Ո՛Չ… «ՃԵՐՄԱԿ ՋԱՐԴ» ՉԻ՛ ՍՊԱՍԵՐ ՍՈՒՐԻԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ

0 0
Read Time:7 Minute, 3 Second
REFILE - CORRECTING CITY Syrian refugee Levon Kourken, 4, stands on an aisle during a welcoming service for Syrian refugees at St. Mary Armenian Apostolic Church at the Armenian Community Centre of Toronto in Toronto, December 11, 2015. REUTERS/Mark Blinch
REUTERS/Mark Blinch

ԱՆԻ ՓԱՆՈՍԵԱՆ-ՄՈՒՐԱՏԵԱՆ
Նիւ Ճըրզի

1211refugee1-300x158Պատմական նշանակութիւն ունեցող գաղութ մը անհետացման վտանգին եզրին գտնուելով, Սուրիոյ տագնապին առաջին օրերէն սուրիահայութեան արտագաղթը, կամ նոյնիսկ Հայաստան ներգաղթը, չքաջալերուեցաւ՝ արդարացիօրէն։ Բայց ապահովութեան եւ բնականոն կեանքի պայմաններու հետզհետէ վատթարացումով, հակառակ սուրիահայութեան այս գաղութին կառչած մնալու բուռն փափաքին, մեծ թիւով ընտանիքներ որոշեցին կեանք որոնել նոր տեղեր։
Մեծամասնութեան համար առաջին կանգառը եղաւ Հայաստանը։ Պէտք է ըսել, որ շատեր փորձեցին, իսկապէ՛ս ուզեցին ու ամէն ջանք ի գործ դրին՝ Հայաստան հաստատուելու համար։ Սակայն իրենց ապրելակերպին չյարմարող պայմաններու հանդիպելով, սկսան գաղթել եւրոպական երկիրներ, որոնց դիրքը մեծամասնութեան համար անծանօթ էր նոյնիսկ քարտէսի վրայ։ Գաղթի օրինական ձեւերու բացակայութեան՝ հոն հասնիլ ուզողները մեծ մասամբ դիմեցին մաքսանենգերու տարատեսակ հնարամտութեանց, առաւել՝ վճարելով հսկայական գումարներ։ Կեանքերնին վտանգի դնելու գնով հոն հասնողները միա՛յն ժամանակաւոր կեցութեան դրութիւն ստացան տեղւոյն կառավարութենէն, եւ այն ալ ենթակայ՝ վերատեսութեան։
Սուրիոյ մէջ քաղաքական անկայութիւնը ի՛նչ ուղղութիւն ալ ստանայ, անհաւանական է որ սուրիահայ գաղութը ամբողջովին վերանայ։ Որքան ալ ան նօսրանայ, տակաւին կա՛ն մարդիկ, որոնք ի գին ամէն ինչի, որոշած են իրենց կեանքը հո՛ն շարունակել։ Սակայն մտահոգիչը այն է, որ գաղթողներէն շատեր կայք հաստատեցին այնպիսի երկիրներու մէջ, ուր կազմակերպուած գաղութներ չկան, դպրոց, եկեղեցի, ակումբ սակաւաթիւ են։ Եւ մենք ժողովուրդ մըն ենք, որ առանձին չենք կրնար գոյատեւել։ Մեզի համար մեր նմաններէն հեռու մնալը համազօր է առանց հացի մնալու։ image (1)
Վերջին շրջանին նոր թափ ստացաւ դէպի Գանատա գաղթելու պարագան։ Թորոնթոյի եւ Մոնրէալի հայ համայնքները, անհատ խնամակալի մը աջակցութեամբ, սկսան երաշխաւորել սուրիահայերու գաղթը դէպի Գանատա։
Գանատայի նման երիտասարդ եւ յարատեւ զարգացող երկրի մը համար նորութիւն չէ գաղթականներ ու փախստականներ ընդունիլը։ Զանազան երկիրներէ տարեկան շուրջ 250,000 գաղթականներ կը հասնին Գանատա։ Ասոնք յատուկ դիմումնագիրով եկած գաղթականներ են, որոնք մեծ մասամբ երիտասարդ տարիքի եւ բարձր ուսման ու յատուկ կարողութիւններու տէր անհատներ են։ Իրենց դիմումնագիրը ընդունուելու համար պէտք է ամբողջացնեն դժուար պայմաններ ու սպասեն երկար տարիներ։ Սակայն ասոնց կողքին, Գանատան նաեւ ապաաստան կու տայ տարեկան շուրջ 10,000 փախստականներու, որոնք ենթարկուած են ազգային ու կրօնական խտրականութեան կամ հալածուած են քաղաքական, ընտանեկան ու սեռային պատճառներով ։ Համաշխարհային Երկրորդ Պատերազմէն ի վեր Գանատան ապաստան տուած է այսպիսի մէկ ու կէս միլիոն փախստականներու։ image
Գաղթականներ ընդունելու միջազգային իր այս առաքելութեան Գանատան առաջին անգամ ձեռնարկած է 1923ին՝ ապաստան տալով Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրած 110 տղոց։ Գանատայի ժողովուրդին եւ կառավարութեան կողմէ հովանաւորուած այս տղաքը վերաբնակեցուած են Թորոնթոյէն երեսուն մղոն հիւսիս արեւմուտք գտնուող Ճորճթաուն աւանի մէջ գտնուող ագարակի մը մէջ, ուր անոնք դաստիարակուած են որպէս հողագործներ։ Յետագային այս տղաքը պատմութեան անցան յիշատակուելով որպէս «Ճորճթաունի Տղաքը» (The Georgetown Boys): 2010ին Ճորճթաունի ագարակը հռչակուեցաւ քաղաքապետական հնագիտական վայր, կասեցնելով անոր քանդումը։
Գանատայի ժողովուրդը, որուն մեծ տոկոսը իրենք ալ գաղթականներ են, ընդհանրապէս դրական տրամադրուած են Սուրիացի գաղթականներու հանդէպ։ Թէեւ նախորդ Դեկտեմբերին Ֆրանսայի եւ Լիբանանի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչական արարքները երկմտանքի ենթարկեցին ոմանց, սակայն երկրին նորընտիր վարչապետ Ճասթին Թրուտօ որոշած է մինչեւ յառաջիկայ Փետրուարի աւարտը 25,000 Սուրիացի փախստական ընդունիլ, որոնցմէ 15,000ը արդէն հասած են։601b23df-2558-4e84-a0ed-fc1e88a6e425
Գանատան նաեւ եղաւ առաջին երկիրը, որ սուրիացի գաղթականները ընդունեց առանց վիրաւորելու անոնց արժանապատուութիւնը եւ առանց վտանգի ենթարկելու անոնց կեանքը։ Աւելին, Դեկտեմբեր 13ին, Գանատան Լիբանան ուղարկեց պետական առաջին օդանաւը, ապահովելով ժողովուրդին անվտանգ փոխադրութիւնը՝ առանց փոխհատուցման։Անոնք օդակայանէն ներս անձամբ դիմաւորուեցան երկրին վարչապետին կողմէ։
Գանատան աշխարհի երկրորդ ամենամեծ երկիրն է, ցանցառօրէն բնակեցուած միայն 35 միլիոն բնակչութեամբ (Ա.Մ.Ն.-ի բնակչութեան մէկ տասերորդը), կեդրոնացած՝ յատկապէս երկրին հարաւային մասերուն մէջ, ուր կլիման համեմատաբար աւելի մեղմ է։ Իր ապահոված գաղթի պայմաններուն շնորհիւ, Գանատան կը համարուի աշխարհի ամենաբազմամշակոյթ երկիրներէն մէկը։
Այս բոլորը ի մտի ունենալով՝ որպէս հայ մեզի համար էականն ու խրախուսականը այն է, որ Գանատայի մէջ կան կայուն ու հաստատուն հայկական գաղութներ, մօտ 80,000 հաշուող հայութեամբ, գլխաւորաբար կեդրոնացած Թորոնթոյի եւ Մոնրէալի մէջ։
Հայերու առաջին գաղթը դէպի Գանատա կ՚ենթադրուի որ սկսած է 1890ականներուն, երբ առաջին հայերը հոն հասած են Համիտեան ջարդերէն փախուստ տալով։ Ոմանք ալ ժամանակաւորապէս եկած են աշխատանք որոնելու համար։ Սակայն, ինչպէս միւս գաղութներու պարագային, գլխաւոր հոսքը եղած է Ցեաղասպանութենէն վերջ։ Իսկ գաղութային կազմակերպուած կեանքը սկսած է անցեալ դարու երկրորդ կէսէն վերջ, Միջին Արեւելքէն եւ յատկապէս Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի հետեւանքով հոն տեղափոխուած հայերու հաստատումով։
mmrsyrians0023jpg.jpg.size.xxlarge.letterbox
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ երկու գլխաւոր Կաթողիկոսական աթոռները ունին իրենց թեմերը եւ Առաջնորդարանները։ Էջմիածնի Առաջնորդարանը հիմնուած է 1983ին եւ ունի 11 թեմական եկեղեցի, իսկ Կիլիկիոյ Առաջնորդարանը հիմնուած է 2002ին (նախապէս մաս կազմած է Ա.Մ.Ն.-ի Արեւելեան Թեմի Առաջնորդարանին) եւ ունի 7 թեմական եկեղեցի։
Նկատի առած որ սուրիահայերը Գանատա հասնելու համար երաշխաւորուած են գանատահայ համայնքին կողմէ, այս մէկը իրենց ընդունման ընթացքը կը դիւրացնէ։ Սակայն Գանատա հասնելէ ետք անոնք դէմ յանդիման կը մնան այլ տեսակի դժուարութեանց դիմաց, որովհետեւ պետութենէն ոչ մէկ օժանդակութիւն կրնան ստանալ։
Գանատայի մէջ տարբեր համայնքներ կը փորձեն օգտակար դառնալ սուրիահայ գաղթականներուն, ապահովելով անոնց տնտեսական եւ հոգեբանական աջակցութիւններ, աշխատանք ապահովելու հնարաւորութիւններ, ինչպէս նաեւ կը կազմակերպեն հանդիպումներ, ուր ծանօթացման տեղեկութիւններ կը փոխանցուին երկրի օրէնքներուն մասին։ Բայց պէտք է հասկնալ, թէ այս միայն մեղրալուսնի շրջանն է, երբ անոնք տակաւին բոլորին ուշադրութեան եւ հոգատարութեան կեդրոնն են։ Պիտի գայ ժամանակ, երբ ամէն մէկ ընտանիք պիտի զգայ որ առանձին է իր կեանքը բարելաւելու դժուար գործին մէջ, որ կրնայ տեւել տարիներ։canadatrudeausyrianrefugee

Գանատան հզօր տնտեսութիւն ունեցող երկիր է, որուն շուկան սերտօրէն առնչուած է Ա.Մ.Ն.-ի հետ։ Անգործութեան տոկոսը 7%ի շուրջ է, որ բաւական ընդունելի է։ Այսուհանդերձ, գործ գտնելը սուրիահայութեան դիմագրաւած մեծագոյն տագնապն է, գոնէ սկզբնական շրջանին համար, մանաւանդ նկատի առած որ գաղթողներէն մեծ տոկոս մը միջին տարիքի հասած ընտանիքի տէր մարդիկ են, որոնք երբեմն ստիպուած պիտի ըլլան իրենց մասնագիտութիւնը փոխել եւ բոլորովին նոր գործի ձեռնարկել։ Իսկ ամենադժուար բաժինը այն է, որ այս գաղթը բոլորին համար անկանխատեսելի էր, հետեւաբար չեն նախապատրաստուած անոր։ Հոս տեղին է յիշել, թէ մեծ թիւով գանատահայ գործարարներ մեծ ջանք կը թափեն իրենց անձնական գործերուն մէջ տեղաւորելու սուրիահայ պաշտօնեաներ։ Ժամանակի եւ համբերանքի կարօտող հարց է այս։ Սուրիահայերը զանազան արհեստներու մէջ մասնագիտական բարձր մակարդակի տէր են, ինչ որ ուշ կամ կանուխ պիտի գնահատուի իրենց նոր միջավայրին մէջ։
Թէեւ ոմանք, որպէս անարգանք, փորձած են մեզ նմանցնել գնչուի կամ հրեայի, սակայն հաստատ ու անհերքելի իրողութիւն է որ հայերս տեղափոխուող ժողովուրդ եղած ենք։ Վկայ՝ Պատմական Հայաստանի մայրաքաղաքները։ Երկու հազար հինգ հարիւր տարուան ընթացքին ունեցած ենք տասներեք մայրաքաղաք։ Իսկ երբ այլեւս նոր քաղաք մը չենք գտած Հայկական Բարձրաւանդակի մէջ մայրաքաղաք դարձնելու, տեղափոխուած ենք Միջերկրականի ափերը, ուր հաստատած ենք մեր վերջին թագաւորութիւնը։
Մեր ժողովուրդը իր պատմութեան ընթացքին ունեցած է բազմաթիւ հայկական գաղթօճախներ, որոնք ծաղկած են շրջանի մը համար, եւ յետոյ, հետզհետէ խամրելով, իրենց տեղը զիջած են նորաստեղծ այլ գաղութներու։ Կալկաթա, Նոր Ջուղա, Պոլիս, Պաքու, Թիֆլիս, Ժնեւ, Աթէնք, Եգիպտոս, Պէյրութ, Հալէպ, Փարիզ, Լիոն, Պոսթոն, Լոս Անճելոս, Վենետիկ, Պուէնոս Այրէս։ Ասոնցմէ որմէ՞կը կոչել Մայր Գաղութ, որմէ՞կը անուանել Սփիւռքի մայրաքաղաքը։ Բոլորն ալ ժամանակի մը համար եղած են հայ մշակութային կեանքի կեդրոն։
Մեր բոլոր աւանդական կուսակցութիւնները հիմնուած են սփիւռքի մէջ, բոլոր մեծ թերթերը լոյս տեսած են, եւ տակաւի՛ն կը շարունակեն, սփիւռքի մէջ։ Մեր ժողովուրդը իր DNAին մէջ զարգացուցած է Հայաստանէն դուրս հայ մնալու ընդունակութիւնը։ Գաղութի մը խամրումը, միշտ ալ ցաւալի երեւոյթ ըլլալով հանդերձ, օր մը օրանց պատճառած չէ հանդիսացած հայ ժողովուրդի անհետացման։542d1afb97
Պատմութիւնը փաստած է, որ մենք գոյատեւելու աւելի առիթ ունինք այն հասարակութիւններուն մէջ, ուր փոքրամասնութիւնները (ոչ միայն մենք, այլ բոլոր փոքրամասնութիւնները) արդար ու հաւասար ընդունելութիւն կը գտնեն։ Օսմանեան Կայսրութեան մէջ հայերը մեծ ներդրում ունեցան երկրին տնտեսական, ճարտարապետական, մարզական, բժշկական մարզերէն ներս։ Բայց տեղւոյն համատարած ազգայնամոլ եւ այլամերժ քաղաքականութիւնը չխնայեց մեզ։
Հիմա, երբ սուրիահայերը մեծ թիւով կը գաղթեն դէպի Գանատա, մարդիկ կը փորձեն անոնց թափը կտրել, նշելով, որ հոն կեանքը դժուար է, սուղ է, զաւակներդ կը կորսնցնես, չես կրնար որպէս հայ գոյատեւել, եւայլն։ Իսկ ո՞վ կ՚ակնկալէ որ դիւրին ըլլայ։ Տեղափոխուիլը միշտ դժուար եղած է։ Բայց մենք ժողովուրդ մըն ենք, որ վարժ ենք կառուցելու։ Պարապի չէ, որ մենք զմեզ նմանցուցած ենք ծիծեռնակի կամ արագիլի, որ ամէն տարի կը վերաշինէ իր բոյնը։ armenian-syrian-refugees
Մարդիկ «ճերմակ ջարդ»ի ահազանգ կը հնչեցնեն։ Թերեւս ժամանակի մը համար այս ճիշդ էր։ Յատկապէս յետ եղեռնեան տարիներուն Հիւսիսային Ամերիկա հաստատուած հայերու համար, երբ չկային կազմակերպուած գաղութներ, ու նոյնիսկ երկրի ժողովուրդին տրամադրութիւնը գաղթականներու հանդէպ ժխտական էր։ Անոր համար մարդիկ կը փորձէին կարելի եղածին չափ արագ համաձուլուիլ տեղացիներուն հետ, սորվիլ լեզուն եւ մշակոյթը՝ խուսափելու համար այլամերժութենէ։ Բազմիցս լսած ենք, որ Ամերիկա հաստատուած վերապրողներ ո՛չ մէկ բառ, ո՛չ մէկ պատմութիւն ըսած են իրենց զաւակներուն, փորձելով մոռնալ իրենց տառապանքը։
Բայց այսօր պայմանները տարբեր են։ Գանատայի հայ գաղութը ինքնին արդէն զօրաւոր ու կազմակերպուած է։ Իսկ սուրիահայերու գաղթը վստահ որ մեծ ներդրում պիտի ունենայ անոր որակի եւ թիւի բարգաւաճման մէջ։ Հայութեան համար կարեւոր կէտը այն է, որ այս վերահաստատուած հայերը մնան իրարու մօտ, եկեղեցւոյ եւ այլ ազգային կառոյցներու շուրջ համախմբուած, հաւաքական կեանքի մէջ ներգրաւուած։ Այս ձեւով աւելի դիւրին պիտի ըլլայ իրենց ազգային ու ընտանեկան արժէքները պահպանելը ու «զաւակները չկորսնցել»ը (այս մէկը զուտ նախապաշարում է)։ Կարեւոր է նաեւ որ նշանակուին լաւ ղեկավարներ, որպէսզի օգնեն իրենց կազմակերպուելու եւ միաձուլուելու տեղական գաղութիւն հետ՝ գոյատեւելու համար նախ որպէս մարդ, ապա՝ որպէս հայ։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles