյ իր ցեղակիցներուն, այդպիսով կտրելու ռուսական ծաւալողական ձգտումները դէպի հարաւ: Հայ ժողովուրդն ալ, որպէս առաջին արգելք այս նպատակին, հարկաւոր կը դառնայ վերացնել, Արեւմտահայաստանի մէջ ըլլայ ան (Հայոց Ցեղասպանութիւն), Արեւելահայաստանի (կասեցուած Սարդարապատով, Բաշ Ապարանով ու Ղարաքիլիսայով), թէ Արցախի (կասեցուած 1988-1994-ի Շարժումով ու Գոյամարտով). հայութենէն ետք վերացնելու հերթը այդ ճամբուն վրայ բնիկ միւս ժողովուրդներուն եղած է եւ է ներկայիս ալ՝ յոյներ, ասորիներ եւ քիւրտեր:
Վերլուծութիւնը հարկ է կատարել հարցին հետ առնչութիւն ունեցող բազմազան երեսներով, որոնք կրնան նաեւ ամբողջական չըլլալ, բայց հարկ է զանոնք մեկնարկել:
Ռազմագիտական
Արցախը, Խորհրդային Միութեան օրերուն ճանչցուած որպէս Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզ (ԼՂԻՄ), 1988-էն մինչեւ 1991 քանիցս կը փորձէ սահմանադրական ճանապարհներով միանալ Հայաստանին, դիմելով Խորհրդային Միութեան կեդրոնական իշխանութիւններուն, սակայն միշտ ալ կը մերժուի անոնց կողմէն: 1991-ին Արցախը կը յայտարարէ իր անկախութիւնը եւ կը ստեղծուի ԼՂՀ-ը: Յետագայ տարիներուն, ատրպէճանցիք պատերազմի ուժով կը փորձեն ճնշել արցախահայութեան ազատատենչութիւնը ու կը սկսի Արցախի գոյամարտը, որ արիւնալի, երկարատեւ ճակատումներէ եւ հազարաւոր զոհերէ ետք, 1994-ին կը յանգի զինադադարի, հայկական կողմի յաղթանակներէն, 7 տարածքներուն ազատագրումէն, սակայն նաեւ կարգ մը հողատարածքներու կորուստէն ետք (ԼՂԻՄ-ի Շահումեանը, հատուածներ Մարտակերտէն ու Մարտունիէն եւ Հայաստանին նախապէս պատկանող Արծուաշէնը):

Այժմ թիւերու մասին:
Խորհրդային Միութեան օրերուն, Հայաստանի հետ ցամաքային ոչ մէկ կապ ունեցած ԼՂԻՄ-ի Խորհրդային Ատրպէյճանի հետ սահմաններու երկարութիւնը մօտ 650 քլմ. (քիլոմեթր) եղած է, ներառեալ վերոյիշեալ կորուսեալ տարածքները (Շահումեան եւ հատուածներ Մարտակերտի ու Մարտունիի շրջաններէն): 1994-ի զինադադարէն ետք, Քարվաճառ-Քաշաթաղ (Քելբաջար-Լաչին) միջնատարածքով Հայաստանի հետ հողային միացումով, Ատրպէճանի հետ շփման գիծի երկարութիւնը կը վերածուի մօտ 220 քլմ.-ի:
220 քլմ. փոխան 650-ի, գրեթէ 3 անգամով աւելի կարճ:
Նոյն ատեն, Հայաստանի սահմաններու երկարութիւնը Խորհրդային Ատրպէյճանի հետ մօտ 800 քլմ. եղած է, ներառեալ Արծուաշէնը եւ Նախիջեւանը: 1994-ի զինադադարէն ետք, սահմաններու երկայնքը երկու անկախ երկիրներուն միջեւ կը վերածուի մօտ 480 քլմ.-ի Քարվաճառ-Քաշաթաղ միջնատարածքով ԼՂՀ-ի հետ միացումով ու Արծուաշէնի կորուստով:
480 քլմ. փոխան 800-ի, 40%–ով աւելի կարճ:
ԼՂՀ-ի եւ Հայաստանի Ատրպէյճանի հետ նախկին սահմաններու երկարութիւնը, միասնաբար, մօտ 1450 քլմ.-ը, 7 տարածքներու վերադարձուելուն պարագային, փոխան ներկայի 700 քլմ.-ի, պիտի պահանջէ կրկնապատիկ թիւով զինուորներ (ու կամաւորներ) եւ միջոցներ, թէ՛ խաղաղութեան, թէ՛ պատերազմի պարագային:
Այլ խօսքով, եթէ հայոց ցամաքային բանակը, Հայաստանի ու Արցախի միասնաբար, կը հաշուէ մօտ 70,000 զինուոր (ըստ International Institute for Strategic Studies կազմակերպութեան «The Military Balance 2013» պարբերական տեղեկագրին) եւ ենթադրելով, թէ ամբողջ այս բանակը տեղակայուած է միայն Ատրպէյճանի դէմ հայկական սահմանները պաշտպանելու, առանց զինուոր տրամադրելու ա՛լ աւելի վտանգաւոր Թուրքիոյ ու յարաբերաբար բարեկամական Վրաստանի ու Իրանի սահմաններուն, ներկայի 700 քլմ.-ի համար ունինք, մօտ 100 տրամադրելի զինուոր ու սպայ իւրաքանչիւր քլմ.-ին կամ 1 զինուոր իւրաքանչիւր 10 մեթրին համար, ամէն վայրկեան, ցերեկ-գիշեր, առանց փոխարինողի: Ազատագրուած 7 տարածքներուն վերադարձուելուն պարագային, իւրաքանչիւր քլմ.-ի համար կ’ունենանք միայն 49 տրամադրելի զինուոր ու սպայ կամ 1 զինուոր իւրաքանչիւր 20 մեթրի համար, ամէն վայրկեան, ցերեկ-գիշեր, առանց փոխարինողի: Քառօրեայ պատերազմէն ետք փորձեցէք գործնականի խոշորացոյցով դիտել վերոյիշեալը եւ պիտի տեսնէք անվտանգութեան ցնդումը:
Ճիշդ այս պատճառով է նաեւ, որ ճնշում կը բանեցուի հայկական կողմին վրայ հողատարածքներու վերադարձով, միջազգային խաղաղապահներ տեղադրել ընդունիլը, որովհետեւ Ատրպէյճանը (ի մասնաւորի) գիտէ թէ հայկական կողմը, առանձին, դժուարութիւն պիտի ունենայ այդքան երկար սահմաններ պահելը. առաւել, միջազգային խաղաղապահներ տեղադրելը կամ չտեղադրելը նոյնն է, որովհետեւ անոնք աշխարհի վրայ ուր որ ալ գործուղղուած են, խորհրդանշական ներկայութիւն միայն եղած են, նոյնիսկ զոհեր տուած, բայց ո՛չ մէկ տեղ միջամուխ եղած զինուորական գործողութիւններու, հետեւաբար, ցեղասպան Ատրպէճանի սպառնալիքը միշտ առկայ պիտի մնայ:
Աշխարհագրական
Ազատագրուած տարածքներուն բարձրադիր լեռներէն կը բխի Արցախի Թարթառ գետը, որ հանրապետութեան հիւսիսի, Մռավի լեռնաշղթային կիրճերէն ու ձորերէն հոսելով կը կազմէ Սարսանդի ջրամբարը, որ ջուր կը հայթայթէ Մարտակերտ քաղաքին եւ կ’որոգէ ամբողջ Մարտակերտի մարզին արօտավայրերը:
Սարսանդի ջրամբարը այնքան կարեւոր է, նոյնիսկ Ատրպէճանի համար, որ ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի խաղաղարար համանախագահները անոր նիւթը ըրին հայ-ատրպէյճանական բանակցութիւններուն ընթացքին, որ հակառակորդները համատեղ ու միասնաբար օգտուին անոր ջուրերէն:
Նման է պարագան նաեւ ԼՂՀ-ի Խաչենագետին, որ նոյնպէս կը բխի ազատագրուած տարածքներէն:
Վտանգաւորը, ազատագրուած տարածքներու յանձնումով, Թարթառի ու Խաչենագետի ակունքները եւ ընդհանրապէս ԼՂՀ-ի ջրային մատակարարման 85%-ը կ’անցնին ատրպէճանցիներու հսկողութեան տակ ու ինչպէս ԼՂՀ-ի նախագահի բանբեր Դաւիթ Բաբայեանը բազմիցս յայտարարած է ( «Ապառաժ» Յուլիս 15, 2015), անոնք կը դառնան թունաւորման անգամ մը եւս ենթակայ, ինչպէս 1990-ականներու սկիզբները ատրպէճանցիք նախընթացը արդէն կատարած են, մինչեւ այդ տարածքներու ազատագրումը ԼՂՀ ազատամարտիկներուն կողմէն:
Վտանգը առկայ է նաեւ Հայաստանի Որոտան եւ Արփա գետերուն պարագային, որոնք նոյնպէս կը բխին ազատագրուած Քարվաճառ-Քաշաթաղ միջնատարածքի լեռներէն ու կը հոսին Սիւնիքի լեռներուն կիրճերուն մէջ:
Երկրորդ ազդակ է Արցախի լեռնաշղթաներուն ընձեռած բնական պաշտպանութիւնը:
Հիւսիսի Մռավի լեռնաշղթան, որուն արեւմտեան մասը կը գտնուի ազատագրուած տարածքներուն մէջ, անոնց յանձնուելուն պարագային կը կորսուի ԼՂՀ-ի հիւսիսային անանցանելի պարիսպը:
Արցախ լեռնաշղթան (նախկին Ղարաբաղ լեռնաշղթայ) կ’երկարի ԼՂՀ-ի հիւսիսէն հարաւ: Անոր արեւմտեան լանջերը կը գտնուին Քարվաճառ-Քաշաթաղ միջնատարածքին մէջ, որուն յանձնուելուն պարագային, ԼՂՀ-ի արեւմտեան լեռնաշղթայ-պարիսպին արեւմտեան լանջերը կը կորսուին հայոց համար:
Նոյն միջնատարածքին կորուստով, Հայաստանի ալ արեւելեան սահմանային բարձունքներուն (Արեւելեան Սեւանի, Վարդենիսի եւ Սիւնիքի լեռնաշղթաներ) ապահովութիւնը կը կորսուի եւ սահամանամերձ մարզերը կը դառնան թիրախ ատրպէճանական ամէնէն սովորական զինանոցին:

Երրորդ ազդակ մը՝ ազատագրուած Աղդամը Ասկերանէն հազիւ 15 քլմ. եւ մայրաքաղաք Ստեփանակերտէն 25 քլմ. հեռու է: Աղդամի վերադարձուելուն պարագային, գրեթէ դաշտային ճանապարհով, վերջինները կը դառնան գրաւիչ պատառ ատրպէճանական նոյնիսկ ցամաքային արշաւանքներու, ինչպէս նպատակն էր Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի ընթացքին ձախողեցուած մէկ փորձին:
Մշակութային
Քարվաճառ-Քաշաթաղ միջնատարածքին մէջ կը գտնուին, այլ յուշարձաններու շարքին, հայ մշակոյթի հոգեւոր բազմաթիւ կոթողներ՝ Դադիվանքի համալիրը, Ծիծեռնավանքը, Ծառա Ս. Աստուածածինը, Զօրախաչ Ս. Աստուածածինը, Ամուտեղը եւ Ձորավանքը:
Կ’արժէ երկու խօսք աւելի ըսել ասոնցմէ երկուքին մասին.
Դադիվանքը հիմնուած է Ա Դարուն, ըստ աւանդութեան, Յիսուսի աշակերտներէն, Հայաստան գործուղղուած Ս. Թադէոս Առաքեալի սաներէն Ս. Դադիի մասունքներուն վրայ: Ներկայ համալիրը սկսած է կառուցուիլ ԺԲ դարուն: Բազմիցս քանդուած է արշաւող բանակներու կողմէն, սակայն ամէն անգամ վերակառուցուած է աւելի շքեղ եւ որպէս աւելի կարեւոր կեդրոն հայ մատենագիտութեան, արուեստի ու հոգեւորականութեան:

Դադիվանքի համալիր
Ծիծեռնավանքն ալ (հիմնուած Դ-Ե դարերուն) վերջին ազատագրումին յաջորդած, 1994-ի զինադադարէն ետք, վերստացած է ուխտատեղի ըլլալու իր հանգամանքը եւ հոն տեղի կ’ունենան տարեկան փառատօն եւ հանդէսներ:

Իսկ Աղդամի մօտերը, ազատագրուած տարածքներուն մէջ կը գտնուի Արցախի Տիգրանակերտը (Տիգրան Մեծի կողմէն կառուցուած, Ք.Ա. Ա դարուն), ուր 2006-ին պեղումներ սկսած են եւ յայտնաբերուած հնութիւններուն համար աւելի ուշ բացուած է թանգարան:

Կը բաւէ յիշեցնել Նախիջեւանի, քանի մը տարի առաջ մեծ աղմուկ հանած, խաչքարերուն քանդումին պարագան, Պաքուի ու ատրպէճանական, նախապէս հայաշատ, միւս քաղաքներուն հայկական եկեղեցիներուն եւ յուշակոթողներուն աւերումին օրինակները (առանց տակաւին խորանալու Արեւմտահայաստանի մեր հոգեւոր, մշակութային ու պատմական հազարաւոր կոթողներուն բռնի աւերակուած իրավիճակին), եզրակացնելու համար ազատագրուած տարածքներուն պատմական գանձերուն սպասող ճակատագիրը, վերադարձուելու պարագային:
Քաղաքական-Ռազմավարական
Ազատագրուած տարածքներուն մաս կը կազմեն Կովսական (նախկին Զանգելան), Մեխակաւան (նախկին Ջաբրայիլ), Քաշունիք (նախկին Ղուբաթլի) եւ Վարանդա (նախկին Ֆիզուլի) քաղաքները իրենց շրջաններով, որոնք ԼՂՀ-ը միացուցին հարաւ-արեւմուտքէն՝ Հայաստանին ու հարաւէն՝ Իրանին, այդպիսով ԼՂՀ տարածքները հասան մինչեւ Արաքս գետ եւ Իրանի սահման ու վերացուցին Հայաստանի հարաւին՝ Մեղրիի շրջանին սպառնացող Ատրպէճան-Նախիջեւան անցք բանալու եւ Հայաստանը Իրանէն կտրելու վտանգը, որ յաճախ քրքրուած է միջազգային քաղաքականութեան եւ մամուլին մէջ:
Մատրիտի եւ Քազանի առաջարկութիւններուն մէջ, տարածքներուն վերադարձին կողքին կը խօսուի նաեւ Ատրպէյճանին դէպի Նախիջեւան Հայաստանի հարաւէն ազատ անցք տալու մասին:
Թուրքիան ու Ատրպէյճանը, Արցախի գոյամարտի առաջին օրերէն ի վեր, փակեցին Հայաստանի հետ իրենց սահմանները: Հայաստանի հիւսիսային դրացիի՝ Վրաստանի սահմանները բանուկ են, սակայն միշտ վտանգի ենթակայ, ըլլա՛յ Վրաստանի Ռուսիոյ հետ ունեցած իւրաքանչիւր տագնապին ժամանակ, ըլլա՛յ հայկական Ջաւախքը Վրաստանի կողմէ ճնշելու նուազագոյն առիթին: Հետեւաբար եւ դժբախտաբար, Հայաստանին, ապահով առեւտուրի համար, կը մնայ միայն Իրանի ցամաքային սահմանագիծը, որ ռազմավարական առումով որքան երկարութեամբ պահուի, այնքան աւելի բարենպաստ արդիւնք կրնայ ունենալ:
Ազատագրուած տարածքներուն վերադարձին պարագային ո՛չ միայն ԼՂՀ-ը կը կտրուի Իրանէն, այլ կը վերակենդանանայ Հայաստանին սպառնացող վերոյիշեալ ճակատագրական վտանգը:
* * * *
Հոս տեղին է բերել մի քանի մէջբերումներ Արցախ Աշխարհի ընդհանրապէս հայութեան համար կարեւորութեան մասին.
«Պատմութիւնը մեզ շատ փաստերով ցոյց է տալիս, որ նուաճող ազգերի ահաւոր յորձանքները գալիս ընդհարւում էին Ղարաբաղի լեռնաստանին, փշրւում էին ու ետ դառնում: … Առանց Ղարաբաղի լեռնաստանի անհնարին է երեւակայել Հայաստանի սրտի՝ այն է՝ Արարատեան երկրի պաշտպանութիւնը հիւսիսային եւ արեւելեան տափաստաններից:»
ԼԷՕ (1860-1932), պատմաբան, «Երկերի ժողովածու», հատոր 3:
«Երբե՛ք առանց Սիւնիքի եւ Արցախի: Առանց Հայաստանի աշխարհագրական այդ ուժեղ ողնաշարին մեր ամբողջական հայրենիքը գոյութիւն ունենալ չէ կարող:»
ԳԱՐԵԳԻՆ ՆԺԴԵՀ (1886-1955), զօրավար, «Ազատ Սիւնիք» (Իմ պատուիրանները):
«Մեր դէմ սկսուած պատերազմի վերջնական արդիւնքի մասին ես գիտեմ մէկ ճշմարտութիւն. ունենալու ենք ազատ Ղարաբաղ: Ազգովին պարտադրուած ենք յաղթելու, որովհետեւ դրուած է Արցախի հայութեան լինել-չլինելու հարցը: Մեր ողջ պատմութեան ընթացքում հայոց գոյապայքարի առջեւից ընթացող արցախահայութիւնը պարտուելու տարբերակ չունի, որովհետեւ պարտութիւնը՝ դա վերջն է…»
ԲԵԿՈՐ – ԱՇՈՏ ՂՈՒԼԵԱՆ (1959-1992), ազատամարտիկ, հրամանատար, («Բեկորը ինչպէս որ կար», հեղինակ՝ Արմէն Դանիէլեան):
* * * *
Բոլոր վերոյիշեալները նկատի առած, արցախահայութեան ու բնականաբար ամբողջ հայութեան անվտանգութիւնը սակարկութեան նիւթի կարելի չէ վերածել. առեւտուրի եւ «փոխ»-զիջումի առարկայ կրնան դառնալ միայն հաւասար արժէք ներկայացնող հարցեր, երեւոյթներ կամ առարկաներ: Իսկ յաղթող կողմի պարագային կշիռքը ծանրօրէն կը թեքի իր կողմը:
Հայկական քաղաքական-դիւանագիտական վերնախաւը, մանաւանդ սահմանագիծի մեր բանակայիններուն կողմէ ատրպէճանցիներուն կայծակնային յարձակումները թաղող սխրագործութիւններէն ետք, հայ ժողովուրդին կողմէն իրեն տրուած իրաւունքը ունի, անզիջող «Ո՛չ մէկ թիզ հող հակառակորդին» պայմանը դնելու բանակցութիւններու սեղանին եւ իր կարգին, իր դիրքերը պահելու, թեկուզ իր բաժանմունքի զոհերուն գնով, մեր ցանկացած Միացեալ Հայաստանի արեւելեան նահանգները ամրագրելու:
ayo ,voch mi tiz mer patmakan hayrenikic ,der petk e Arcvashen@ ev mnacac hokhern el azatagrven Arcax@ ambokhjakan tesnelu hamar,tekuz mek shrjan zijel knshanaki vor turk@ &isht e menk anvokhnashar azg klinenk aydjam ,inchpes kareli ehazaramyakner sharunak mer Hayi aryunov nerkvac ,srbacvac hayreniki tekuz mek tiz@ handznel tshnamun ,mite menk der xelki chenk ekel ,ashxarhi ays toh u bohi mej azger@ hayrenik en nva&um ,mer hashvin petk e otarner@ hayrenik stekhcen ,voch hazar angam voch ,ete chenk uzum apagayum nmanvel Asorinerin ….