ՇԻՔԱԿՈՅԻ ՄԷՋ.- ՄԱՅԻՍԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ՓՈԽԱՆՑԵՑ ԼԵՌՆԻԿ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ

0 0
Read Time:1 Minute, 21 Second

IMG_6743 (1)

ՇԻՔԱԿՕ.- Յունիս 4-ին, Կլենվիու շրջանի Հայ Կեդրոնի «Շահնազարեան» սրահին մէջ, նշուեցաւ Հայաստանի Անկախութեան 98-ամեակը: Օրուան հիւր բանախօսն էր Արցախէն ժամանած, Ազգային Ժողովի անդամ՝ Լեռնիկ Յոնհաննիսեանը:
Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտական կազմի տողանցքով, դրօշակի արարողութեամբ եւ քայլերգներու երգեցողութեամբ, սկսաւ օրուան հանդիսութիւնը: Օրուան հանդիսավարն էր Մարալ Աբրահամեանը, որ նշեց թէ Մայիս 28, 1918-ը կը մնայ անմոռանալի օր մը, այն պատճառով որ, վեց հարիւր տարի շարունակ օտարի լուծին տակ մնալէ ետք, հայորդին կրցած էր կերտել անկախութիւնը:vasken lernig
Ապա բեմահարթակ բարձրացաւ Ռաֆֆի Քիլեան, որ մանրամասնօրէն անդրադարձաւ Արցախի հարաւային շրջանին մէջ գտնուող Առաջամուղ գիւղի մասին:
2004-էն ի վեր այս գիւղը վերաբնակեցնելու գաղափարը մտայղացուած է «Թիւֆենքեան» հիմնարկին կողմէ, գործակցաբար Արցախի Հանրապետութեան վերաբնակեցման բաժնի հիմնարկին հետ, եւ այս գծով, շրջանի Արցախի օժանդակութեան հիմնարկը գործի լծուած է: Ան յաւելեալ մանրամասնութիւններ փոխանցեց ապագայի կատարուելիք աշխատանքներուն մասին:
Ձառնարկին կատարուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, որուն ընթացքին դաշնակահար Լուսին Քենտիմեան-Թոքմաճեան նուագեց Առնօ Պապաճանեանի «Վաղարշապատի Պար»ը:maralkilianpianist

 

 

 

 

 

 

Օրուան դասախօս՝ Լեռնիկ Յովհաննիսեանը, իր խօսքին մէջ նշեց թէ, Մայիսեան անկախութեան արդիւնք է ներկայ Հայաստանի Հանրապետութեան գոյութիւնը: Ան նաեւ աւելցուց թէ Արցախի անկախութիւնն ալ ժայթքած է Մայիսեան հերոսներու կերտած յաղթանակէն: Ան մանրամասնօրէն տեղեկացուց Ատրպէյճանի կատարած Ապրիլեան քառօրեայ յարձակումին մասին եւ անգամ մը եւս յայտնեց թէ հայրենի զինուորը, իր հողին կառչած, կրցած է ամենայն քաջութեամբ դիմադրել: Լեռնիկ Յովհաննիսեանի խօսքը, տեղւոյն վրայ անգլերէնի թարգմանեց Վազգէն Այվազեան:
Աւարտին խօսք առաւ, շրջանի հովիւ՝ վարդապետ Ղեւոնդ Պենտեզեան, որ իր կարգին շեշտեց Մայիսեան յաղթանակին կարեւորութիւնը: troshagՆշենք թէ, յաջորդ օրը, Ամենայն Սրբոց եկեղեցւոյ մէջ, յատուկ պատարագով նշուեցաւ Մայիս 28-ի 98-ամեակը: Շրջանի հովիւ Պենտեզեան օրհնեց եռագոյն դրօշը: Օրուան կնքահայրն էր, տարիներ շարունակ գաղութէն ներս ծառայած՝ Սարգիս Փելթեքեան: Աւարտին, ներկաները երգեցին «Մեր Հայրենիք»ը:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles