ՆՈՐ ԳԻՐՔԵՐՈՒ ՀԵՏ.- ՕՏԱՐԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԱՌԱՏ ԳՈՐԾԱԾՈՒԹԵԱՆ ԱԽՏԸ ԼՈՒՍԱՐՁԱԿԻ ՏԱԿ ԱՌՆՈՂ ԲԱՌԱՐԱՆ ՄԸ

0 0
Read Time:6 Minute, 11 Second

 

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

2017-ի վերջերուն, Լոս Անճելըսի մէջ լոյս տեսաւ «Անհարկի յաճախակի գործածուող օտար բառերու հայերէն համարժէքներու բառարան» խորագրեալ գրքոյկ մը, որ թէեւ ունի ափի մը ծաւալը, սակայն արժանի է յատուկ ուշադրութեան. լուսարձակի տակ կը բերէ ախտագին իրականութիւն մը, որ վարակած է մեր բանաւոր ու գրաւոր մամուլը, ընդհանրապէս Հայաստանի մէջ ու շարժային ալիքի մը՝ ցունամի-ի նման կþողողէ աշխարհով մէկ ցրուած հայութիւնը։
16×11 սմ ծաւալով գրքոյկը ունի 104 էջ եւ ներքին երկու գլխաւոր բաժին։ Հեղինակներն են Տոքթ. Յակոբ Այնթապլեան եւ Փրոֆ. Արտեմ Սարգսեան։ Լոյս տեսած է Տէր եւ Տիկին Տոքթ. Յակոբ եւ Լուտվիկա Այնթապլեան ամոլի մեկենասութեամբ։ Կողքին վրայ տեղադրուած՝ Մեսրոպ Մաշտոց վարդապետին նկարը ունի յստակ թելադրականութիւն, թէ՝ պէտք է հաւատարիմ մնալ մեր Մեծ Ուսուցիչին լեզուամշակութային աւանդին, թէ՛ մայրենիին հարազատ պահպանման եւ թէ դասական ուղղագրութեան վերահաստատման իմաստով։ Ու եթէ կողքի լուսանկարը այս պատգամը չհասցնէ ընթերցողին, հեղինակները երկրորդ էջին վրայ տեղադրած են երկու տող. «Հայոց լեզուն անաղարտ պահենք»։ «Երկու խօսք»ին մէջ նաեւ նշուած է, որ ցուցակագրուած բառերը դրուած են Հայաստանի մէջ գործածութեան ձեւով, սակայն որդեգրուած է դասական ուղղագրութիւնը. սա ինքնին այլ հնչեղ պատգամ մըն է արդէն։ (Հւանաբար ընթերցողները ծանօթ են երկու հեղինակներուն պատկերասփիւռային հաղորդումներուն, ուր երկար ատենէ ի վեր կþարծարծեն նոյն տագնապը)։
Հատորին առաջին բաժինին մէջ, այբուբենական կարգով դասաւորուած են օտար բառեր, որոնք առատօրէն կը գործածուին թերթերու, պատկերասփիւռի կայաններէ լրատուութեանց եւ առօրեայ խօսակցութեանց ընթացքին։ «Երկու խօսք» խորագրեալ յառաջաբանով մը, հեղինակները կը բացատրեն, որ ընտրած են միայն սահմանափակ թիւով օտարաբանութիւններ, որոնք յաճախակի գործածութեան մէջ են. կþըսեն, որ Հայաստանի մէջ լոյս տեսած են մինչեւ 15.000 օտար բառեր պարունակող բառարաններ, որոնք «գրական հայերէնի բառապաշարի մաքրազտման փոխարէն, (զ)այն աւելի եւս աղաւաղելու, օտարաբանութիւններով խճողելու գործընթացին կը նպաստեն»։ Կարելի է հետեւցնել, որ յիշեալ բառարաններուն նպատակը եղած է ցուցակագրել հայերէնի մէջ գործածուող օտար բառերը, որոնք իբրեւ թէ հայերէնի մէջ որդեգրուած են, պէտք է որդեգրուին։ Մինչդեռ, այս փոքրադիր հատորը ունի այլ յստակ նպատակ մը. ցոյց տալ, թէ առատօրէն օգտագործուող եզրերը հայերէնի մէջ ունին իրենց համարժէք՝ գեղեցիկ բառը, բառե՛րը, հետեւաբար, օտար եզրերու գործածութիւնը մեր լեզուի աղքատութեան պատճառով չէ, այլ հետեւանք է տգիտութեան, օտարամոլութեան եւ սեփական հարուատ մշակոյթի… դաւաճանութեան։ Անմիջապէս սրձանագրենք, որ վերջին նշումները հեղինակներուն չեն պատկանիր. անոնք գործածած են աւելի քաղաքավար ոճ։ Անոնք արդարօրէն չեն արձանագրած նաեւ (որովհետեւ այս նշումը կապ չունի հատորին հիմնական նպատակին հետ), թէ մեր մայրենին ունի այնպիսի հարստութիւններ, բառապաշար, որուն մեծ մասը «թաղուած» են բառարաններու սիւնակներուն, ընդհանրապէս արեւ չեն տեսներ եւ կարգ մը «հեղինակաւոր» անձնաւորութիւններ օր մըն ալ հրապարակ կու գան «գիւտերով», յայտարարելով որ հայերէնը աղքատ լեզու է, պէտք է հարստացուի օտար բառերու ներածումով։ (Այս երեւոյթին կþանդրադառնանք քիչ ետք)։
Բառարանի բաժինը կը գրաւէ 64 էջ, այսինքն՝ գրքոյկին երեք-հինգերորդը։ Երկրորդ բաժինը կազմուած է հայկական անուններու ցանկերով, քաղուած՝ ազգային առաջնորդարաններու հրատարակութիւններէն։ Իրերայաջորդ ցուցակներով տրուած են արական եւ իգական անուններու ցանկեր, որոնց սկզբնաւորութեան, նմանապէս քաղաքավար ոճով կոչեր կան ծնողներուն, որպէսզի նորածինները օժտուին հայկական անուններով։ Կը նշուի, թէ ցանկերուն մէջ կան հայկական կամ (պատմականօրէն) հայացած-նուիրականացած անուններ. այդ անուններուն շարքին են սուրբ գրային դէմքերու անունները, որոնք յամենայնդէպս կը պատկանին միջազգային անձնանուններու ցուցակին։ Ընթերցողը պիտի նկատէ, որ այդ ցանկերուն մէջ կան «հինցած» անուններ, ինչպէս՝ Անակ, Նոյ, Սանատրուկ, Կիւլզարդ, Շամիրամ եւ այլն, որոնք ընդհանրապէս գործածութենէ դուրս ինկած են մեր օրերուն, սակայն նաեւ կան բիւրեղի պէս վճիտ ու փայլուն անուններ, որոնց գոյութիւնն իսկ մոռացութեան տրուած է մեր ժողովուրդին կողմէ։ Օրինակի համար, Բակուր (կը յիշեցնէ Դանիէլ Վարուժանի մէկ առասպելաշունչ բանաստեղծութիւնը), Նորայգ, Շարա (յիշենք մեր նշանաւոր երգիչը՝ Տալեանը, եւ ո՛չ անպայման Հայկի ծոռներէն՝ շատակեր շիրակցին), Ժպտուհի, Հայարփի եւ այլ լուսաշող անուններ։ «Հինցած» անունները հաւանաբար պէտք է ընկալել առ ի գիտութիւն։
***
Օտարաբանութիւններու գործածութիւնը նոր ախտ մը, նոր ցաւ մը չէ մեր ժողովուրդին ու գրականութեան մէջ։ Գրաբարէն դէպի ժողովրդական բարբառներ անցումի դարաշրջաններէն ի վեր, այս երեւոյթը ներկայ է մեր գրականութեան ու խօսակցական լեզուին մէջ. իսկ եթէ աչքի առջեւ ունենանք նորագոյն շրջանը, որ կը սկսի Խաչատուր Աբովեանով ու կը կտրէ Զարթօնքէն մինչեւ խորհրդային տարիներու եւ սփիւռքացումի փուլերը, ներառեալ Պոլիսն ու Թիֆլիսը, օտար եզրերու գործածութիւնը «բնական» ընթացք եղած է տասնամեակներ շարունակ։ Սա աւելի՛ շեշտուած է արեւելեան կողմն աշխարհի, սակայն մեր արեւմտեան պուրակներուն մէջ ալ արժանացած է Պարոնեանի սուր քննադատութեան։ Արեւմտահայ գրողներ ընդհանրապէս խուսափած են օտարաբանութենէ (ժողովրդային խօսակցութիւնը՝ նուազ չափով), օտար եզրեր գործած են խօսակցութիւն մը իր բնական հարազատութեամբ ներկայացնելու միտումով, մինչդեռ մեր աշուղներն ու Չարենցի նման համբաւաւոր գրողներ իրենց սեփակա՛ն լեզուին մէջ ներառած են առատ օտարաբանութիւններ։ Բացատրութիւնները բազմաթիւ են, սակայն արդարացումի փորձերը կը մնան սնանկ։
Իսկ երբ կը հասնինք մեր օրերուն, երբ ունինք վերակախացած հայրենիք, ուր կան լեզուական կաճառ, մշակոյթի ու կրթութեան նախարարութիւններ, կան պատկերասփիւռի բազմաթիւ կայաններ, պարբերականներու առատութիւն (չենք ուզեր խօսիլ դիմատետրեան գրառումներու մասին, որոնք այլապէս նոր ծաւալ կու տան աղէտալի կացութեան), ողբերգութիւնը կը դառնայ աւելի՛ ծանրակշիռ։ Նախագաէն ու վարչապետէն սկսեալ, մինչեւ նախարարներ, ազգային ժողովի անդամներ, պատկերասփիւռի խօսնակներ, արուեստագէտներ, անգա՛մ լեզուագէտներ, գրողներ ու հոգեւորականներ անձնատուր եղած են այս ախտին (կրկնենք նաեւ «յարգելի բացառութիւններ» յանկերգը)։ Այս ախտի դարմանման բազմաձայն հրաւէրներուն կողքին, անտեսումի ու արհամարանքի ենթակայ կը մնան նաեւ դասական ուղղագրութեան վերահաստատման կոչերն ու ճիգերը, պատրուակելով, որ նման քայլ «անկարելի է, հսկայական ճիգի կը կարօտի»։ Չենք անդրադառնար, որ մօտաւորապէս դար մը առաջ, յստակ դաւադրութեան մը հետեւանքով ու մեր ժողովուրդը բաժանումի մատնելու բացայայտ նպատակով որդեգրուած սխալագրութիւնը հազիւ 20 տարի ետք ցոյց տուած էր իր սնանկութիւնը, անոր ստեղծած դժուարութիւնները բացայայտուած էին ցաւցնող կերպով, զայն որդեգրողները քաջութիւնն ու կամքը ունեցած էին կէս ետդարձ մը կատարելու դէպի աւանդական ուղղագրութիւն, առանց իրենք զիրենք խաբելու, որ նման քայլ «անկարելի էր եւ վիթխարի աշխատանք կը պահանջէր»։ Տեղ մը իմաստութիւնը գերակշռած էր…։ Հիմա, օտարաբանութեանց սանձարձակ գործածութիւնը շուքի մէջ կը ձգէ ուղղագրութեան հարցը, որ սակայն նոյնքան հրամայական է ու ազնիւ մարտահրաւէր։ Երկուքին ալ պարագային, պէտք է գոյացնել կամքն ու հեռուն տեսնելու կարողութիւնը (նո՛յնքան սնանկ է այն տրամաբանութիւնը, որ Սփիւռքը վաղը-միւս օր պիտի հալի-մաշի, Հայաստանէն արտագաղթողները «տիրապետութիւն» պիտի հաստատեն, հարցը ինքնաբերաբար լուծում պիտի գտնէ. ուրեմն, ինչո՞ւ ճգնիլ եւ ուժ սպառել)։
Ահա թէ ո՛ւր պէտք է փնտռել նման փոքրակազմ հատորներու արժէքը, ինչպիսի՛ պատգամներ պէտք է քաղել անկէ։ Կþարժէ, որ անկէ օրինակներ տրամադրուին Հայաստանի պետական այրերուն, մամուլի մարդոց, գրողներու, ինչո՞ւ չէ նաեւ արտերկրի մէջ գրիչ շարժողներու ու պատկերասփիւռներէն երեւցողներու, որոնք ինկած են վերը յիշուած շարժային ալիքի ազդեցութեան տակ։ Հեղինակները ունին նաեւ պարզունակ (ո՛չ պարզապիտ) առաջարկ մը. օրական միայն տասը օտար բառի հայերէն եզրը սորվիլ ու քանի մը ամիսէն դարմանել հիւանդութեան մեծագոյն բաժինը։
Ուղղագրութկեան պարագան աւելի վճռահատող կեցուածք կը պահանջէ, որովհետեւ անցնող իւրաքանչիւր օր, շաբաթ, տարի՝ մեզ հաւաքաբար պիտի հեռացնէ բաղձալի դարմանումէն, միեւնոյն «լեզուն» որդեգրելու ընտրանքէն։
Արձանագրենք վերջին կէտ մըն ալ. երբ որեւէ լեզուի մէջ որոշ նիւթ մը, գաղափար մը զինք արտայայտող-բացատրող եզր մը չունի, հարցը կը լուծուի երկու ձեւով. կա՛մ կը ստեղծուի զայն բացատրող յարմարագոյն նոր բառ մը (անձնական փորձառութեամբ կրնանք ըսել, որ հայերէնի բառամթերքին մէջ «սղաճ-ում» բառը շուրջ 35 տարուան կեանք ունի, նախապէս կը գործածուէր էնֆլասիոն-ինֆլէյշըն օտարաբանութիւնը, մինչդեռ այսօր «սղաճ»ը ընթացիկ բառ է ամէն տեղ, ու սա միակ նոր բառը չէ), կամ ալ օտար եզր մը կը պատշաճեցուի հայերէն համապատասխան եզրով մը. այսպէս եղած է պատմութեան ընթացքին, եւ ո՛չ միայն հայերէնի պարագային (ո՞վ չի գիտեր, որ ֆրանսերէնի կամ անգլերէնի բառամթերքները ինչպիսի՛ տարողութեամբ հարստացած են լատիներէնէն ու յունարէնէն)։ Մեր նշանաւոր բառարանագիրները՝ ԱՍճառեան եւ ուրիշներ, արձանագրած են թէ մեր բառամթերքին մէջ պարսկերէնէ, արաբերէնէ կամ այլ լեզուներէ ինչպիսի ներածումներ կատարուած ու հայացուած են։ Սա ամօթալի երեւոյթ չէ։ Տակաւին, Հայաստանի մէջ, խորհրդային վերջին տարիներուն, գիտնականներ ու լեզուագէտներ գլուխ յոգնեցուցին եւ թուաբանական, գիտական եւ այլ ոլորտներու մէջ նոր բառերու համապատասխան հայերէն եզրեր ստեղծեցին։ Հեռաւոր ու մօտիկ անցեալի նման որդեգրումներ նպատակադրած են մեր լեզուին հարստացումն ու պահպանումը, սակայն մի՛շտ հաւատարիմ մնալով այն սկզբունքին, որ հայերէնի մէջ որոշ նիւթի մը կամ գաղափարի մը համապատասխան բառ գոյութիւն չունէր։
Այս բառարանին նպատակը, կրկնենք, յիշեցնել է, որ հայերէնը ունի՛ հարուստ բառամթերք, հետեւաբար, պէ տք չունինք օտար լեզուներէն բառեր մուրալու։ Ամօ՛թ է։

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles