Յակոբ Նալպանտ
Հալէպ, Յուլիս, 1999
Թօպոկրաֆիկ մանրամասն ուսումնասիրութիւններէ վերջ՝
բանուորներուն թոյլտուութիւն շնորհեցին ճամբաները յղկելու:
Մաշած և քանդուած ճանապարհները շուտով «կառուց-
ուեցան», անուանուեցան «վերակառուցում», հիմա վերա-վերա-կառուցման
փուլն ալ թևակոխած ենք, ճամբաներու անուններն ալ փոփոխութեան ենթարկուեցան:
Ճամբաները ռախիտով* տառապող հիւանդի նման
ծուռ ու մուռ են:
Կուպրը դեռ չէ պնդացած…
Մեր ոտքերը կարծես ճահիճի թանձր կուպրի մէջ մխրճուած են, իսկ ռունգերը պնդութեան տեղ կակուղ գանկոսկրին մէջ խրած կը փորձենք կորուստէն փրկուիլ:
Ճանապարհները մեր մէջքերու գօտիներն են:
Շուտով ճամբաները խաչերու պէս ուսերուն նետած օտար մարդկանց կը հանդիպինք ճակատագրի նոր և նոյն խաչմերուկներուն վրայ…
*Հիւանդութիւն, որ ոսկորներուն պնդութիւնը կ’առնէ: