
ՇՈՒՇԻ («Ապառաժ»).- Օգոստոսի 4-ին, տեղի ունեցաւ Ա.Մ.Ն. Արեւմտեան շրջանի Հայ Երիտասարդաց Միութեան ճամբարի բացման արարողութիւնը, մասնակցութեամբ 150 պատանիներու: Իր տեսակին մէջ, այս բանակումը՝ երկրորդն է: Առաջինը, կատարուեցաւ Ասկերանի մէջ:
Ճամբարի հանդիսաւոր բացման ներկայ էր Արցախի Ազգային Ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան անդամ Լեռնիկ Յովհաննիսեանը, որ ողջունելով ճամբարի կազմակերպիչներուն, նշեց թէ.- «Ճամբարը հնարաւորութիւն է տալիս Շուշիի պատանիներին շփուելու սփիւռքահայ ճամբարականների հետ եւ ընկերական կապեր հաստատելու նրանց հետ: Այսուհետ ձեր կապը Սփիւռքի այս երիտասարդների հետ անքակտելի կը լինի»:
Ան եզրափակեց իր խօսքը, յայտնելով թէ այսպիսի ձեռնարկներ կարեւոր են թէ՛ Արցախի պատանիներուն, եւ թէ՛ Սփիւռքէն ժամանած բանակողներուն համար: