Նուիրականութեան Եւ Գռեհկութեան Միջեւ
Քահանայական կարգի նուիրականութիւնը եւ չարաշահումը ապօրինի կարգալուծումներով
Դոկտ. Աբէլ քհնյ. Մանուկեան
Ժընեւ, 17 նոյեմբեր 2025
Ա. օր Յիսնակաց պահոց

Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը միշտ ալ ներշնչած է զիս։ Անոր նախերգ շարականն իսկ «Խորհուրդ խորին անհաս եւ անսկիզբն» բառերով՝ մտածել տուած է ինծի, թէ ո՞վ եմ ես. հողէ ու մոխիրէ կազմուած արարած մը, որ այսօր կամ նոյնիսկ վաղը անգոյութիւն մը գուցէ, կը համարձակիմ ներսիդիս կրելու արարիչ Աստուծոյ անմար լոյսին խորհուրդը։ Ո՞վ եմ ես, Տէ՛ր, որ զիս արժանի կը դարձնես ընդունելու քահանայութեան շնորհը՝ մատուցելու համար Անձիդ զոհաբերութեան սուրբ պատարագը։ Ո՞վ եմ ես, Տէ՛ր. գուցէ աննշան հիւլէ մը, որ կու գաս հաց ու գինիի խորհուրդով ճշմարտապէս մարմնանալու եւ արիւնանալու թէկուզ մեղսագործ ձեռքերուս մէջ. սիրոյ զոհաբերում, որուն միջոցաւ երկինքը հաշտ կը դպչի երկրին, եւ կեանք, առաւել եւս կեանք կը պարգեւէ աշխարհին։
Քահանայութիւնը իր էութեամբ հոգեւոր կոչման եւ խոնարհութեան խորհուրդ է։ Մարդը, հողածին եւ վերստին հող դարձող արարած մը, աստուածային շնորհքով կը ստանձնէ առաքելութիւն մը, որ կը գերազանցէ իր բնական կարողութեան բոլոր սահմանները՝ դառնալով կրողն ու խորհրդակատարը աստուածային պաշտամունքին։ Արդարեւ, մահկանացու մարդու գոյութեան եւ Աստուծոյ յաւիտենութեան միջեւ առկայ յարակարծական այս լարուածութեան մէջ է, որ կը դրսեւորուի քահանայական կոչումին բուն իմաստը՝ իբրեւ մնայուն մասնակցութիւն Քրիստոսի փրկչական եւ յաւիտենական քահանայութեան խորհուրդներուն։
«Քահանան կանգնած երկրի վրայ՝ կատարողն է երկնային գործերուն»,– կ’ըսէ Յովհաննէս Ոսկեբերան, գեղեցիկ ու պատկերաւոր համեմատութեամբ ծիսական խորհրդակատարութիւնը բնորոշելով իբրեւ երկինքի եւ երկրի միջեւ միութեան վայր։ Բանին կենաց պատարագը մարդկային գործ չէ, այլ միանգամայն աստուածային ներգործութիւն, որ կը կատարուի քահանայի անձին մէջ ու անոր միջոցով։ Քահանան Աստուծոյ գործակիցն է ու միաժամանակ ծառան։ Ան միանշանակ կը մնայ միջնորդ ու ծառայ, այլ ոչ թէ սրբագործող շնորհի աղբիւր: Ինք՝ իրեն շնորհուած առաքելութեան կեդրոնական դէմքը չէ, այլ միշտ կը վկայէ ու կը խօսի զինք քահանայական ծառայութեան կոչողին՝ Քրիստոսի մասին, ուստի ան ձայնն է, ոչ թէ խօսքը։
Քահանան իր կոչումը, նաեւ համայնքը կը սնուցանէ Ս. Հաղորդութեամբ, զայն կ’առաջնորդէ որպէս հովիւ, կը քարոզէ Աւետարանը, կը կատարէ պաշտամունքն ու խորհրդակատարութիւնները՝ ընկալելով իր անձը իբրեւ յատուկ միջնորդ իր հաւատաւոր համայնքի անդամներուն եւ Աստուծոյ միջեւ։ Այս իմաստով Ս. Գրիգոր Տաթեւացի կ’ըսէ. «Քահանային գործը կրկնակի է՝ նախ սրբել մարդը իր մեղքերէն եւ ապա զայն ընծայել Աստուծոյ»[1]։ Այսպէս կը բնորոշուի քահանայի հիմնարար առաքելութիւնը՝ նախ սրբել մարդը իր գործած մեղքերէն, որպէսզի վերանայ այն պատուարը, որ զինք կը բաժնէ Աստուծմէ։
Ահաւասիկ ա՛յս է Քրիստոսի եւ Անոր հիմնած եկեղեցիին որպէս քահանայ ծառայելու արժանապատուութեան, բայց նաեւ պատասխանատւութեան հիմքը՝ ներկայութիւն դարձնել Բանին կենաց փրկարար խորհուրդը համայնքին մէջ եւ անոր անդամներուն միջեւ։
Քահանայութիւնը պաշտօն մը չէ, որ մարդ կը կիրառէ, այլ՝ ինքնութիւն, հոգեւոր կոչում, որ գոյաբանօրէն կը փոխակերպէ օծեալը իր էութեամբ ու անոր կը շնորհէ իշխանութիւն ծառայելու Տիրոջը եւ անոր հօտին։ Այս իշխանութիւնը, սակայն, միայն ծառայական է եւ որեւէ առնչութիւն չունի իշխելու, տիրապետելու կամ ուժ բանեցնելու որեւէ ձեւի հետ։
Քահանայ ըլլալը գերազանցապէս հոգեւոր կոչումի ու անոր հետ ենթակային համակ ինքնանոյնացումի իրողութիւն է։ Քահանայութեան կոչումը Աստուծոյ եւ քահանային միջեւ սուրբ օծումով հաստատուած սիրոյ խորհուրդ մըն է, որ շատ աւելին է, քան արտաքնապէս տուչութիւն թուող երեւոյթ մը։ Ան մակերեսային զգացում մը չէ, այլ՝ կոչումնաւորի ներսիդին խոր համոզում եւ Աստուծոյ շնորհքով ծնած ներքին ստուգութիւն, որ ունի գոյութենական ընկալումի մը ամբողջ տարողութիւնը։
Ձեռնադրութիւնն ու օծումը, որոնք ընծայեալը Ս. Խորանին վրայ հոգեւոր մասնաւոր արարողութեամբ կ’ընդունի, Եկեղեցւոյ եօթը առանձնայատուկ խորհուրդներէն մին է եւ ունի անկրկնելի եւ անջնջելի նկարագիր։ Այնպէս ինչպէս մկրտութիւնն ու դրոշմն են անկրկնելի, նոյնպէս եւ ձեռնադրութեան կամ քահանայական օծումի խորհուրդներն են անջնջելի։ Հետեւաբար, ինչպէս կարելի չէ վաւերականօրէն մկրտուած եւ դրոշմուած քրիստոնեան «մկրտալոյծ» կամ «դրոշմալոյծ» հռչակել, նոյնպէս անկարելի է օրինաւորապէս ձեռնադրուած եւ սուրբ միւռոնով օծուած քահանան կարգալուծել։
Երբ ուշադիր հետեւինք քահանայական ձեռնադրութեան արարողակարգին կամ ուսումնասիրենք ձեռնադրութեան Մաշտոցին մէջ աւանդուած բոլոր աղօթքներն ու անոնց ուղեկցող շարականները, ապա միանգամայն կը համոզուինք, որ այդ խորհուրդը սրբագործողը Ս. Հոգին Աստուած է՝ աստուածային ներգործութեամբ ձեռնադրուողը Քրիստոսի քահանայագործական պաշտօնին մասնակից դարձնողը, երկնային շնորհներ պարգեւողն ու զայն Եկեղեցւոյ ծառայութեան անդամագրողը։ Թէպէտ,– ըստ Եկեղեցւոյ վարդապետութեան,– քահանան ձեռնադրող եւ օծող եպիսկոպոսը կրողն է առաքելական իրաւայաջորդութեան, միեւնոյն է, ան ընդամէնը ձեռնադրութիւնը պաշտօնավարողն է, մինչդեռ զայն վաւերացնողն ու սրբագործողը Ս. Հոգին է։ Այս առումով Ե. դարու մեր նշանաւոր հայրապետներէն Յովհան Ա. Մանդակունի իր «Յաղագս բամբասողաց եւ չդատելոց զվարդապետսն» ճառին մէջ որոշապէս կը վկայէ. «Երբ [քահանան] արհամարհես՝ կը մեղանչես Աստուծոյ դէմ, որ զինք ձեռնադրեց եւ որուն միջոցաւ Ինք կը կատարէ [Ս. Պատարագի] Խորհուրդը եւ մկրտութիւնը»[2]։
Հետեւաբար, Ս. Հոգւոյն ներգործութեամբ սրբագործուած քահանայի ձեռնադրութիւնն ու օծումը,– ինչպէս մկրտութեան եւ դրոշմի խորհուրդներու պարագաներն էին,– ունին անկրկնելի, անջնջելի եւ անլուծելի նկարագիր։ Թէկուզ արտաքին հանգամանքներ երբ սահմանափակեն կամ խանգարեն քահանան շարունակելու իր հոգեւոր ծառայութիւնը, անոր ներսիդին՝ էութեան մէջ, քահանայ ըլլալու փաստը կը մնայ անեղծ եւ անփոփոխ։
Այս առումով հարկ է նշել, որ եթէ երբեք այսպէս կոչուած «կարգալոյծ» քահանան իր հոգեւոր կոչումէն թելադրուած որեւէ խորհրդակատարութիւն իրականացնէ,– թէպէտ ինչքան ալ այդ ներհակ ըլլայ եկեղեցական կանոնական իրաւունքին,– միանշանակ վաւերական է։ Յատկապէս խիստ անհրաժեշտութեան պարագաներու կամ երբ կայ համայնք, որ այդ խորհրդակատարութիւնը,– պատարագ, կնունք կամ պսակ,– յօժարակամ կ’ընդունի, որու միջոցով մեղքերէ կը սրբուի եւ կը մերձենայ Քրիստոսի։ Ի վերջոյ այս պարագային ի՞նչ կամ ո՞վ է Եկեղեցին, եթէ ոչ Տիրոջ անունով, Անոր փրկարար ներկայութեան շուրջ համախմբուած մարդիկ՝ քրիստոնէական համայնքը։ Պէտք չէ մոռնալ Տէրունի պատգամը, որ կ’ըսէ. «Ուր երկու կամ երեք հոգի հաւաքուած ըլլան իմ անունովս, այնտեղ եմ ես՝ անոնց մէջ» (Մտթ. ԺԸ, 20)։
Ուստի Եկեղեցւոյ վարդապետութեան այս սկզբունքէն մեկնելով կրկին կարելի է հաւաստել «մէ՛կ անգամ քահանայ՝ ընդմիշտ քահանայ» կարգախօսը։
Ոչ մէկ ուժ գոյութիւն ունի, որ կարենայ խախտել այս կարգը, որովհետեւ ան կը հիմնուի «աստուածային իրաւունք»-ի եւ ոչ թէ եկեղեցական ժողովներէ սահմանուած «մարդկային իրաւունք»-ի վրայ։ Եկեղեցւոյ աստուածաբանութիւնը, նաեւ աւանդութիւնը կը վարդապետեն, որ քահանայական ձեռնադրութիւնը Քրիստոսէ հաստատուած կարգ է, ուստի ան ուղղակի աստուածային կամքէն բխող տնօրինում է եւ ոչ թէ մարդկային գործառոյթ։ Տիրոջմէն շնորհուած եւ սրբագործուած այս կարգը բնական ոչ մէկ հեղինակութիւն կրնայ լուծարել՝ ո՛չ հուրը, ո՛չ սուրը եւ ո՛չ իսկ մահը։
Այս առնչութեամբ մեր պատմութիւնը բացառիկ օրինակներ աւանդած է մեզի, որոնք միանշանակ ակներեւ կը դարձնեն քահանայական կոչումին անլուծարելիութիւնը, բոլոր պարագաներուն՝ նաեւ անխորտակելիութիւնը։ Այստեղ հարկ չեմ տեսներ տողերս ծանրաբեռնելու այս մասին մատենագրական բազմաթիւ վկայութիւններով։ Բայց թող արտօնուած ըլլայ ինծի վերստին Ե. դարէն բերելու պերճախօս վկայութիւն մը՝ առնչուած Գիւտ Ա. Արահեզացի կամ Ոթմսեցի կաթողիկոսի կեանքին հետ, որ արդարօրէն դասուած է մեր Եկեղեցւոյ լուսապսակ հայրապետներու շարքին։
Ղազար Փարպեցի իր «Պատմութիւն հայոց»-ին մէջ կ’աւանդէ, որ Գիւտ կաթողիկոս պարսից Պերոզ թագաւորին առջեւ Գադիշօ Խորխոռունիի կողմէ կ’ամբաստանուի բիւզանդամէտ գործունէութեան մէջ։ Ուստի ան պատասխանատւութեան կը կանչուի Տիզպոն։ Պերոզ հայոց կաթողիկոսին կ’առաջարկէ հրովարտակով հաստատել իր կաթողիկոսական պաշտօնը եւ պատուով ուղարկել Հայաստան, եթէ վերջինս իր կամքին ենթարկուի եւ երկրպագէ արեգակին, այլապէս կը սպառնայ զրկել զինք կաթողիկոսական Աթոռէն: Իր հոգեւոր կոչումին ամբողջապէս գիտակից Գիւտ կաթողիկոս պարսից արքայից արքայ Պերոզի քաջաբար կը պատասխանէ, որ ան կրնայ զինք զրկել կաթողիկոսական Աթոռէն, սակայն իր եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան պատիւը իրմէ չեն կրնար խլել ո՛չ թագաւորները, ո՛չ իշխանները, եւ ո՛չ իսկ մահը։ Փարպեցւոյ գրաբար բնագիրը, անշուշտ, շատ աւելի գեղեցիկ կը հնչէ, երբ կ’ըսէ. «Իսկ յաղագս եպիսկոպոսական ձեռնադրութեանս որ ասես, թէ ի բաց առնում ի քէն՝ զայս երկնաւոր ձեռնադրութեան պատիւ առնուլ յինէն ո՛չ թագաւորք եւ ո՛չ յիշխանաց ոք, այլ մահ ո՛չ իշխէ, քանզի եւ կարէ իսկ ոչ»[3]։
Նաեւ այս մէջբերումին մէջ յատկնշական է, որ Ե. դարու մեր հայրապետներուն համար ձեռնադրութիւնը «երկնաւոր պատիւ» է եւ ոչ թէ երկրաւոր։ Ան աստուածային շնորհատւութիւն մըն է եւ ամենեւին ո՛չ մարդկային։
Պէտք չէ մոռնալ, որ տակաւին Գիւտ կաթողիկոսի կենդանութեան տարիներուն տեղի ունեցած Աւարայրի ճակատամարտի նախօրեակին հայոց սպարապետը՝ Վարդան, իր քաջ զինակիցներուն ուղղած իր ճառին մէջ կ’ըսէ, թէ քրիստոնէութիւնը հանդերձ մը չէ, որ վրանիս հագած ենք, այլ ան մեր մարմնին գոյնն է, զոր կարելի չէ փոխել։ Վասնզի անոր հիմերը ամրապէս հաստատուած են անշարժ վէմին՝ Քրիստոսի հաւատքին վրայ։ Այս նոյն հաւատքին վրայ խարսխուած է նաեւ քահանայական կոչումը, զոր ոչ մէկ ուժ կրնայ այլայլել, ո՛չ թագաւորները, ո՛չ իշխանները, ո՛չ կաթողիկոսները, եւ ո՛չ իսկ մահը։
Քահանայ ըլլալը տիտղոս մը չէ, որ զայն կարելի ըլլայ շնորհել, ապա շնորհազրկել անկէ։ Քահանայական ձեռնադրութիւնն ու օծումը աստուածային խորհուրդներ են, որոնք ոչ մէկ ուժ, ոչ մէկ քաղաքական կամ եկեղեցական հեղինակութիւն կրնայ լուծարել, եւ ոչ իսկ մահը՝ զանոնք խորտակել, ինչպէս անյողդողդ համոզումով վկայած է Գիւտ Ա. կաթողիկոս պարսից գերհզօր արքայից արքային դէմ։
Վերոգրեալներուն պերճախօս ապացոյցներէն մին կը հանդիսանայ այն փաստը, որ երբ այսպէս կոչուած «կարգալոյծ» դարձած հոգեւորականի մը կարգը կը վերականգնուի, ապա զինք ո՛չ վերստին կը ձեռնադրեն եւ ո՛չ ալ կ’օծեն, այլ ընդամէնը «Պահպանիչ» օրհնութեան աղօթք մը կարդալով զայն կը վերահաստատեն իր ծառայութեան մէջ։
«Առաքելական կանոնադրութիւն»-ը եւ այլ կանոնախումբեր, որոնց մէջ լիառատ են կարգալուծումի վերաբերեալ կանոններն ու յօդուածները, ոչ մէկ վաւերական առնչութիւն ունին Յիսուսի առաքեալներուն հետ։ Անոնք Դ. դարու ասորական դաւանամոլ եւ ջղուտ միջավայրի զանազան ստեղծագործութիւններ են, որոնք հետագային վերագրուած են առաքեալներուն, եւ չարաշահելով անոնց անունին հեղինակութիւնը՝ մուտք գործած են Եկեղեցի, իսկ այսօր այդ չարաբաստիկ կարգալուծումները դարձած են եկեղեցական յաւուր պատշաճի աղէտաբեր օրակարգ։
Ցաւօք, եկեղեցւոյ վերնախաւին շահերը պաշտպանելու նախանձայուզութեամբ վարձկան որոշ քահանաներ, կառչած «Կանոնագիրք հայոց»-ին մէջ ներառուած կենտ ու կունտ յօդուածներու վրայ՝ հասարակական շուկան ողողած են կարգալուծութիւնը ջատագովող գրաւոր եւ բանաւոր ելոյթներով։ Այդ յօդուածները,– ինչքան ալ սահմանուած ըլլան եկեղեցական տարբեր ժողովներէ, – միեւնոյն է, բնաւ եւ երբեք չեն արտացոլացներ դաւանաբանական պարտաւորեցնող ճշմարտութիւններ։
Նախ պէտք է ուսումնասիրել այդ ժողովներուն ժամանակը, անոնց գումարուելուն եւ սահմանած յօդուածներուն դրդապատճառները։ Զորօրինակ՝ Անտիոքի ժողովի (341 թ.) կանոնները, որոնք վերջերս ի նպաստ կարգալուծութեան տոկմաներու լայնօրէն կը շրջանառուին Էջմիածնի կայսերապապական որոշ կղերականներու կողմէ, սահմանուած են ի նպաստ արիոսականութեան հետեւող եպիսկոպոսներու, որոնց գլխաւոր առաջադրանքն էր անկարելի դարձնել Աթանաս Աղեքսանդրացիին աքսորէ վերադարձը, որ տեղի ունեցած էր 339 թուականին արիոսականութեան կողմնակից Կոստանդիանոս Բ. կայսեր (337–340) հրահանգով։ Ուրեմն՝ վերոգրեալ ժողովին մէջ եպիսկոպոսներու եւ քահանաներու կարգալուծութեան վերաբերող կանոնները առանձնապէս այս խորապատկերին եւ պատմական իրադարձութիւններուն առնչութեամբ պէտք է ընկալուին։ Մինչդեռ Ընդհանրական եկեղեցին, ընդսմին եւ Հայց․ առաք․ եկեղեցին, իբրեւ աղանդ կը նզովեն արիոսականութիւնը, իսկ մեծն Աթանաս Աղեքսանդրացին կը դասեն իրենց սրբադասուած հայրապետներու շարքին։
Կարգապահական խախտումներու առթիւ եղած կարգալուծումները վերոգրեալ աստուածային խորհուրդին դէմ ուղղակի սրբապղծութիւն մըն է, իսկ մարդկային առումով՝ կատարուածը ամենավայրենի բարբարոսութիւն, որ ոչ մէկ կապ ունի քրիստոնէական ներողամտութեան եւ սիրոյ վարդապետութեան հետ։ Կարգալուծումը կ’իրականանայ միայն այն պարագային, երբ ենթական հերետիկոսական ծանր մոլորութեան մը մէջ կը գտնուի եւ չ’անսար Եկեղեցւոյ կոչին՝ հրաժարելու քրիստոնէական հաւատքի գերագոյն ճշմարտութիւններուն դէմ իր դաւանած ուսմունքէն։ Զորօրինակ՝ եթէ որեւէ մէկ եկեղեցական ուրանայ Քրիստոսի անձին մէջ աստուածային եւ մարդկային միացեալ բնութիւնը, թէ Քրիստոս կատարեալ Աստուած եւ միաժամանակ կատարեալ մարդ չէ, կամ եթէ ուսուցանէ, թէ Ս. Կոյս Մարիամ Աստուածածին չէ, այլ մարդածին, այլապէս՝ Որդի Աստուած Հօրը համագոյակից չէ կամ պաշտօնապէս մերժէ Նիկիական հանգանակին դաւանական սկզբունքները եւ այլն։ Կամ Հաւատամքին իբրեւ յաւելուած արտասանուող հատուածը, որ Գրիգոր Լուսաւորչի կը վերագրուի, ուր կ’ըսէ. «Իսկ անոնք, որոնք կ’ըսեն, թէ կար ժամանակ, երբ չկար Որդին, կամ կար ժամանակ, երբ չկար Սուրբ Հոգին, կամ կ’ըսեն, թէ ոչինչէն գոյացան կամ այլ էութենէ են Աստուծոյ Որդին կամ Սուրբ Հոգին, եւ թէ անոնք ենթակայ են փոփոխութեան կամ այլայլման, այնպիսիք կը նզովէ Ընդհանրական եւ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին»։ Արդարեւ, հերետիկոսութեան այս եւ նման պարագաներու ան Ս. Հոգւոյն պարգեւած շնորհներէն ինքնսըտինքեան շնորհազրկուելով՝ կը դառնայ կարգալոյծ, իսկ Եկեղեցին պարզապէս այդ փաստն է, որ կը հաստատէ։ Ի դէպ պէտք է շեշտել, որ մեր Եկեղեցին երբեք անձը չէ, որ կը նզովէ, այլ անոր դաւանած հերետիկոսական վարդապետութիւնը։ Չէ՞ որ Աստուած նաեւ մեղաւորը կը սիրէ, բայց ոչ ինքնին՝ մեղքը։ Աստուածային սէրն ու ողորմածութիւնը մարդկային մեր մտքին ու երեւակայութեան բոլոր չափանիշերէն գերազանցապէս գերիվեր ճշմարտութիւն մըն է, սակայն սէր մը, որ նզովքի ու ատելութեան կը փոխուի, կը յարաբերականացնէ ամբողջ Փրկագործութեան խորին խորհուրդը։
Ամէն անգամ, երբ մեր եկեղեցական բեմերէն սա կամ նա հոգեւորականի՝ քահանայի, վարդապետի կամ եպիսկոպոսի մը կարգալուծումին վերաբերեալ յայտարարութիւն մը կը հրապարակուի, կարգալուծուողէն աւելի զայն կարգալուծողը կը նսեմանայ՝ աստուածային խորհուրդին սրբութեան եւ հոգեւոր կոչումին վսեմութեան հանդէպ իրեն վստահուած հեղինակութիւնը չարաշահելուն համար։ Որովհետեւ ցարդ մեր գիտցած կարգալոյծ հռչակուածներու պարագային ծանրակշիռ պատճառ մը չկայ անոնց հանդէպ նման բիրտ վճիռ մը կայացնելու անհրաժեշտութեան վերաբերեալ։ Եկեղեցին շատ մը այլընտրանքային միջոցներ ունի կարգապահական հարցեր կանոնաւորելու համար, բայց ոչ թէ յումպէտս, ի ժամու եւ ի տարաժամու կարգալոյծ հռչակել ծառայող եկեղեցականներ՝ գործելով ծանրագոյն ոճիր մը անոնց հոգիին դէմ։ Չէ՞ որ Եկեղեցիին առաքելութիւնը մարդը փրկելն է եւ ոչ թէ զայն կործանելը։
Անգամ մը եւս՝ քահանային հոգեւոր կոչումը անոր հաւատքին եւ ինքնութեան անբաժան մէկ մասը կը կազմէ։ Աստուածաբանական եւ կրօնագիտական կատարեալ անհեթեթութիւն է,– թէկուզ «հայրապետական տնօրինում»-ով,– կարգալոյծ հռչակել հոգեւորական մը, որ ո՛չ իր կոչումէն յօժարակամ հրաժարած, ո՛չ հերետիկոսութիւն մը դաւանած, եւ ո՛չ ալ բարոյական ծանրակշիռ յանցանք մը գործած է։ Եթէ երբեք կարգալուծելու այսօրուան չարաբաստիկ դրութիւնը հաստատող արհեստածին տրամաբանութեամբ պիտի առաջնորդուինք,– սարկաւագի ու քահանայի, վարդապետի ու եպիսկոպոսի պարագային,– ապա նոյն տրամաբանութեամբ նաեւ պիտի ընդունինք կաթողիկոսի կարգալուծութեան հնարաւորութիւնը՝ թէկուզ այս անգամ բացառաբար ոչ «հայրապետական տնօրինում»-ով։
Արդարեւ պէտք չէ մոռնալ՝ կապանքը, որով զոհդ շղթայած ես, միւս ծայրը քու ձեռքդ կը գտնուի։
[1] Հմմտ. Գրիգոր Տաթեւացի, «Գիրք որ կոչի Ամառան հատոր», Կ.Պոլիս, 1741, էջ 443։
[2] Հմմտ. «Մատենագիրք Հայոց», Յովհան Մանդակունի, «Ճառք», Ա. հատ., Անթիլիաս, 2003, էջ 1205։
[3] Հմմտ. Ղազար Փարպեցի, «Ղազարայ Փարպեցւոյ Պատմութիւն Հայոց եւ Թուղթ առ Վահան Մամիկոնեան», Տիփղիս, 1904, Էջ 115:

