Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Հինգշաբթի, 23 Հոկտեմբերի յետմիջօրէին, այցելեց Լոս Անճելըսի ազգային առաջնորդարան։
Մուտքին Արեւմտեան Հայոց Թեմի հոգեւորականաց դասուն կողմէ դիմաւորուեցաւ, որմէ ետք հայրապետական թափօրը «Ուրախ լեր» շարականի երգեցողութեամբ ուղղուեցաւ առաջնորդարանի մատուռ, ուր գոհաբանական աղօթք կատարուեցաւ։
Ապա, առաջնորդարանի դահլիճին մէջ Նորին Սրբութիւնը յատուկ հանդիպում մը ունեցաւ ներկայ միաբան հայրերուն հետ։ Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց միաբանական կեանքին մէջ եղբայրասիրութեան, համագործակցութեան եւ Աստուծոյ, եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին ուղղուած ծառայութեան առաւել ծաւալման ու ամրապնդման կարեւորութիւնը։ Հանդիպումէն ետք, առաջնորդարանի պաշտօնէութիւնն ու տիկնանց միութիւնը Հայրապետին մօտեցան եւ անոր հայրապետական օրհնութիւնը ստացան։
Յիշեալ հանդիպումներէն ետք, Նորին Սուրբ Օծութիւնն ու հոգեւոր հայրերը սիրոյ սեղանի մը շուրջ համախմբուեցան։ Արեւմտեան Հայոց Թեմի քահանայ հայրերու կողքին նաեւ ներկայ էին առաջնորդ Գեղամ Արք. Խաչերեան, Բաբգէն Արք. Չարեան, Մուշեղ Արք. Մարտիրիսեան, Թորգոմ Արք. Տօնոյեան, Տաճատ Եպս. Աշըգեան, Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեան, Զարեհ Ծ. Վրդ. Սարգիսեան, Յովակիմ Վրդ. Բանճարճեան, Լեւոն Վրդ. Եղիայեան, Աշոտ Վրդ. Խաչատուրեան եւ Սարգիս Վրդ. Աբրահամեան։
Խօսք առնելով Գեղամ արքեպիսկոպոս՝ ողջունեց Նորին Սրբութեան հոգենորոգ ներկայութիւնը Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմէն ներս։ Իր խօսքին մէջ ան ընդգծեց Հայոց Հայրապետին ներկայութեան կարեւորութիւնը որքան ժողովուրդին, նոյնքան հոգեւորականներուս կեանքին մէջ։ այս առիթով, յանուն ներկայ հոգեւոր հայրերուն, սրբազան հայրը շնորհաւորեց Վեհափառ Կաթողիկոսին գահակալութեան 30 ամեակը՝ անոր մաղթելով երկար ու բեղմնաւոր գահակալութեան տարիներ։
Հաւաքի աւարտին իր հայրապետական օրհնութեան խօսքը ուղղեց Վեհափառ Հայրապետը։ Արամ Ա. Կաթողիկոս ըսաւ. «Գիտեմ, որ եկեղեցին նաեւ վարչական պարտաւորութիւններ ունի, սակայն հոգեւորականին ծառայութիւնը պէտք չէ մնայ վարչական ու գրասենեակային աշխատանքներու ծիրին մէջ։ Հարկ է մշակել այնպիսի ծրագիրներ, որոնք ժողովուրդին կեանքը կը կենսագործեն հոգեւոր ու բարոյական արժէքներով եւ աստուածաշնչական սկզբունքներով։ Չմոռնանք, որ եկեղեցին սոսկ քարեղէն կառոյց չէ, այլ հաւատքի համայնք է։ Այդ համայնքին մասնակցութեամբ է որ եկեղեցին կը դառնայ հզօր ու պայծառ»։

