ՆՈՐ ԳԻՐ­ՔԵ­ՐՈՒ ՀԵՏ.- ԲԺԻՇԿ ԱԼՖ­ՐԷՏ ԴԱՆԻ­ԷԼ­ԵԱ­ՆԻ “ԺԱ­ՄԱ­ՆԱ­ԿԱ­ԿԻՑ ՀԻՒԱՆ­ԴՈՒ­ԹԻՒՆ­ՆԵ­ՐԻ ՃԱ­ՆԱ­ՉՈՒՄ“ ՀԱ­ՏՈ­ՐԸ

0 0
Read Time:6 Minute, 28 Second

P12 BOOK REVIEW Danielian   Ս.Մ.

Ներ­կայ ժա­մա­նակ­նե­րուն`

Երբ գիր­քի հրա­տա­րա­կու­թիւնը յա­ճախ ան­տե­ղի կեր­պով ար­շաւ­նե­րու թի­րախ է, այն “տրա­մա­բա­նու­թեամբ“, որ “գիր­քի դա­րաշր­ջա­նը անց­եա­լին կը պատ­կա­նի…“:

Երբ բա­նաս­տեղծ­ներ, վի­պա­գիր­ներ ու թա­տե­րա­գիր­ներ հա­զար կը մտա­ծեն ու մէկ կը հրա­տա­րա­կեն հա­զար վա­խով:

Երբ ըն­թեր­ցող­նե­րու մեծ հա­մե­մա­տու­թիւն մը գե­րի բռնուած է հապ­ճեպ գի­րի` “դի­մա­տետր“ի ու նման “արագ հա­ղոր­դակ­ցու­թեան“ որո­գայթ­նե­րուն մէջ, ուր մի­սի փո­խա­րէն մոր­թի սկրթուք իսկ կա­րե­լի չէ գտնել, ալ ո՛ւր մնաց ոս­կոր, մկան ու ջիղ:

Երբ… երբ… երբ…

Կան յան­դուգն մար­դիկ, որոնք կ՛ար­հա­մար­հեն նո­րե­լուկ եւ մեծ մա­սամբ շին­ծու մար­տահ­րա­ւէր­նե­րը եւ կը հա­ւա­տան, որ գիր­քը ապ­րող է ու ապ­րեց­նող, կեն­սա­ւո­րող է:

Նման յան­դուգն մար­դոց շար­քին, կայ նա­եւ բժիշկ մը, որ կրկնա­կի յանդգ­նու­թեան դի­մած է ու հայ ընթ­եր­ցո­ղին սե­ղա­նին կը ներ­կա­յաց­նէ մաս­նա­գի­տա­կան-ժո­ղովր­դա­յին գիրք մը, հա­յե­րէ­նո՛վ, հիւան­դու­թեանց ու անոնց դար­մա­նու­մի մի­ջոց­նե­րուն մա­սին: Բժիշ­կը կը կոչ­ուի Ալֆ­րէտ Դանի­էլ­եան, իսկ անոր նո­րա­գոյն աշ­խա­տու­թիւնը` Ժա­մա­նա­կա­կից Հիւան­դու­թիւն­նե­րի Ճա­նա­չում“:

Թեհ­րա­նէն մին­չեւ Լոս Անճելըս` ան­ծա­նօթ անուն մը չէ բժիշկ Ա. Դանի­էլ­եան, իսկ այս հա­տո­րը անոր 5-րդ աշ­խա­տու­թիւնն է 1982-էն ի վեր: Եթէ առա­ջին հա­տո­րը “Հա­յաս­տան“ խո­րագր­եալ թարգ­մա­նա­կան գործ մըն էր ֆրան­սա­ցի հե­ղի­նա­կէ մը, յա­ջորդ չորս հա­տոր­նե­րը կ՛իյ­նան անոր ման­սա­գի­տու­թեան` բժշկու­թեան կալ­ուա­ծին մէջ. նա­խըն­թաց երե­քը բժշկա­գի­տա­կան բա­ռա­րա­նի բնոյթ ու­նէ­ին, իսկ նո­րա­գոյ­նը` հիւան­դու­թիւն­նե­րու մա­սին ընդ­հա­նուր գի­տե­լիք­ներ եւ դար­մա­նու­մի մի­ջոց­նե­րու թե­լադ­րանք­ներ կը բո­վան­դա­կէ:

Աւե­լի քան 25 տե­սա­կի տա­րաբ­նոյթ հիւան­դու­թիւն­նե­րու մա­սին է այս հա­տո­րը. “ժա­մա­նա­կա­կից“ բա­ռը պա­րա­գա­յա­կան է, որով­հե­տեւ խօս­քը կը վե­րա­բե­րի մեր առօր­եա­յին մէջ յա­ճա­խա­կի ախ­տե­րու եւ առող­ջա­կան դժուա­րու­թիւն­նե­րու: Իւ­րա­քան­չիւր գլու­խը կազմ­ուած է յստակ տրա­մա­բա­նու­թեամբ մը. նախ կը տրուի հիւան­դու­թեան անու­նը, կը նշուին պատ­ճառ­նե­րը, ախ­տա­ճա­նա­չու­մի ձե­ւե­րը, նշան­նե­րը,  նա­խազ­գու­շաց­ման ու դար­մա­նու­մի ձե­ւե­րը եւայլն (իսկ եթէ կարգ մը հիւան­դու­թիւն­ներ ան­բու­ժե­լի են, այդ ալ բժիշ­կին մեղ­քը չէ…):

Ըն­թեր­ցո­ղը հա­ւա­նա­բար կրնայ մտա­ծել, որ ին­չո՞ւ մարդ կը մղուի ձեռ­նար­կե­լու նման հրա­տա­րա­կու­թեան մը, երբ աշ­խար­հը ողող­ուած է նոյն տի­պի օտա­րա­լե­զու հա­տոր­նե­րով ու հա­մա­ցան­ցա­յին աղ­բիւր­նե­րով: Պա­տաս­խա­նը ակն­բախ կեր­պով կը ստա­նայ ՀԱՅ ԸՆ­ԹԵՐ­ՑՈ­Ղը, եթէ ան ու­զէ նման հա­տո­րի մը ըն­ձե­ռած հա­ճոյ­քը վա­յե­լել:

Հայ­կա­կան դպրոց չեմ տե­սած“, կ՛ըսէ հե­ղի­նա­կը, որ սա­կայն օրի­նա­կե­լի կար­գա­պա­հու­թեամբ` տի­սիփ­լի­նով, ոչ միայն տի­րա­ցած է մայ­րենի­ին, այլ այս ու նա­խըն­թաց հա­տոր­նե­րով հան­րու­թեան կը յի­շեց­նէ, թէ ինչ­պի­սի՛ թան­կար­ժէք եւ հա­րուստ լե­զու մը ու­նինք մենք, Մեծ Ու­սու­ցի­չէն` Մես­րոպ Մաշ­տո­ցէն իսկ առաջ իր կազ­մա­ւո­րու­մը ստա­ցած ու դա­րե­րու ըն­թաց­քին զար­գա­ցած, կոփ­ուած, բիւ­րե­ղա­ցած: Հա­տո­րը զերծ չէ օտա­րա­բա­նու­թիւն­նե­րէ, որով­հե­տեւ հե­ղի­նա­կին հիմ­նա­կան նպա­տա­կը` ըն­թեր­ցո­ղին օգ­տա­կար ըլ­լալն է, սա­կայն երբ կը թղթա­տենք էջե­րը, մեր աչ­քե­րուն դի­մաց կը տո­ղան­ցեն հիւան­դու­թեանց եւ անոնց առն­չա­կից հա­յե­րէն եզ­րե­րը, իրենց արե­ւե­լա­հայ ու արեւմ­տա­հայ տար­բե­րակ­նե­րով: Տա­կա­ւին, իւ­րա­քան­չիւր հիւան­դու­թեան անուն­նե­րուն բազ­մա­թիւ լե­զու­նե­րով` հա­յե­րէ­նի կող­քին` անգ­լե­րէն, ֆրան­սե­րէն, ռու­սե­րէն, պարս­կե­րէն, արա­բե­րէն եւ այլ անուն­նե­րը ար­ձա­նագր­ուած են իւ­րա­քան­չիւր գլու­խի սկզբնա­ւո­րու­թեան: Կարգ մը էջե­րու մէջ կան ման­րա­պա­տու­մի նմա­նող լու­սա­բա­նա­կան բա­ցատ­րու­թիւն­ներ, անց­եալ դա­րե­րէ բեր­ուած տե­ղե­կու­թիւն­ներ, որոնք ըն­թեր­ցու­մը կը դարձ­նեն աւե­լի հա­ղոր­դա­կան ու հա­ճե­լի: Ըն­թեր­ցո­ղը մին­չեւ իսկ պահ մը կը մոռ­նայ, թէ հիւան­դու­թիւն­նե­րը ան­հա­ճոյ բա­ներ են: Այս իմաս­տով ալ, բժիշ­կը թե­թեւց­նո­ղի դեր մը կը կա­տա­րէ իր հա­տո­րով (դեր մը, որուն հա­ւա­նա­բար չէ անդ­րա­դար­ձած իսկ հա­տո­րը պատ­րաս­տե­լու պա­հուն):

Օգ­տա­կա՞ր հա­տոր մըն է. ան­կաս­կած որ, օգ­տա­կար` բազ­մա­թիւ մօ­տե­ցում­նե­րով, որոնց մեծ մա­սը կ՛անց­նին բժշկա­գի­տա­կա­նէն ու դար­մա­նու­մի առա­ջարկ­նե­րէն ան­դին, ինչ­պէս նշե­ցինք քիչ առաջ:

Իսկ եթէ ըն­թեր­ցո­ղը ծա­նօթ չէ Բժիշկ Դանի­էլ­եա­նի ան­ձին, եւ օր մը առի­թը ու­նե­նայ զրոյ­ցի նստե­լու անոր հետ, իր դի­մաց պի­տի տես­նէ ծե­րու­նա­զարդ` 90ը շա­տոնց ետին ձգած, բայց կեն­սու­նակ ու արթ­նա­միտ մաս­նա­գէտ մը, որ պատ­րաստ է զրու­ցե­լու, հիւան­դու­թեանց ու մար­դա­կազ­մու­թեան բարդ հար­ցե­րու կող­քին, նա­եւ երաժշ­տու­թեան, գրա­կա­նու­թեան ու բա­նաս­տեղ­ծու­թեան մա­սին: Երի­տա­սար­դու­թեանս օրե­րուն, տար­ուած էի նա­եւ բա­նաս­տեղ­ծու­թեամբ, քա­նի մը տե­սակ նուա­գա­րա­նի վրայ կը նուա­գէի ու մաս կազ­մած եմ նուա­գա­խում­բե­րու, կը յի­շէ երա­նու­թեամբ փայ­լող աչ­քե­րով, որոնք հնչեղ ձայ­նին ու բարձ­րա­հունչ խնդու­քին հետ կը վկա­յեն, թէ երի­տա­սար­դու­թիւն չա­փե­լու “գոր­ծի­քը“ միայն տա­րի­նե­րը չեն, այլ նա­եւ կեն­սու­նակ հո­գին, հո­գե­կան խան­դա­վա­ռու­թիւնն ու կեն­սա­սի­րու­թիւնը` իր ազն­ուա­գոյն իմաս­տով:

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles