
ՎԱՏԻԿԱՆ.- Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութիւնը, իր նուիրապետութեամբ, կղերով, կրօնաւորական միաբանութիւններով եւ հաւատացեալներով,շնորհաւորական մաղթանք մը յղեց նորընտիր Փրանկիսկոս Պապին:
Միւս կողմէ, նորընտիր Պապին գահակալութեան առթիւ, Հռոմ առաքուած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան պատուիրակութեան մաս կազմողՆարեկ Արք. Ալեէմէզեանը Վատիկան ժամանեց Մարտ 17-ին եւ իջեւանեց Վատիկանի պաշտօնական հիւրերու “Սուրբ Մարթա“ հիւրանոցին մէջ, ուրնաեւ ժամանակաւորապէս կ՛ապրի Պապը: Սրբազանը բացառիկ պատեհութիւնը ունեցաւ պապին սեղանակից դառնալու` հիւրանոցի սեղանատանմէջ: Իր համեստութեամբ յատկանշուող Փրանկիսկոս պապը անակնկալօրէն միացաւ հոգեւորականներու փոքր խումբին եւ լայն ժպիտով “բարիախորժակ“ մաղթելէ ետք` գրաւեց բոլորին համահաւասար պարզ աթոռ մը եւ մտերմօրէն մասնակցեցաւ խօսակցութեան: Ընթրիքի աւարտին, ՆարեկՍրբազան առանձինն հանդիպեցաւ քահանայապետին հետ` փոխանցելով Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին եղբայրական ողջոյնները, հակիրճկերպով խօսեցաւ Հայ եկեղեցւոյ եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան մասին:
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան իր կարգին շնորհաւորեց Պապը եւ նշեց, որ աշխարհի մէջ առաջինը պետականօրէն քրիստոնէութիւնը ընդունած հայժողովուրդին համար այս իրադարձութիւնը առանձնայատուկ խորհուրդ եւ իմաստ ունի: Նախագահը ուրախութեամբ նշեց, որ Սուրբ Պետրոսի նուիրապետական աթոռինվրայ նստած է հայ ժողովուրդի բարեկամը, որ քաջատեղեակ է հայ մշակոյթին եւ հայոց պատմութեան, ինչ որ ան բազմիցս փաստած է Արժանթինի մէջ իր գործունէութեանընթացքին: