Արդէն իսկ կազմ ու պատրաստ է Շուշիի նոր յատակագիծը, որուն հիման վրայ պիտի կառուցուի նոր Շուշին:
Առ այդ, գործի լծուած է յատուկ հիմնադրամը, որուն համար կազմուած մարմինը մտադրած է քանի մը տարիէն յեղաշրջել եւ փոփոխութեան ենթարկել քաղաքին անհրապոյր դիմագիծը, միեւնոյն ժամանակ նաեւ վերականգնել պատմական արժէք ունեցող բազմաթիւ թաղամասեր: 2006-ին ծնունդ առած է «Շուշիի վերածնունդ» հիմնադրամը, տեղւոյն քաղաքապետութեան նախաձեռնութեամբ:
Այս գործունէութեան դաշտին մաս կը կազմէ յառաջիկայ Նոյեմբեր 26-ին տեղի ունենալիք պատկերասփիւռային մարաթոնը՝ Թելեթոնը, գոհաբանութեան օրուան ընթացքին:
1923ին Շուշին եւ Արցախը ամբողջութեամբ զոհ գացած էին սադրիչ հաշիւներու ետին թաքնուած առուծախի մը եւ օրուայ համայնավար ղեկավարութիւնը, առաջնորդութեամբ Սթալինի՝ շրջանը (նաեւ՝ Նախիջեւանը, որ դժբախտաբար այսօր պարպուած է հայութենէ ) վստահած էր Ատրպէյճանի հոգատարութեան: Այսպէս հակառակ բնակչութեան ընդդիմութեան, հողաշերտը յանձնուած էր իր խորթ տիրոջ:
Նախքան Կովկասեան կոմկուսի այս մութ հաշիւները, շրջանէն ներս տեղի ունեցած էր սարսափելի ջարդ: Արդարեւ, 1920ին Շուշի ենթարկուած էր թուրք-թաթարական ուժերու հետեւողական յարձակման: Աւելի քան երեսուն հազար հայորդիներ սպաննուած էին: Աննախադէպ ջարդ մը՝ Շուշիի պատմութեան ընթացքին, որուն յաջորդող առուծախը քանդած էր քաղաքի ամբողջ հմայքն ու փառքը:
Մինչեւ իննիսունականներու սկիզբը, երբեմնի հայկական քաղաքը՝ Շուշին շատ բան կորսնցուցած էր իր հայկականութենէն, մինչեւ 1992-ի այդ պատմական ազատագրութեան օրը:
Այսօր, Հոկտեմբեր 10-ի Ցիւրիխեան Հայաստան-Թուրքիա համաձայնագրի ստորագրութենէն քանի մը շաբաթ ետք, հայորդիին եւ յատկապէս սփիւռքահայուն պարտաւորութիւնն է, ամէն գնով կառչած մնալ Արցախին եւ իր պատմական մայրաքաղաք Շուշիին, կատարելու համար նիւթաբարոյական պարտականութիւնը:
Խաւարապատ ու մշուշապատ չէ Շուշիին ճամբան ու անոր ճանապարհային քարտէսը:
Ընդհակառակը, Շուշին, վերստին պիտի ծաղկի եւ դառնայ քաղաքակրթութեան կեդրոն եւ այդ պատճառով իսկ, Գոհաբանութեան օրուան դրամարշաւին մասնակցութիւնը պէտք է որ ըլլայ զանգուածային:
«ՀԱՅՐԵՆԻՔ»