Ամերիկահայ
ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՆ ԵՒ ՍՈՒՐԲ ԾՆՆԴԵԱՆ ՏՕՆԸ ՓՐՈՎԻՏԷՆՍԻ ՄԷՋ
Նոր Տարուան առաջին օրը, հաւատացեալներ վերստին հաւաքուեցան Փրովիտէնսի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ՝ Տիրոջ օրհնութիւնը հայցելու մեր բոլոր ծխականներուն, համայնքին, Հայ Եկեղեցւոյ եւ աշխարհասփիւռ հաւատացեալներուն համար։
Հինգշաբթի, 6 Յունուարին, տեղի ունեցաւ Սուրբ Ծննդեան աւանդական Սուրբ Պատարագը։ Յաւարտ Ս. Պատարագին, տեղի ունեցաւ Ջրօրհնէքը, որուն կնքահայրն էր Շահէն Աթթարեան։


