Շնորհաւոր, Մայիս 28

0 0
Read Time:1 Minute, 38 Second

 

Դար մը առաջ, Մայիսեան յաղթանակի հրաշագեղ յայտնութեամբ, Հայ Օգնութեան Միութիւնը ականատէս եղաւ Հայ Ժողովուրդի աննկուն կամքին որուն շնորհիւ պետականութիւն կերտեցինք:

Այսօր, ՀՕՄ-ն ու ՀՕՄ-ականը բարձրաճակատ կը յիշատակեն ոչ թէ միայն մարտնչող Հայ զօրքին որ մեզ մայիսեան յաղթանակ պսակեց, այլ ժողովուրդի բոլո’ր յատուածները՝ որոնք կերտեցին անկախութիւնը, բարձր պահեցին մեր ազգային արժանիքները, եւ նոյնիսկ ազգային ծանր տագնապներու ընթացքին, հայրենի հողէն բրտօրէն խլուած եւ օտար երկինքներու ներքեւ նետուած բեկորներուն համար հայապահպանման ամուր կռուաններ ստեղծեցին: Արդարեւ, Մայիս 28-ը կը պատկանի ժողովուրդին եւ անոր ազատ ու անկախ ապրելու բնածին ձգտումին տեսլականը ունեցող ա’յն զաւակներուն որոնք նոյնիսկ հերոսական մարտնչումի եւ գիտակցական նահատակութեան՝ ի խնդիր սեփական ու անկաշկանդ գոյութեան համար դարեր շարունակ պայքարեցան:

Ազատամարտի սերունդի նկրտումներէն մինչեւ Մեծ եղեռնի գողգոթան, Մայիսեան հերոսամարտերու եւ անկախ պետականութեան ցաւատանջ երկունքին ընդմէջէն մինչեւ Արցախի ազատագրումն ու անկախացման հերոսապատումը, հայ կինը – որպէս մայր, բուժքոյր, զինեալ մարտիկ, խորհրդարանի անդամ, նախարար ու դեսպան — ընդմիշտ մնալով պատնեշի վրայ — բերաւ իր ամբողջական մասնակցութիւնը հայ ազատ պետականութեան վերականգնումին՝ անբիծ ու բարձր պահելով մեր անկախութեան խորհրդանիշ՝ Եռագոյն դրօշին ու Զինանշանին փառքն ու պատիւը։

Հայաստանի Անկախութեան Հարիւրամեակի այս տօնական օրերուն, Հայ Օգնութեան Միութիւնը կը վերանորոգէ իր ուխտը՝ մնալու միշտ պատրաստ հայրենակերտ բոլոր ոլորտներուն մէջ եւ իր մարդասիրական աշխատանքներով շարունակել իր ազգանուէր գործունէութիւնը: Կեդրոնական եւ թէ շրջաններու իրագործումներով գօտեպնդուած, ներկայ ու ապագայ ծրագրաւորումներով խանդավառ – յաւելեալ պատասխանատուութեան ոգիով կը գործենք այսօր, վաղը, եւ ընդմիշտ յանուն մեր ժողովուրդի եւ հայրենիքի բարօրութեան ու հզօրացման։

-Յանո՛ւն մեր ֆետայիներու ու ազատամարտիկներուն՝ որոնք հայդուկային այն անհաւասար կռիւներուն, մեր ժողովուրդի ճակատէն ջնջեցին երկար դարերու ստրկութեան խարանը:

-Յանո՛ւն մեր բոլոր կամաւորներուն, որոնք  մահուամբ մա՛հը պարտութեան մատնեցին եւ մեր հայրենիքը օժտեցին անկախ պետականութեամբ:

-Յանո՛ւն մեր պապիկներուն ու մամիկներուն, որոնք իրենց նահատակ զաւակներուն ցաւը ամոքեցին մղելով զանոնք միանգամընդմիշտ վերականգնելու ա’զգ ու հայրենի’ք:

– Յանուն մեր նորահաս սերունդներուն, որոնք իրաւունքը ժառանգեցին տիրանալու հզօ’ր հայրենիքի  եւ ինքնիշխան ու ազա’տ պետութիւն

– Յանուն մեր բոլոր զինուորագրեալներուն որոնք գիշեր ու ցերեկ Արցախի պետական սահմաններու խրամատներուն մէջ մեր վերազարթնող հայրենիքը կը պաշտպանեն:

– Յանո՛ւն ազատատենչ հայութեան՝ Ազա’տ, Անկա’խ ու Միացեա’լ Հայաստանին:

       

Հայ Օգնութեան Միութեան Կեդրոնական Վարչութիւն

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles