
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ թէ Գալիֆորնիոյ հանրապետական ներկայացուցիչ` Էտըմ Շիֆի Արցախի ազատագրման շարժման 25-ամեակի շնորհաւորական ուղերձով վերահաստատած է իր զօրակցութիւնը Արցախի Հանրապետութեան` խոստանալով շարունակել իր ճիգերը` ի նպաստ միջազգային ընտանիքին կողմէ Արցախի Հանրապետութեան ճանաչման: Նշենք թէ Շիֆ 2012-ին գլխաւոր ջատագովը հանդիսացած էր Արցախի համար հինգ միլիոն տոլարի ամերիկեան նպաստի որդեգրման:
Հայ ժողովուրդի բարեկամներէն` Նիւ Ճըրզի նահանգի ներկայացուցիչ Ֆրէնք Փալոն (Դեմոկրատական) շնորհաւորական յատուկ նամակ մը յղեց Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանին` վերահաստատելով իր զօրակցութիւնը Արցախի Հանրապետութեան ժողովրդավար ու տնտեսական զարգացման: