
Հակառակ որ արդէն կ՛ընէ աւելի քան հնգամեակ մը որ Սիլվա Տէր Ստեփանեանը պաշտօնապէս հեռացած է Նիւ Եորքի Ամերիկայի Հայոց Առաջնորդարանի անձնակազմէն, ուր ան տնօրէնուհին էր Առաջնորդարանի Հայ Դպրոցներու Կրթական եւ Մշակութային Կեդրոնին, սակայն ան կը շարունակէ չամբողջացուցած իր ծրագիրները ի գործ դնել, մա՛նաւանդ` Հայաստանի կրթական համալիրէն ներս ներդաշնակելով զանոնք սփիւռքեան փորձառութեամբ:
Ունի հարիւրեակ մը, մեծ ու փոքր, հայերէն դասագիրքերու շարք մը, որ տակաւին կը գործածուի հայկական դպրոցներու մէջ, ըլլան անոնք Միացեալ Նահանգներ թէ այլուր: Սակայն, այս մէկը ուշագրաւ հրատարակութիւն մըն է եւ տարիներու վրայ երկարող աշխատանքի մը արդիւնքը, որ օգտակար պիտի ըլլայ հայերէն լեզուին ծանօթանալ եւ հայերէն պարզ ու գործածական նախադասութիւններ սորվիլ փափաքող պատանի թէ չափահաս հետաքրքրուողներուն համար:
Այս աշխատանքին մէջ առիւծի մասնակցութիւնն ու ներդրումը բերաւ անկասկած, մեծապէս օգտակար ըլլալով Առաջնորդարանի Հայկական Բաժանմունքի երկարամեայ պատասխանատուն` Նուպար Քիւփէլեանը: Մեծ համբերութեամբ եւ բծախնդրութեամբ անոնք լոյս աշխարհ բերին պատուաբեր հրատարակութիւն մը այս անգլերէնէ հայերէն “Ուսուցողական Բառարան“ը: Նշենք որ, բառարանի գործածութեան եւ տառադարձութեանց համար որդեգրուած իւրայատուկ եւ պարզ դրութեան եւ խօսելավարժութեան մասին անհրաժեշտ բացատրութիւնները, ծանօթութիւնները եւ ուղեցոյցը տրուած են յառաջաբանին մէջ:
766 էջերէ բաղկացած գիրքին 664ը` կ՛ընդգրկէ բառարանի մասը, իսկ մնացեալ էջերը` անգլերէն-հայերէն խօսելավարժութեան բաժինը. ինչպէս` բարեւելու ձեւեր, մաղթանքներ, ծանօթացման եղանակներ, կենցաղագիտութիւն, թիւեր-չափեր-կշիռներ, հիմնական արտայայտութիւններ, խնդրանքներ, տնային եւ խոհանոցային խօսակցութիւն …: Այսպէս 40 տարբեր բաժիններ, որոնց վերջինը կապուած է եկեղեցիին եւ կրօնին:
Գիրքը հրատարակութիւնն է Ամերիկայի Հայոց Առաջնորդարանին եւ պատուէրովը` Առաջնորդ Խաժակ Արք. Պարսամեանին: Ուրախ ենք որ այս հրատարակութիւնը իրականացաւ շնորհիւ Իրմա Հ. Տէր Ստեփանեանի եւ քրոջ Սիլվային հետ այս բառարանը ձօնած են անոնք յիշատակին` իրենց ծնողաց` Միհրան եւ Ալիս Տէր Ստեփանեաններուն:
Շնորհապարտ ըլլալու դարձեալ իրաւունք տրուեցաւ հայ դպրոցով հետաքրքիր մեր կրթական մշակներուն եւ պատասխանատուներուն, որովհետեւ այս հրատարակութիւնը կու գայ բաց մը եւս գոցել մեր կրթական ծրագիրներէն ներս:
Կը շնորհաւորենք մեր զոյգ սիրելի հեղինակները այս պատուաբեր հրատարակութեան համար:
Նիւ Եորք