
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Մեր գիրքերու անդաստանին մէջ քանի մը հատորով իր ուրոյն տեղը ստեղծած-գրաւած է Հալէպ ծնած, քանի մը ցամաքամաս «ոտքի տակ առած» եւ այդ շրջաններէն գողտրիկ ու սրտամօտ էջեր քանի մը հատորի մէջ արձանագրած հայորդի մը, որ կը կոչուի Դանիէլ Թիւֆէնքճեան: Վերջերս, ան (Քալիֆորնիոյ Սիմի Վէլի շրջանէն) լոյս ընծայած է իր առօրեայէն, միտքէն ու հոգիէն բխած 6-րդ «զաւակ»՝ հատոր մը, որ կը կրէ «Ակորա» խորագիրը: Մաս կը կազմեմ այն բախտաւորներուն, որոնք մակագրեալ օրինակ մը ստացան անկէ:
Առաջին տարբերութիւնը, որ, նախորդներուն բաղդատմամբ՝ կը գրաւէ ընթերցողին ուշադրութիւնը, հեղինակի անուան (նստած է կողքին ճակատը) մէջ Վարուժան անուան յաւելումն է. Դանիէլ Վարուժան Թիւֆէնքճեան: Քիչ ետք, ընթերցողը գիրքի մէկ էջին կը գտնէ անոր բացատրութիւնը. Մեծն Դանիէլ Վարուժանի անուան այս բաժինին յաւելումը, հեղինակին իսկ խոստովանութեամբ, յաւելեալ յանձնառութեան մը, հաւատարմութեան մը խորհրդանիշն է:
Երկրորդ ուշագրաւ տարբերութիւնը այն է, որ հատորը չունի դասական գիրքերու կազմը (ինչպէս որ էին Թիւֆէնքճեանի նախորդ հատորները): Անիկա տպարանէ չէ ծնած, այլ կազմուած է սեփական միջոցներով, այսինքն, էջադրուած հատորը լոյս տեսած է ընթացիկ տպիչի միջոցով բազմացումով: Կողքին, տեղադրուած է առեւտրական շուկայի մը, պարզ խօսքով՝ դասական պազարի մը պատկերը, որ կը համադրէ հին Յունաստանէն, եւ աւելի մօտիկ ժամանակներու առեւտրական կեդրոնի մը մասնիկները, կազմելով հրապարակ մը. իսկ ակորա յունարէն բառ մըն է որ կը նշանակէ հրապարակ (բառարանը կ’ըսէ, թէ անիկա կը նշանակէ նաեւ շուկայ, գնում կամ գնումի վայր): Այլ խօսքով, Թիւֆէնքճեան հրապարակ կը հանէ շարք մը գրութիւններ, որոնք թուղթին յանձնուած են տարիներու ընթացքին, եւ ահա կը ներկայանան մէկ կողքի տակ, կողք-կողքի բերելով համեմատաբար հին ու աւելի նոր էջեր:
Ընդամէնը 178 մեծադիր էջերու վրայ տարածուող հատորը ունի ներքին 7 բաժիններ, որոնք խորագրուած են «Անհոգ առօրեայ» (6 նիւթ), «Տօնական» (4 նիւթ), «Ախ, լեզուն, լեզուն» (3 նիւթ), «Հայ Դատ» (3 նիւթ), «Հայրենի երկիր-Արցախ» (3 նիւթ), «Գրող եւ գրականութիւն» (6 նիւթ) եւ «Նամակներ Աշերիկայէն» (7 նիւթ): Այս ընդհանուր խորագիրները արդէն կու տան որոշ նախաճաշակ մը՝ բովանդակած նիւթերուն մասին:
Ընդամէնը 32 նիւթերը կը բովանդակեն յուշագրական խորքով, ու տպաւորութիւններու, ապրումներու մասին պատումներ, գրախօսականներ եւ ներբողականներ, ընթացիկ կեանքէ դրուագներ, փորձառութիւններ, միտքի ոսպնեակով քաղուած պատկերներ: Բովանդակութիւնը ցուցակագրող երկու էջերուն կը յաջորդէ կենսագրական կարճ ծանօթութիւններ տուող էջ մը, ուր քանի մը տողով արձանագրուած է, որ Դ. Վ. Թիւֆէնքճեան ծնած է Հալէպ, ապրած ու գործած է Լիբանան, Ծոցի երկիրներ, Ֆրանսա եւ հուսկ հաստատուած՝ Միացեալ Նահանգներ, աշխատակցած է յիշեալ երկիրներու հայկական մամուլին, լոյս ընծայած է (ներկային հետ միասին) վեց գիրք: Յաջորդ էջը, որ կը մեկնարկէ բովանդակութիւնը, խորքին մէջ կարճ բացատրական մըն է հատորին ձեւական ծննդոցին: Կը պատմէ, թէ 1997-ին, ամանորեան բարեմաղթութիւններ առաքող բացիկներու տրամաբանութեամբ մը, ինքն իրեն մաղթանք մը կատարած է (խորագիրն է Մաղթանք), որ այնուհետեւ, ամէն օր էջ մը գրէ:
Հատորին բովանդակած գրութիւնները կը կրեն 1997-էն մինչեւ 2017 թուականները, մեծ մասը՝ մինչեւ 1999: Տեղ մը կը խոստովանի, որ իր առաջին մտածումը՝ ամէն օր էջ մը գրելու յանձնառութիւնը միշտ չէ կրցած իրականացնել (բնական բան՝ կեանքի հեւքին լծուած անհատի մը համար. արհեստավարժ գրողն անգամ վստահաբար չի կրնար նման խոստում պահել): Հեղինակը լա՛ւ ըրած է, որ արձանագրած է իւրաքանչիւր նիւթին արարման թուականը:
Ներփակուած նիւթերը ունին ժամանակագրական յաջորդականութեան ուրոյն տրամաբանութիւն մը, այն իմաստով, որ իւրաքանչիւր ենթաբաժանումի նիւթերը յայտնապէս կը պահպանեն ա՛յդ բաժինին ժամանակագրական ընթացքը, սա կը նշանակէ, որ հատորին բոլոր նիւթերը չեն տեղադրուած ժամանակագրական յաջորդականութեամբ: Սա, յամենայնդէպս, երկրորդական տուեալ մըն է, որովհետեւ նիւթերը կը շօշափեն տարբեր հարցեր, կը ցոլացնեն տարբեր վիճակներու եւ կացութիւններու մասին մտածումներ, խոհեր ու տպաւորութիւններ: Այդ բոլորը, սակայն, ունին մէկ հասարակ յայտարար՝ օրուան դէպքերուն եւ կեանքին բերած վիճակներուն, պայմաններուն, տագնապներուն եւ գոհունակութիւն առթող դրուագներուն հետ քայլ պահող մարդը, որ նոյնինքն հեղինակն է:
Դիւրահաղորդ, հաճելի ոճով եւ աղուոր հայերէնով մը երկնուած հատորը կարելի է նկատել անուղղակի կենսագրութիւն մը, այն առումով, որ հեղինակը լոկ դուրսէն դիտող՝ պատմողը չէ, այլ իւրաքանչիւր խորագիրի տակ ներկայ է, ինչպէս նշեցինք, իր ու անմիջական շրջապատին առօրեայով, յիշատակներով, խոհերով: Տիրական ներկայութիւն են Ցեղասպանութեան հետքերը, մեր իրաւունքներուն հետապնդման պայքարը, բայց մանաւանդ 20-րդ դարու վերջին տարիներէն ասդին Հայաստանի ու Արցախի վիճակուած տագնապալի կացութիւնները, լուծումներու ի խնդիր տարուող բանակցութիւնները, տագնապին տեղքայլին առթած անդոհանքն ու դառնութիւնները: Այլ դիտանկիւնէ, որոշ նիւթեր ունին վաւերագրական արժէք, կը յուշեն, օրինակի համար, որ Արցախի հարցին ի խնդիր տարուած ճիգերը անցած են քանի մը փուլէ եւ կը կազմեն վերջին մէկ տարուան ծանր դէպքերուն ու վիճակին «նախերգանքը»: 44-օրեայ պատերազմը ուղղակի ներկայութիւն չէ, բնականաբար (ըսինք, որ նիւթերը կը հասնին մինչեւ 2017), սակայն հոն հասցնող զարգացումները որոշ չափով (եւ որոշ ընտրութեամբ, հեղինակին հետեւածին չափով) կը ցոլան հատորի կարգ մը գլուխներուն տակ: Այլ խօսքով, յիշեալ նիւթերը ունին նաեւ հրապարակագրական բնոյթ, հոգ չէ թէ հատորով լոյս աշխարհ կու գան տարիներ ետք: Ահա թէ ինչու կարեւորութիւն կը ստանայ նիւթերուն թուղթի յանձնումին թուականը:
Այս սիւնակին մէջ նպատակ չունինք կանգ առնել իւրաքանչիւր նիւթի վրայ, այլ կը բաւականանանք ոչ-ամբողջական ուրուագծումով մը: Եւ որպէսզի շարունակենք ուրուագծումը, արձանագրենք, որ էջերուն ներկայութիւն է Հալէպը՝ իր աւելի քան կէս դար առաջուան կարգ մը իրականութիւններով եւ տիպարերով: Ունի ուշագրաւ եւ տպաւորիչ զրոյց մը՝ իր մեծ հօր հետ, որուն անձամբ ծանօթ չէ, որովհետեւ Ցեղասպանութիւնն ու հետեւանքները արգիլած են անձամբ հաղորդակցելու նահատակուողներուն հետ: Կարեւոր բաժին մը տրամադրուած է իր մտերիմներէն՝ հանգուցեալ գրող Մովսէս Պչաքճեանի գրական վաստակին, նաեւ լայն մէջբերումներ՝ Եղիշէ Չարենցի մասին անոր ժամանակակիցներու եւ յետնորդներու վկայութիւններէն (Չարենցը հեղինակին միակ նախասիրած բանաստեղծը չէ): Վերջին գլուխը պատումներ կը պարունակէ Միացեալ Նահանգներ իր այցելութիւններէն, ապա նաեւ հոն հաստատուելէ ետք ականատես-ապրողի փորձառութիւններէն, որոնք մերթ դրական են, սակայն նաեւ կ’ակնարկեն դառն իրականութիւններու:
Դանիէլ Վ. Թիւֆէնքճեան գրիչը ձեռք չ’առներ գեղարուեստական գրականութիւն մշակելու մօտեցումով, այլ կը նպատակադրէ անկեղծ հաղորդակցութիւն մը ապրիլ ընթերցողին հետ, մտածումներ եւ ապրումներ բաժնեկցիլ, առանց անպայման սպասելու, որ ընթերցողը լիովին համակարծիք ըլլայ իրեն հետ: Այսուամենայնիւ, որոշ էջերու մէջ պատկերներ, սրամիտ միջամտութիւններ եւ նկարագրականներ հատորը կը համեմեն ստեղծագործական պտղունցներով:
Հատորին պատրաստութիւնն ու կազմութիւնը կատարուած են խնամքով: Ակնարկեցինք, արդէն, հաղորդական, մտերմիկ եւ հաճելի լեզուին ու ոճին: Հակառակ զգացուող բծախնդրութեան, տողաշարական եւ լեզուական մանր վրիպակներ գլուխ կը ցցեն տեղ-տեղ, մերթ՝ համակարգչային վրիպումներու, հազուադէպօրէն նաեւ վերստուգումի պահուն սպրդած վրիպակներու հետեւանքով: Այդ տարրերը պատճառ չեն, որ ընթերցողը հաճոյքով, վայելքով եւ հեղինակին ապրած տագնապներուն հետ համակուելով չկարդայ ամբողջութիւնը: