
Արցախեան սահմանագիծի վրայ, իր կրած ձախողութիւններէն ցնցուած եւ պարտուած, Պաքու դիմեց այլընտրանքի եւ հարուածեց Շուշիի խորհրդանիշ Սուրբ Ամենափրկիչ Ղազանչեցոց եկեղեցին, որ 90-ականներու ազատագրման օրերուն վերակառուցուած էր։
Սուրբ Ամենափրկիչ Ղազանչեցոց եկեղեցին, հայոց առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի կեդրոնն է: Ընդգրկուած է Շուշիի քաղաքի պատմութեան եւ մշակոյթի անշարժ յուշարձաններու ցանկին մէջ եւ կը հանդիսանայ Արցախի խորհրդանիշներէն մէկը:
Առաջին անգամ, այս տաճարին անունը կը յիշատակուի Մեսրոպ Տախիդեանի «ճամփորդութիւն դէպի Հայաստան» գիրքին մէջ, 1820 թուականին։ Եկեղեցին կառուցուած է 1868-1887 թուականներուն, իսկ զանգակատունը՝ տարիներ առաջ շուշեցի Աբրահամ Խանդամիրեանցի կողմէ: Այս եկեղեցին 34․7 մեթր երկարութեամբ, 23 մեթր լայնութեամբ եւ 35 մեթր բարձրութեամբ ուղղանկիւն յատակագծով, խաչաձեւ գմբէթաւոր յօրինուածքով կառոյց մըն է, իր դիրքով գեր-տպաւորիչ: Ունի երեք մուտք` արեւմուտքէն, հիւսիսէն եւ հարաւէն, որոնք ունին միանման ճարտարապետական յօրինուածք եւ որոնց արջեւ կառուցուած է երեքական դռներով բոլորաշէն նախամուտքեր, ուր բացուած են փոքրիկ խաչաձեւ լուսամուտներ:
1920-ի Շուշիի ջարդերէն ետք, եկեղեցին փակուեցաւ եւ ազերիներու կողմէ սկսաւ օգտագործուիլ որպէս մթերանոց: Քանդուեցան եկեղեցւոյ մուտքի մօտ դրուած հրեշտակներու արձաններն ու գմբէթը: Շուշիի ազատագրման օրերուն, եկեղեցին հակամարտող կողմերու համար կարեւոր նշանակութիւն ունէր: Հայկական կողմի համար այս սրբավայրը կը հանդիսանար խորհրդանիշ, իսկ ազերի զինուած ուժերու համար` «Կրատ» հրթիռային համալիրներու պահեստանոց: Շուշիի ազատագրումէն ետք, 1998-ին վերականգնուեցաւ աւերուած գմբէթը։