ՆՈՐ ԳԻՐՔԵՐՈՒ ՀԵՏ.- “ՅԻՇԱՏԱԿՆԵՐ ԱՆՑԱԾ ՕՐԵՐ…“ (Հեղինակ` ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ)

0 0
Read Time:5 Minute, 11 Second

      …Կար ու չկար, Լիբանան մը կար, որ շահած էր “Միջին Արեւելքի Փարիզը“ կամ “Միջին Արեւելքի Զուիցերիան“ անունները. երկրորդը` իր բնական գեղեցկութեան ու հրաշալի զբօսավայրերուն պատճառով, առաջինը` ամէն տեսակի արդիականութեան հետ քայլ պահելու յատկանիշին պատճառով: Արդիականութիւն հասկացութեան մէջ կ՛իյնային հագուստ-կապուստ, ինքնաշարժներ, երիտասարդներուն հաճելի եղող երեւոյթներ, որոնց շարքին` արեւմտեան ժողովրդական (Pop) երաժշտութիւնը (այս յատկանիշը մեծ չափով վերականգնած է յետ-պատերազմեան շրջանին. Լիբանանի մէջ կարելի է այսօր գտնել նիւթական թէ մշակութային այնպիսի նորութիւններ, որոնք ամիսներու կամ տարուան ուշացումով կը հասնին այլ երկիրներ):

Վերջինին` արեւմտեան ժողովրդական երաժշտութեան Լիբանան մուտքը եթէ սկզբնական տարիներուն առաւելաբար կը կապուի օտար երգիչներու-երաժիշտներու, որոնք իրենց ընկերացող` նմանապէս ոչ-լիբանանեան խումբերու հետ, տարբեր ժողովուրդներու երաժշտական աշխարհէն, յատկապէս ճազային անդաստանէն փունջեր կը հրամցնէին Պէյրութի, Տհուր Շուէյրի (ամարանոց մը) եւ այլ գիւղերու ճաշարաններուն կամ պարի հրաւիրող հանրային ժամադրավայրերու մէջ, լիբանանցիներ, եւ մասնաւորաբար հայ երաժշիտներ 1960ական տարիներէն սկսան “գորգը քաշել“ օտարներու մեծ մասին ոտքերուն տակէն. անհատ երգիչներ, երաժիշտներ եւ խումբեր ստեղծեցին նախ` արեւմտեանին յարող, սակայն նաեւ, քիչ ետք, հայկական արդի երգի մշակոյթ մը, որ ապրեցաւ իր զարգացումը եւ, քաղաքացիական պատերազմի պայթումէն ետք ալ, նուաճումներ արձանագրեց Լիբանանի սահմաններէն անդին, Լոնտոնի ու եւրոպական այլ ոստաններու մէջ (գրեթէ նոյն տարիներուն, Հայաստանի մէջ ալ ժողովրդային երաժշտութիւնը ապրեցաւ նորարութեան մթնոլորտ մը, որ շուտով ճանաչում գտաւ էսթրատային երգ-երաժշտութիւն անուանումով. Լիբանանէն Հայաստան կամուրջներ ալ հաստատուեցան այս կալուածին մէջ): Այդ շրջանին, հայկական խումբերու կողքին, փայլեցան նաեւ տեղացիներ` արաբ լիբանանցիներ, որոնք ընդհանրապէս փնտռեցին հայ նուագողներու ընկերակցութիւնը:

Յետոյ, պատերազմը պատճառ եղաւ, որ այդ իւրայատուկ մշակոյթը կերտողներէն մեծ մաս մը տարածուի աշխարհի տարբեր երկիրներ, մերթ Լիբանանէն իրեն հետ տանելով տնկիներ, որոնք ծաղկեցան այլուր, նաեւ` Լոս Անճելըսի մէջ, իսկ ուրիշներ խամրեցան ու անցան պատմութեան: Բնականաբար, Լիբանան մնացողներու թիւը արհամարհելի չէր. այդ “մշակոյթը“ Լիբանանի մէջ ապրեցաւ այնպիսի՛ պատմութիւն, որ չէր կրնար անտարբեր մնալ երկրին տիրապետող դառն ազդեցութիւններէն. արձանագրուեցան անկումներ ու վերելքներ, թաւալումը մինչեւ այսօր ալ կը շարունակուի Լիբանանի հայկական “աւազանի“ մէջ:

Անոնք, որ ապրած են Լիբանանի ուշ 50ական եւ 60ական, 70ական, 80ական տարիները, մեծ հաճոյքով ու երանութեան զգացումներով պիտի կարդան Պօղոս Շահմելիքնեանի “Յիշատակներ, Անցած Օրեր…“ հատորը, որ բաւական ընդարձակ լուսարձակ կը սփռէ յիշեալ ԵՐԵՒՈՅԹին վրայ:

 Անոնք, որոնք չեն ճանչնար Պօղոսը (ան ծանօթ անուն է յիշեալ մշակոյթը կերտողներուն ու տարածողներուն շրջանակին մէջ), պէտք է անմիջապէս արձանագրել, որ ան եղած է լիբանանցի այն տղոցմէն, որոնք աշակերտական-պատանութեան տարիներէն յարած են արեւմտեան ժողովրդային երաժշտութեան, կազմած են խումբեր, որոնք դպրոցական կամ այլ հանդիսութեանց բեմերէն տարածուած են դէպի երիտասարդական ու ժողովրդային զբօսավայրեր, ապա նաեւ դէպի այլ երկիրներու բեմերը, լիբանանեանէն անդին` համաշխարհային առումով հռչակ շահած են իրենց նուագով, յօրինած երգերով ու արտադրած ձայնապնակներով: (Արձանագրենք, որ այսօր ալ կան աշխարհահռչակ, հայկական միջավայրէն անդին տարածուող` հայ տղոցմէ կազմուած խումբեր, որոնք կը ստեղծագործեն այսօրուան աշխարհին ըմբռնումներուն համահունչ, մեծապէս տարբեր` քան ինչ որ էր լիբանանեան նախընթացը): Ահաւասիկ այդ օրերու յիշատակները արձանագրուած են աւելի քան 210 էջեր բռնող այս հատորին մէջ, որոնք հարուստ են լուսանկարներով, վերջին էջերը կը թողուն պատկերագիրքի մը` ալպոմի տպաւորութիւնը, մոռացութեան վտանգէն փրկելով շատ բան` երաժիշտներ ու անոնց ստեղծած աշխարհը:

  Հատորին խորագիրը կը թելադրէ, որ Պ. Շահմելիքեան իր անձնական յուշերը տեղադրած է այս հատորին մէջ. այդպէս է, սակայն յուշերը շատ աւելին են, քան անձնական յիշատակներ, որովետեւ եթէ հատորին առաջին բաժինին մէջ կը պատմուի թէ հեղինակը ինչպէ՞ս որդեգրած է թաւ (bass) կիթառը եւ մուտք գործած նուագախումբերու աշխարհը, այս ու յաջորդ բաժինները ունին անձնականէ շատ անդին գացող տարածք: Հատորին խմբագիրը` Վաչէ Բրուտեան, արդարօրէն կ՛արձանագրէ, թէ հատորը ունի հանրագիտարանային արժէք, ահագին հում նիւթ կը տրամադէ այս կալուածը ուսումնասիրողին. կ՛ուզենք աւելցնել, որ անիկա ունի նաեւ “Ո՞վ է Ան“ (Who’s Who) տիպի հրատարակութիւններու տարողութիւն, որովհետեւ ընթերցողը հոն պիտի գտնէ Լիբանանի ու անկէ տարածուած ճառագայթները գրաւող բեմերուն վրայ գործած գրեթէ բոլոր խումբերուն, երգահաններուն, երգիչներուն, տարբեր գործիքներ նուագողներուն հակիրճ պատմութիւնը. հեղինակը կը նշէ, թէ իր կարկինը կը տարածուի 60-ականէն 80-ական տարիները. խորքին մէջ, անիկա կը տարածուի մինչեւ մեր օրերը, որովհետեւ ան չի զլանար տեղեկագրել, թէ իր ու այլ նուագախումբերու անդամակցած արուեստագէտներուն մէկ մասը ո՞ւր է եւ ի՞նչ կ՛ընէ այսօր, հատորին լոյս ընծայման տարիներուն, կամ` կը նշէ թէ կապը կորսնցուցած է շատերու հետ, կ՛ափսոսայ ոմանց վերջնական կորուստը:

Իր ամէնէն հռչակաւոր խումբին` The Five Fingers-ի անդամներէն` Վագօ Տելալեան, հատորին սկիզբը զետեղուած հակիրճ սրտի խօսքին մէջ արձանագրած է, թէ այս հատորը կազմուած է պատմութիւն մը վերարտադրելու մօտեցումով, անկողմնակալութեամբ, առանց եսասիրութեան ու ակնկալութեան: Ի դէպ, այս խումբին մէկ նկարը բազմած է հատորի կողքին վրայ, շրջապատուած` աւելի քան երեսուն արուեստագէտներու դիմանկարներով: Հեղինակը երկարապատում գնահատականներ չունի անհատ երգիչներու, խումբերու կամ երգահաններու մասին, ոչ ալ հայ թէ օտար աշխարհահռչակ այն երգիչներուն` որոնք Լիբանանէն անցած են այդ տարիներուն, սակայն հակիրճ դատումները սրտաբուխ են ու տեղին. կան նաեւ անեկդոտային դրուագներ, ուր լուսարձակի տակ կը բերուին կարգ մը հայ երգիչներու թրքաբարոյ ոճը, կամ, աւելին` տգիտութիւնը. կ՛արժէ առանձնացնել գոնէ մէկը. կը պատմէ, թէ այդպիսի երգիչի մը հետ փորձի պահուն, երգիչը յանկարծ կը հանդիպի Գրիգոր Զօհրապի անունին, ու հարց կու տայ թէ ան հա՞յ է, եւ ինչո՞ւ մականունը ԵԱՆով չի վերջանար. երբ խումբի երաժիշտներէն մէկը զինք կը պախարակէ, թէ  ինչպիսի՞ հայ է, որ Գ. Զօհրապի անունը չէ լսած, երգիչը զարմանքով կը պատասխանէ. “Պայմա՞ն է որ բոլոր երգիչներուն անունները գիտնամ…“:

  Այս հատորին էջերէն` Պ. Շահմելիքեան որոշ մշակոյթի մը ամբողջ մէկ ժամանակաշրջանը կը վերականգնէ պարզունակ, անպաճոյճ պատումով, սակայն հաղորդական անմիջականութեամբ մը, այնպիսի մօտեցումով մը, որ կարծէք նստած է ընթերցողին դիմաց ու անոր հետ կը խօսակցի, պարզօրէն կը պատմէ իր ու ամբողջ սերունդի մը գլուխէն անցածը: Հատորը յայտնապէս ծնած է որոշ յիշատակներ արձանագրելու մօտեցումով, սակայն յետոյ, ինչպէս յուշագրողը կը խոստովանի, աճած է նորանոր յիշատակներու եւ մանրամասնութեանց յաւելումով, ինչ որ պատճառ դարձած է կարգ մը տեղեկութեանց կրկնութեան. ի վերջոյ, ան որոշած է տեղ մը կանգ առնել, որովհետեւ այլապէս, կ՛ըսէ ան, պատումը վերջակէտի մը պիտի չհասնէր. հետեւաբար` գիտէ նաեւ, թէ որոշ մանրամասնութիւններ կրնան դուրս ձգուած ըլլալ:

Առանց այս բառերը գործածելու` յուշերը կը թելադրեն, որ եթէ ունեցած ենք եւ այսօր ալ ունինք անուանի երգիչներ ու երգահաններ, անոնք իրենց վաստակին կերտումը վստահած են բազմահարիւր նուագողներու, անոնք ըլլան խումբեր թէ անհատներ, առանց որոնց, այդ մշակոյթն ու մթնոլորտը պիտի չգոյանար իր լինելութեան մէջ (չենք ուզեր խումբերու կամ անհատ արուեստագէտներու անուններ արձանագրել, որպէսզի անարդարութիւն չընենք միւսներուն): Ընթերցողը պիտի նկատէ, որ եթէ այդ տղաքը  արհեստավարժութեան ձգտումով, այսինքն` ապրուստ շահելու տրամաբանութեամբ յարած են այս կալուածին, անոնցմէ շատեր, ներառեալ նոյնինքն հեղինակը, միշտ ալ չեն եղած ա՛յս իմաստով արհեստավարժ, այլ ապրուստի համար յենած են այլ արհեստներու կամ գործերու. գեղեցիկ ու ազնիւ երաժշտութիւնը մինչեւ օրս ալ արդար գնահատում եւ ընդունելութիւն չունի, այլ աղմուկն ու մինչեւ իսկ թրքաբարոն գրաւած են հրապարակը եւ… գրպանները:

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles