Նոյեմբեր 21-ին, Շիքակոյի Հ.Բ.Ը.Մ.-ի կեդրոնին մէջ, տեղի ունեցաւ ձեռնարկ մը, կազմակերպութեամբ տեղւոյն Հ.Բ.Ը.Մ.-ին եւ Հ.Յ.Դ. եՔրիստափոր« կոմիտէութեան:
Զրոյց-Կլոր սեղան բնոյթ ունեցող այս ձեռնարկին երեք բանախօսներ հրաւիրուած էին.- Քէն Խաչիկեան (Հայ Դատի կեդրոնական գրասենեակի վարիչ պատասխանատու), Օսքար Թաթէոսեան (Ամէնայն Հայոց Եկեղեցւոյ խորհուրդի վարիչ պատասխանատու) եւ դոկտ. Հենրի Թէրիօ (Ուստըրի Պետական Համալսարանի դասախօս):
Ձեռնարկին բացման խօսքը կատարեց Հ.Յ.Դ. եՔրիստափոր« կոմիտէութեան ներկայացուցիչ Կրէկ Պետեան, որ կարճ ակնարկով մը փոխանցեց իրադարձութիւնները եւ սոյն արձանագրութիւններուն ստեղծած վտանգը:
Ապա խօսք առին բանախօսները, որոնք քսանական վայրկեաններու մէջ, ներկայացուցին իրենց մտահոգութիւնները, կարծիքներն ու վերլուծումները:
Քէն Խաչիկեան, իր խօսքին մէջ յայտնեց թէ կատարուած ստորագրութիւնը հարուած մըն է հայութեան եւ կը միտի մասնատել եւ պառակտել հայկական միասնականութիւնը:
Ան յայտնեց թէ, նոյնիսկ ստորագրութիւններէն ետք, տեղին է վճռակամ ճնշում բանեցնել որպէսզի հայկական կողմը ետ դարձ կատարէ եւ չզիջի հայութեան իրաւունքները:
եԻ վերջոյ, այսօրուան հարցերը իրենց հրատապութեամբ եւ առաջնայնութեամբ միայն Սփիւռքինը չեն եւ ո°չ ալ միայն Հայաստանինը: Կը մերժենք զոհ դառնալ թրքական ծուղակներուն«, եզրակացուց Խաչիկեան:
Թաթէոսեան, իր կարգին յատկապէս ծանրացաւ Եղեռնի մասին, որ պատշաճօրէն պէտք է որ ճանչցուի Թուրքիոյ կողմէ իբրեւ երկխօսութեան՝ նախաբան: Ան նաեւ, անդրադարձաւ սոյն ստորագրութիւններուն բերած վտանգը, արեան գնով վերատիրացուած Արցախի վրայ:
Դոկտ. Թէրիօ յայտնեց թէ Սփիւռքը արտայայտած է իր պոռթկումն ու ցասումը: Ան աւելցուց թէ փաստաթուղթերու վաւերականացման այս ընթացակարգին զուգահեռ, բնականաբար, պիտի շարունակուի նաեւ դէպի համաձայնութիւն հունաւորուող այս ուղղութեան դէմ հայութեան պահանջատիրական պայքարը: Ան եզրակացուց թէ ամէն ամպիոն, ամէն բեմ, ամէն առիթ պիտի ծառայեցնեն մերժելու թրքական նախապայմանները:
Թէրիօ նաեւ կոչ ուղղեց երիտասարդութեան, որ ամէն մէկ առիթ օգտագործուի եւ նշուի այս ստորագրութիւններու ստեղծած մտահոգութիւնը:
Ձեռնարկէն ետք, առիթ տրուեցաւ ներկաներուն որպէսզի հարց-պատասխաններով մասնակցին այս հաւաքին, որ մեծ խանդավառութիւն ստեղծած էր, յատկապէս երիտասարդութեան մօտ: