«Մրցում»ը կը շարունակուի…նախքան կլոր գնդակի աշխարհի ախոյեանութեան գծով, Եւրոպայի գօտիէն ներս, զտումի դարձի ՀայաստանԹուրքիա ճակատումին ազդանշան տրուիլը… Հոկտեմբեր 14ին:
Տարբեր մրցում, շարունակ ու անաւարտ մրցում… տարբեր ոճ…տարբեր արդիւնք:
ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան, իր սերպ պաշտօնակից Պորիս Թատիչին հետ տեսակցութեան ընթացքին, յայտարարեց թէ ինք ներկայ կþըլլայ այդ մրցումին, կամ կþընդառաջէ Թուրքիոյ հրաւէրին միայն այն պարագային« երբ այս վերջինը, վերջ դնէ իր հայրենիքի շրջափակման:
Ուրեմն, այս արտայայտութիւններուն եւ հաստատումներուն ընդմէջէն, յստակ է հետեւցնելը թէ փակ սահման կը նշանակէ« որ այդ մրցումի պատուոյ բեմահարթակէն ներս, թափուր պիտի մնան Հայաստանի նախագահին…եւ պաշտօնական պատուիրակութեան համար վերապահուած նստարանները:
Այդ օրուայ իննիսուն վայրկեան տեւողութիւնէն անկախ շատ աւելի երկար եւ շնչահեղձ ընելու աստիճան, ժամացոյցի դէմ մրցում մը կը կատարուի: Քաղաքական բնագաւառէն ներս, բարդութիւններով լեցուն ժամացոյցի դէմ, թէ° խմբային եւ թէ° անհատական մրցում մը:
Ցարդ փակ արեւմտեան սահմանին բացման համար…արեւելեան սահմաններէն ներս է որ փոփոխութիւններ կը սպասուին: Արդարեւ, մինչեւ յառաջիկայ աշուն, Թուրքիա շարունակ ճնշում պիտի բանեցնէ որպէսզի Արցախի հարցով գոհացնէ Ատրպէյճանի պահանջքը, հետեւողական ձեւով զիչումներ սպասելով Երեւանէն:
Քաջատեղեակ ու ահազանգային վիճակի մէջ է Արցախցին եւ առ հասարակ հայորդին, որ կը գտնուի սպասողական ու անկիւնադարձային վիճակի մը մէջ…
Նախապայման մը դրած է Հայաստանի Արեւմտեան սահմանակից «դրացի»ն իր սահմանները բանալու« փոխան Արցախեան հակամարտութեան լուծման բանակցութիւններուն մէջ, ի նպաստ ազերիներուն…գետին ապահովելու, հող շահելու:
Ահաւասիկ ցարդ անյստակ ճանապարհային քարտէսի մը ուրուականը, որու ետին կանգնած է խաղաղասիրական եւ թափանցիկ քաղաքականութիւն երկրպագող Թուրքիոյ նախապայմանային ժխտողականութիւնը:
Մինչ այդ, ցարդ ճամբան փակ է…ճանապարհը՝ շրջափակուած:
Read Time:1 Minute, 11 Second