ՇՈՒՇԻՆ ԿԸ ԴԻՄԱԴՐԷ

0 0
Read Time:39 Second

Քանի մը օրէ ի վեր, Արցախի ռազմական գործողութիւններու առանցքը կը կազմէ Շուշին, ուր կ՚ընթանան յամառ մարտեր։ Պաքուի աղբիւրները տեղեկացուցին, որ Ատրպէյճանի բանակը արդէն գրաւած է Շուշին։ Սովորականին նման, այս պատերազմի ընթացքին մէկէ աւելի անգամներ Ատրպէյճանի աղբիւրներուն կողմէ կատարուած են այդպիսի հաղորդումներ զանազան շրջաններու կապակցութեամբ, սակայն յետագային, թէ՛ մնացած են վիճելի եւ թէ՛ չեն ունեցած տրամաբանական շարունակութիւն մը։

Հայկական աղբիւրները կը մարտերը կ՛ընթանան Շուշիի մէջ եւ շրջակայքը: «Շուշի քաղաքին, շրջակայ  տարածքներուն մէջ,  պարիսպներուն տակ, ճամբաներուն վրայ, որոնք կը տանին դէպի Շուշի, մարտերը ամբողջ օրուան ընթացքին եղած են բաւական սաստիկ: Մեր զօրքը յամառ ու գրագէտ պայքար մղած է բոլոր զօրատեսակներով: Կարելի է ըսել, որ Շուշիի համար առանձին ճակատամարտը, որը կ՛ընթանայ վերջին 3-4 օրերուն , շուտով, իմ կարծիքովս, վերջնականօրէն պարզ կ՛ըլլայ», ըսաւ Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեան:

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles