

Շիքակոյի քաղաքապետ Ռամ Էմանուէլ (ձախին) խօսքի պահուն
ՇԻՔԱԿՕ.- Մարտ 22-ի երեկոյեան, յատուկ հանդիսութեամբ մը, կատարուեցաւ բացումը Հայաստանի Հանրապետութեան հիւպատոսարանին, որուն հասցէն է.- 120 West Kinzie Street:
Աւելի քան հինգ հարիւր հրաւիրեալներ ներկայ էին այս հանդիսութեան, որուն ընթացքին խօսք առին Ամենայն Հայոց Էջմիածնական թեմի Բարեջան Առաջնորդ Խաժակ Արք. Պարսամեան, Հ.Հ. դեսպան Գրիգոր Յովհաննիսեան եւ Շիքակոյի քաղաքապետ Ռամ Էմանուէլ: Անոնք իրենց խօսքին մէջ, յաջողութիւն մաղթեցին նորանշանակ հիւպատոս Օսքար Թաթոսեանին:
Այս ձեռնարկին, Ա.Մ.Ն. Արեւելեան շրջանի Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէն կը ներկայացնէր Կրէկ Պետեանը:
Հիւպատոսարանը, Իլինոյ նահանգի կողքին, նաեւ պիտի գործէ Միսուրի, Այաուա, Ուիսքանսին եւ Մինեսոթա նահանգներուն համար: Սովորական գործունէութեան կողքին, հիւպատոսարանի կիզակէտը պիտի ըլլայ կրթական, տնտեսական, գիտական եւ զբօսաշրջական բնագաւառը:
Նշենք թէ, այս ձեռնարկին ներկայ էին նաեւ Ֆրէզնոյի եւ Լաս Վեկասի հիւպատոսները՝ Պերճ Աբգարեան եւ Ատրուշան Արմէնեան: Իսկ Իլինոյի շրջանէն քոնկրէսական Րաժա Քրիշնամուրթի:
