
Read Time:21 Second
ՇԻՔԱԿՕ.- Շաբաթ, Ապրիլ 23-ի յետմիջօրէին, աւելի քան հարիւր հայորդիներ խմբուեցան կեդրոնական շրջանին մէջ գտնուող Թուրքիոյ հիւպատոսարանին մօտ, խաղաղ ցոյցով մը նշելու համար Հայոց Ցեղասպանութեան 101-ամեակը:
Տարբեր տարիքի ցուցարարներ ժամանած էին: Ներկայ էին նոյնիսկ պատանիներ եւ ծերունիներ: Նաեւ քանի մը յոյներ ժամանած էին, իրենց զօրակցութիւն յայտնելու:
Ապահովական ուժերու հսկողութեամբ կատարուած այս ցոյցը անցաւ հանդարտ մթնոլորտի մէջ: Հազիւ քսանի շուրջ թուրքեր կազմակերպած էին հակահայ ցոյց մը, ծածանելով իրենց երկրին դրօշակը: