
Յ. Պալեան
Հայրենահանուածներու սփիւռքին վրայ գումարուած հայրենալքման հետեւանք գաղթականութիւնը սփիւռք չէ, ինչպէս սովորութիւն է ըսել, «միկրացիա» է, որուն վերաբերումը ազգին եւ հայրենիքին նկատմամբ ոչ մէկ առնչութիւն ունի հայ ազգային հայրենասիրութեան եւ հայ ազգային քաղաքականութեան հետ:
Հայաստանէն արտագաղթածներով կազմուած նոր հաւաքականութիւններ կան, որոնց մէջ կան փառասիրութիւններ ունեցող պատրաստուած անձեր: Պէտք է անմիջապէս ճշդել, որ անոնց հոգեբարոյական եւ գաղափարական կազմաւորումը, մտածողութիւնը, կամայ-ակամայ սովետական է, կրթութեան եւ հանրութեան մտածողութեան սրսկուած դաստիարակութեան ճամբով: Ինչպէս որ Խորհրդային Միութիւնը ՄԵԾ ՀԱՅՐԵՆԻՔ էր, այնպէս ալ այսօր ՄՈԼՈՐԱԿԸ ՄԵԾ ՀԱՅՐԵՆԻՔ Է։
Միշտ ալ զարմացած եմ, թէ իրաւ կամ կեղծ դժուարութիւններու դիմաց հայրենալքումով պատասխանած անձեր, ինչպիսի համոզիչ հայրենասիրութիւն կրնան խաղալ Նոր Զելանտայի, Լոս Անճելըսի, Փարիզի, Շուէտի մէջ, կամ այլուր: Կեղծիք մըն ալ կար երէկ, կայ այսօր, դասական սփիւռքի զգացումները շահագործելու միտող, որ իրենք երկրէն դուրս ելած են քաղաքական հալածանքի պատճառով: Միլիոն հաշուող արտագաղթածներու դէմ կրնա՞ր քաղաքական հալածանք ըլլալ պզտիկ երկրի մը մէջ:
Հայրենահանուածներու սփիւռքը, կամ ինչպէս կ’ըսուի դասական սփիւռքը, նախնական ազգակցասիրական զգացումով տարուած, քաղաքական ճիշդ գնահատումը չըրաւ աղէտ-արտագաղթին, հակառակ երբեմն հնչած դատումներու, ինչպէս Սիլվա Կապուտիկեանի, որ արտագաղթը բնորոշեց Եղեռնէն ետք մեզի վիճակուած մեծագոյն աղէտը, որ հայ անհատին վատագոյն ընտրանքն էր ընդդէմ իր ազգին եւ հայրենիքին: Իսկ ծաղր է, հայրենիք լքելէ ետք, այս կամ այն ոստանը նստած, Հայաստանի հին կամ նոր իշխանութիւնները գնահատել, քննադատել, կամ սփիւռքի գոյատեւման եւ ինքնութեան պահպանման, անոր կառոյցներու ամրապնդման համար ոչինչ ըրած, մեսիանական խելքաբաշխութիւն ընել: Եւ «նոր հայրենիք»ի մէջ քաղաքական փառասիրութիւններ ունենալ, ըլլալ քաղաքապետ, քոնկրեսմէն, կամ այլ բան եւ բաներ:
Անոնք աւելի իմաստուն պիտի ըլլային, որ խօսելէ առաջ, իրենք իրենց հարց տային, որ եթէ Հայաստանի բոլոր բնակիչները, հետեւելով իրենց տրամաբանութեան, հայրենաթող ըլլային, ի՞նչ կ’ըլլար Հայաստանը այսօր:
Հայրենաթող մեսիաները, հայրենահանուած ժողովուրդի կազմակերպութիւնները ստորագնահատելու միտքի ընկերաբանական մարզանքներ կ’ընեն, ըստ որոնց, սփիւռքի կազմակերպութիւնները, իրարու վրայ գումարած զանգուածներու մէկ տոկոսը կը ներկայացնեն: Ո՞ր գիտական տուեալներու վրայ կը հիմնուին նման դատումներ: Ինչպէ՞ս կը չափուի ներկայացուցչութիւնը: Ֆրանսայի մէջ, ընկերաբանական հարցախոյզերը մէկ կամ միւս նախագահին համար ըսած են եւ կ’ըսեն, որ ժողովուրդի 40% կամ 30% կը վստահին նախագահին կամ կը համակրին այս կամ այն կուսակցութեան, բայց այդ հարցախոյզները վերջ կու տան անոնց ներկայացուցչական բնոյթին:
Սփիւռքի կազմակերպութիւնները երբեք չեն յանդգնած իրենք զիրենք պետական կառոյցներ համարել, սակայն փաստական իրողութիւն է, որ բացի իրենց անդամներէն, անմիջական գործակիցներէն եւ համախոհներէն, անոնք ունեցած են զանգուածներու նեցուկը, եւ այդպէս ալ պահուած է սփիւռքը իր հայ ազզային նկարագրով, քանի որ, ինչ ալ եղած ըլլան տարբերութիւնները, անոնք սփիւռքը համարած են իրենց կողմէ չընտրուած չարիք, որուն դէմ ճակատ պէտք էր որ յարդարէին, ինչ որ չէ պարագան հայրենաթողներուն, որոնք սփիւռքի կազմակերպման մէջ կ’ուզեն իրենց ոտքին յարմար տեղ մը գտնել դիրք եւ հանգամանք ձեռք բերելու համար: Հայրենիք լքողը ո՞ր տերվիշի պարով հայրենասիրական-քաղաքական ճապկումներ կրնայ ընել՝ ղեկավարական փառասիրութիւններու յագուրդ տալու համար:
Արտագաղթողներու այդ ճապկումները կը միտին իրենք զիրենք եւ միամիտները համոզելու, որ հայրենահանուած զանգուածներու կառոյցները եւ միջոցները իրենց պէտք է յանձնուին, քանի որ անոնք հաւաքաբար մէկ տոկոս կը ներկայացնեն: Բայց նոյնիսկ ստորագնահատման մոլուցքէ բխած սահմանումով այդ մէկ տոկոսի դերի, իրականացումներու եւ ձեռք բերած արդիւնքներու մասին պէտք է խօսիլ: Այդ մէկ տոկոսը պահած է դպրոցներ, թերթեր, վառ պահած է հայրենիքի սէրը եւ վերադարձի յոյսը, որ հակառակն է արտագաղթի խուճապային կեցուածքին, իսկ ղեկավարման եւ խելքաբաշխական տենդ ունեցող հայրենաթող-հայրենալքողը իր քաղաքական առաջնորդի դերը ո՞ր արժեչափերով կը սահմանէ, ի՞նչ բանի վրայ կը հիմնէ: Հին Յունաստանի սոփեստները, գիտոսիկները, կրնային ոչինչէ փաստեր հնարել, մէկ կամ միւս թեզին համար, բայց այդ թեզերը ճշմարտութիւն չէին: Ինչպէս որ բանգիտական ցանկութիւնները այսօր ոչինչ կը նշանակեն:
Սփիւռքի մեծ կամ պզտիկ կազմակերպութիւնները տէր կանգնած են ցեղասպանութենէ ճողոպրած եւ հայրեհանուած զանգուածներուն: Հայրենաթողներ-հայրենալքողներ երբ ղեկավարութեան կը ձգտին, ազգային քաղաքականութեան մասին կարծիք կը յայտնեն, տեսութիւններ կը մշակեն, ո՞ր ծառայութեան եւ ո՞ր հաւատարմութեան վրայ կռթնելով իրենք իրենց իրաւունքներ կրնան տալ։ Կը զարմանամ միայն, որ Հայաստան եւ սփիւռքներ, հարազատ ազգային մտաւորականութիւնը հրապարակ չի գար ճամբացոյց ըլլալու, մատնանիշ ընելու թիւրը եւ թերին, կեղծը եւ հարազատը շնորհել:
Հայրենալքողին երբ խօսափող կը տրուի, մանաւանդ Հայաստանի լրագրողին կողմէ, անհրաժեշտ է բարոյական վերաբերում: Իսկ համացանցը անդուռ բեմ է, մի ոմն Մարկոս կամ Կիրակոս, Րիչըրտ կամ Մարատ, կրնան իրենց միտքի մարզանքները յանձնել եթերին, իրենց առանձնութեան ձանձրոյթը փարատելու համար, մեսիայի դեր շնորհել իրենք իրենց, եւ զուարճացնել իրենց սեղանակիցները եւ լքումներու մեղսակիցները:
Հայաստանի ղեկավարութիւնները եւ լրագրողները, ձայնասփիւռը եւ հեռատեսիլը ազգային բարոյականութիւն պէտք է գիտնան ցուցաբերել եւ սփիւռքեան կազմակերպութիւնները պէտք է գիտնան հայրենատիրութեան ցորենը ջոկել հայրենալքման որոմէն:
Հայրենահանուածներու սփիւռքը ունեցաւ եւ ունի ղեկավարութիւններ, յոգնակի, առանց պետական վարկերու գործած եւ գործող, բարոյական անշահախնդիր ըմբռնում մը, նոյնիսկ երբ անոնք եղած են մէկ տոկոս, բայց գիտցած են առաջնորդել հարիւր տոկոսը:
Ներազգային կեանքի մէջ, զգացականէն անդին, ազգային-քաղաքական վերաբերումով պէտք է ճշդել դերերը եւ պատասխանատուութիւնները:
Հայրենալքումը ոչ մէկ ձեւով պատասխանատուութեան մասին կը վկայէ:
Չի վկայեր հայրենատիրութեան եւ հայրենասիրութեան մասին:
Լեզուագարութեամբ կը վկայէ ԵՍի մասին…
Այսինքն ինքզինք եւ ուրիշը խաբելու միտող սոփեստութիւն:
Խօսելու դիւրութիւնը ազգային քաղաքականութիւն չէ, բարբաջանք է, սոփեստութիւն:
Անդրանիկ Ծառուկեան մի ոմն Գէորգ Աբով բանաստեղծի խօսքին համար ըսած էր, որ ան իր թղթէ կապարճն է պարպեր, հիմա թուղթի կարիք ալ չկայ, զայն փոխարինած են եթերի կապարճով:
Կը զարմանամ միայն, որ Հայաստան եւ սփիւռքներ, հարազատ ազգային մտաւորականութիւնը հրապարակ չի գար ճամբացոյց ըլլալու, մատնանիշ ընելու թիւրը եւ թերին, կեղծը եւ հարազատը: