
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ․- Մայիս 9-ի Շուշիի պատմական ազատագրման տօնին առթիւ, ձեռնարկներ տեղի ունեցան Արցախի մէջ։
Վայրկեան մը յոտընկայս յարգելէ ետք նահատակներուն յիշատակը, Աստուածամօր Սուրբ Յովանի Մայր Տաճարին մէջ, Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Տէր Վրթաննէս եպիսկոպոս Աբրահամեանի հանդիսապետութեամբ, կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն։
Դիմելով ներկաներուն՝ Առաջնորդը անդրադարձաւ Շուշիի ազատագրման գործողութեան: «Բարդ ու հակասական են մեր մտքերը, երբ կը յիշենք Շուշիի հերոսական ազատագրումը, որ իրականացուած էր այնքան վարպետօրէն եւ հրաշալի կերպով, որ ստացած էր «Հարսանիք լեռներում» անուանումը։ Եւ իսկապէս․ կարծես Հայոց Բանակը ամուսնացած էր չարի ձեռքէն ազատագրուած հարսի՝ Շուշիի հետ եւ անոնց պսակը օրհնուած էր ազատագրող քաջերու վրայ եղած Խաչի նշանով։ Բայց մի՞թէ Աստուծմով միացած զոյգը բռնի բաժնելով կարելի է մարել անոնց սէրը․ ի հարկէ ո՛չ, այդ սէրը յաւիտենական է, եւ ինչպէս Սուրբ գիրքը կ՝ըսէ․ «Աստուծոյ միացուցածը մարդիկ թող չբաժնեն»։ Յաւիտենական է մեր սէրը կորուսեալ հայրենիքի հանդէպ եւ վաղ թէ ուշ միաւորման պիտի հասնի։ Ահա այս տեսանկիւնէն՝ Մայիս 9-ը տօնելի է նաեւ իբրեւ Շուշիի ազատագրման օր, որովհետեւ ներկայ պարտութիւններն ու անյաջողութիւնները երբեք չեն կրնար ստուերել եւ ջնջել անցեալի մեր նուիրումն ու սխրանքները, աւելին՝ մենք պէտք է տօնենք եւ փորձենք վերագտնել այն ուժի աղբիւրը, որ ազատեց Շուշին»,-ըսաւ Տէր Վրթաննէս եպիսկոպոս Աբրահամեանը։
Այնուհետեւ Ստեփանակերտի Աստուածամօր Սուրբ Յովանի Մայր Տաճարէն՝ Հայոց բանակի պահապան Աշոտ Երկաթի պատմական Սուրբ Խաչի առաջնորդութեամբ՝ մեկնարկեց խաչերթ դէպի Ստեփանակերտի յուշահամալիր: Այս երթին մասնակցեցան Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Տէր Վրթաnննէս եպիսկոպոս Աբրահամեանը, Արցախի պետական նախարար Արտակ Բեգլարեանը, զինուորականներ, հոգեւորականներ, երիտասարդներ:
Միւս կողմէն, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ․ , իր կարգին յայտնեց․-
«Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինէն Հայրապետական Մեր օրհնութիւնն ու շնորհաւորանքները կը բերենք մեր սիրեցեալ ժողովուրդին՝ Յաղթանակի ու խաղաղութեան տօնի, Շուշիի ազատագրութեան եւ Պաշտպանութեան բանակի հիմնադրման օրերուն առիթով, ինչպէս նաեւ մեր խոնարհումը՝ Հայրենական պատերազմի վեթերաններուն ու Արցախեան հերոսամարտերու քաջարի զինուորներուն: Պանծալի այս տօները տակաւին բեկուած սրտերով եւ վշտացած հոգիներով կը դիմաւորենք, քանի որ դեռ չեն յաղթահարուած Արցախի դէմ սանձազերծուած պատերազմի աղէտալի հետեւանքները, չեն վերադարձած գերութենէն մեր զաւակները, տեղեկութիւն չունինք անյայտ կորածներուն վերաբերեալ, իսկ հազարաւոր ընտանիքներ մնացած են առանց զաւակներու կամ ծնողներու: Մեր աղօթքն ու խոնարհումը կը բերենք զոհուած հայրենեաց պաշտպաններու անմահ յիշատակին։
Սիրելիներ, ազգիս դարաւոր պատմութիւնը՝ դժուարութիւններն ու փորձութիւնները յաղթահարելու, յաղթանակներ կերտելու բազում վկայութիւններով, մեզի պատգամ կը մատուցանէ նոյն ոգիով դիմակայելու մեր ժողովուրդի եւ հայրենիքի դէմ ծառացած ներքին ու արտաքին մարտահրաւէրներուն։ Ազատ ու անկախ ապրելու իրաւունքի պաշտպանութեան համար մղուած պայքարները, որոնց նշանաւորումն է այսօր, խորհրդանիշն են համազգային համախմբուածութեան ու միաբանութեան, որոնք առաւել քան երբեք անհրաժեշտ են բարդագոյն այս իրավիճակին մէջ, որպէսզի միասնաբար դիմագրաւենք յառնած հիմնախնդիրները եւ կերտենք վաղուան նոր օրը, լուսաւոր ապագան եւ մեր նոր յաղթանակները։
Մեր աղօթքն է, որպէսզի խաղաղութիւն ըլլայ աշխարհի ու մարդկութեան կեանքին մէջ, եւ յարուցեալ մեր Տէրը Իր Ամենազօր Աջի հովանիին ներքոյ շէնութեան ու ապահովութեան մէջ պահէ մեր Հայրենիքը եւ զօրացնէ համայն աշխարհասփիւռ մեր ժողովուրդը արիութեամբ, յոյսով ու հաւատով, այժմ եւ միշտ»։