
Նոյեմբեր 9-ին, Լոնտոնի St James Piccadilly եկեղեցի-համերգասրահին մէջ, Հայ Հիմնարկը (Armenian Institute) իր հիմնադրութեան 16-ամեակը նշեց սքանչելի նուագահանէսով մը, մասնակցութեամբ համբաւաւոր երեք հայ արուեստագէտներու, յանձինս՝ ջութակահար Լեւոն Չիլինկիրեանի, թաւջութակահար Ալեքսանդր Չավուշեանի եւ դաշնակահար-երգահան Կարէն Յակոբեանի, որոնք թէեւ միջազգային երաժշտական շրջանակներու մէջ ծանօթ են որպէս մենակատարներ՝ այս առիթով սակայն, հանդիսատեսին ներկայացան որպէս երրեակի անդամներ ։ Սխալ չհասկցուելու համար մատնանշենք, որ Լեւոն Չիլինկիրեան, թէեւ որպէս մենակատար ունեցած է անհամար ելոյթներ, 1971-էն սկսեալ գլխաւորաբար նուագած է իր իսկ հիմնած «Չիլինկիրեան քառեակ»-ին հետ։
Յայտագիրը կը բաղկանար Հայտընի, Առնօ Բաբաջանեանի եւ Պեթհովէնի դաշնակի համար գրուած Թրիօներէն, երեքն ալ հրաշալի ստեղծագործութիւններ՝ զորս երրեակը կատարեց ճշգրիտ մեկնաբանութեամբ, հաւասրակշռուած յուզականութեամբ, անկեղծութեամբ, ապրումով եւ միայն մեծ արուեստագէտներուն յատուկ՝ վարպետութեամբ։