
Զաւէն Խանճեան անունը անծանօթ չէ Լոս Անճելըսի հայ գաղութի զաւակներուն, եւ ո՛չ միայն Լոս Անճելըսի. անոր ազգօգուտ հանրային ծառայութիւնները ունին իրենց պատմութիւնը, որ այս օրերուն նոր էջեր կ՛արձանագրէ շատերու նման, յատկապէս Սուրիոյ Հայութեան Օժանդակութեան համագաղութային մարմինին շրջագիծին մէջ: Աւելի քան տասնամեակ մը առաջ, անոր անունը կապուած էր “Հայաստան“ Համահայկական Հիմնադրամին, նաեւ գործունեայ է Հայ Աւետ. համայնքին մէջ ու այլուր: Տակաւին` յաճախակի ներկայութիւն է մեր մամուլին մէջ:
2007ին, Զաւէն Խանճեան լոյս ընծայեց իր առաջին հատորը` “ԱյսՏունըՔո՞ւկդէ, թէ՞Իմս“, ներշնչուած ու մղում առած` Արեւմտեան Հայաստան, այսինքն` իր նախնիներու ծննդավայրը այցելութենէ: Իսկ անցեալ տարի, հրատարակեց չափածոյ գրութիւններու գողտրիկ գործ մը` “ՍրտիեւՄտքիՑոլքեր“: Եւ ահա, 2012 տարուան հրաժեշտ տալէ առաջ, փուռէն նոր ելած տաք հացի պէս մեր սեղանին կը դնէ “Հալէպ. ԱռաջինԿայարան – ՄանկութիւնՈւնեցո՛ղՏղումըՅուշերը“ խորագրեալ հատորը, գեղեցիկ տեսքով ու կազմով, աւելի քան 220 էջ: Հրատարակութիւն` Թէքէեան Մշակութային Միութեան:
Սովորականէն քիչ մը երկար եւ քանի մը “յարկերէ“ կազմուած խորագիրը ըստ բաւականին թելադրական է բովանդակութեան մասին: Անիկա կը մէկտեղէ հեղինակին մանկութեան, պատանութեան ու կանուխ երիտասարդութեան տարիներու յիշատակները (ոչ միայն յուշեր), առաւելաբար Հալէպի երկինքին տակ, ուր ծնած ու հասակ առած է ան: Ընթերցողը, հատորին մէջ ընկղմելէ առաջ իսկ, կ՛անդրադառնայ, որ խորագիրին մէկ բաժինը “հակաճառութիւն“ մըն է Անդրանիկ Ծառուկեանի “ՄանկութիւնՉունեցողՄարդիկ“ին, որ նմանապէս հիւսուած էր Հալէպին մէջ, յետ-Ցեղասպանութեան շրջանին: “Ունեցող“ բառը ունի շեշտ մը, յաւելեալ թելադրանք մը կատարելու, որ Հալէպի անունը մեր գրականութեան մէջ պէտք չէ կապուած մնայ միայն թշուառութեան տարիներու, այլ հոն ապրողներ, աճողներ կրնան ունեցած ըլլալ եւ ապրիլ նա՛եւ ուրախ պայմաններու մէջ, հակառակ այն ահաւոր կացութեան, որուն մատնուած են Սուրիան ու իր զաւակները` վերջին ամիսներուն: Այս իմաստով ալ, Հալէպին “երազային“ ըլլալու նմանապէս ծառուկեանական բնութագրումը արձագանգ կը գտնէ հատորի առաջին էջերէն սկսեալ:
Գիրքը, որ ձօնուած է Տէր եւ Տիկին Զաւէն եւ Սօնա Խանճեան ամոլի ծնողներուն, կը բացուի հեղինակին կողմէ երկու բացատրականներով: Առաջինը` երախտագիտութեան խօսք մըն է հատորի պատրաստութեան գործակիցներուն, իսկ երկրորդը, թուղթին յանձնուած` հատորի բովանդակութեան աւարտէն երկու օր ետք, 26 Յուլիս 2012ին, յուզախառն ներբող մըն է, ողբ մը` Սուրիոյ եւ Հալէպի վիճակուած պայմաններուն լոյսին տակ: Հոն կան մարդկային խոր կսկիծ` երկրի մը քանդումին ու նահատակութեան մասին, ներբողական` Սուրիոյ ու անոր հայկական օճախի պատմական դերակատարութեան, սակայն նաեւ հաւատք` որ խորշակները մշտական չեն, այլ փապուղիին աւարտին կայ լուսաւոր ելք մը:
Զաւէն Խանճեան, յուշ կոչուող լուսանկարչական գործիքը ուսին, ընթերցողը կ՛առաջնորդէ ընդհանրապէս զուարթ, սակայն նաեւ տրտմութիւն թելադրող ճամբաներէ, համընթաց` իր կեանքի սկզբնական ուղիին: Իրերայաջորդ գլուխները կարճ պատմութիւններ են խորքին մէջ, ընդհանրապէս յարգելով ժամանակագրական ընթացքը: Կայ պատում մը, որ գրաւած է միայն մէկ էջ, միւսները 2էն 5-6 էջի ծաւալով են, իսկ վերջինը կ՛երկարի աւելի քան 25 էջերու վրայ: Իւրաքանչիւր գլուխի գագաթը զետեղուած է Հալէպէն քաղուած փոքրադիր լուսանկար մը, իսկ պատումները համեմուած են ընտանեկան, դպրոցական, միութենական եւ այլ լուսանկարներով:
“Արտաքին“ այս նկարագրականէն անդին, քանի մը խօսք` բովանդակութեան մասին: Հատորը կազմուած է 45 պատումներէ, որոնք կը սկսին հեղինակին ծնունդով ու Հալէպի սեղմ աշխարհագրութեամբ, ապա, գլուխ առ գլուխ կը զարգանան խայտաբղէտ յիշատակներու եւ յուշերու վերարտադրութեամբ: Ինչպէս նշեցինք, առաջին դրուագը կը պատմէ հեղինակին աշխարհ մուտքը` հռչակաւոր “Կիւլպէնկեան“ մայրանոցին ճամբով: Իրերայաջորդ գլուխներուն, ընթերցողը կը ծանօթանայ Զ. Խանճեանի բնակարանին շրջապատին, սկսելով Հալէպի շոգեկառքի պատմական “Կար Տը Պաղտատ“ կայարանէն, անցնելով իր յաճախած դպրոցը` Հայ Աւետ. Էմմանուէլ վարժարանը` Քուէյք գետակի ափին, յետոյ նաեւ հայկական որոշ թաղամասեր` Ճըտէյտէն, Ազգ. Առաջնորդարանին ու Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ շրջանը, մօտակայ շուկաներն ու հայկական բնակավայրեր, օճախին “ներքին“ գաղութները: Ապրող հերոսներն են ծնողները, ընտանեկան հարազատները, ուսուցիչներ, դասընկերներ ու թաղեցի մարդիկ, շրջուն վաճառորդներ, որոնք անուղղակիօրէն դուրս կու գան անհատներ ըլլալու վիճակէն ու կը զգենուն սերունդի մը, մէկէ աւելի սերունդներու մարմնաւորումը ըլլալու հանգամանք:
Զ. Խանճեան առաւելաբար պատմող է, յիշատակներ նկարագրող, որոնք համեմուած են մանրապատումներով, դէպքերու յիշատակումով, մեծ մասամբ հետեւելով “կեանքը ինչպէս որ է“ի սկզբունքին. մերթ րնդ մերթ կը գործածէ թեթեւ զուարթախոհութիւն, հիւմըր: Պատումները յաճախ համեմուած են երկիրն ու արաբական աշխարհը յուզող իրողութեանց յիշատակումներով, ինչպէս` Սուէզի տագնապը, Սուրիա-Եգիպտոս միութիւնն ու բաժանումը, Իրաքի 50ական-60ական իրադարձութիւնները, Սուրիոյ մէջ կայուն իշխանութեան մը հաստատումն ու անոր սասանման ծանօթ զարգացումները եւայլն: Հեղինակը յստակօրէն կողմ է իր դատումներուն ու վերլուծումներուն մէջ. ան կը կանգնի իր ծննդավայր-հայրենիքին անվտանգութեան, բարգաւաճման հետամուտի եւ արտաքին շահադիտական ու կործանարար միջամտութեանց ընդդիմացողի դիրքերուն վրայ, այնպէս` ինչպէս կը թելադրէ իսկական հայրենասէրի մը յանձնառութիւնը: (Վստահաբար, ան նոյն մօտեցումը ունի մայր հայրենիքին նկատմամբ): Պայման չէ, որ ընթերցողը ըլլայ հալէպցի կամ նախկին հալէպցի, համակուելու համար “հին-լաւ օրեր“ու, ընտանեկան, ազգային ու միջին-արեւելեան տոհմիկ, ջերմացնող մթնոլորտով, աւանդութիւններով, ֆոլքլորով…: Իրական տիպարներու կամ արկածախնդրական դէպքերու մասին պատումները չեն հիւսուած վիպականութեամբ, այլ պարզունակ հաղորդականութեամբ. սակայն երբ հարցը կը վերաբերի սրտի թրթռացում առթող զգացական աշխարհին, Քեսապի մէջ ապրուած հաճելի օրերու, կամ, վերջապէս, վերջերս Հալէպի վիճակուած կսկիծ առթող ողբերգութեան, հեղինակին գրիչէն առատօրէն կը ծորին զգացական արտայայտութիւններ, որոնք մերթ կը դրսեւորեն երանութիւն, զուարթ օրերու քաղցրութիւնը, սակայն նաեւ ցասում, զայրոյթ եւ բողոքի պոռթկումներ, որոնք կը սփռուին բանաստեղծական ու գրական արտայայտութիւններով: Մէկ խօսքով, հատորը կը փորձէ վերածուիլ հայու մը եւ հայկական օճախի մը լաւ ու տխուր օրերու հայելիին, հետապնդելով գլխաւոր նպատակ մը (ոչ միայկը), թէ` Հալէպի մէջ, Ցեղասպանութենէն վերապրած հայութիւնը կերտած է իր պատուաբեր ու հպարտացնող կեանքը, աշխարհը, ապրած է տեղացի արաբին հետ կողք-կողքի, տարիներու հեռաւորութիւնը պատճառ չէ, որ դրացի-գործակից արաբը մոռնայ բարի դրացնութիւնը, սրտակցութիւնն ու ճարտար հայու մը հանդէպ իր սէրն ու համակրանքը, յարգանքը:
Ինչպէս կը խոստովանի հեղինակը` հատորը “մրոտել սկսած է“ աւելի քան երկու տարի առաջ, սակայն Սուրիոյ վիճակուած ահաւոր կացութիւնները որոշ չափով արգելափակած են գրիչին ընթացքը: Եւ ահա, հատորը լոյս աշխարհ կու գայ այնպիսի հանգրուանի մը, երբ հայկական աշխարհը համակուած է նոյն այդ տառապանքներով…
Իսկ ինչ կը վերաբերի խորագիրին “Առաջին Կայարան“ բաժինին, պիտի ուզէինք անոր մէջ տեսնել խոստում մը, որ հեղինակը կը ծրագրէ կեանքի յաջորդ կայարաններն ալ թուղթին յանձնել: Յամենայնդէպս, այս հատորին լուռ թելադրանքներէն մէկն ալ այն է, որ մանկութեան ու պատանութեան շրջանը միշտ ալ աւելի՛ քաղցրահամ կ՛ըլլայ, քան հետագայ հանգրուանները, ինչպիսի բոյր ու համ ալ ունենան անոնք: Հեղինակը այդ մասին ալ վկայութիւն մը ունի հատորի վերջին էջերուն, երբ կը պատմէ երկարատեւ բացակայութենէ ետք Հալէպ իր այցելութեան մէկ քանի երեսները, ֆուլի հռչակաւոր ճաշարան մը իր այցելութիւնը:
Հատոր մը, որ ընթերցողին կը խոստանայ թէ հաճելի եւ թէ սրտի ճմլում պատճառող դրուագներ:
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Նոյեմբեր 29, 2012