ՆՈՅՆ ԱՒԱՆԴԻ ՎԵՐԸՆՁԻՒՂՄԱՆ 25-ԱՄԵԱԿՆ Է

0 0
Read Time:2 Minute, 52 Second

 

Վարդան Բախշեան
Վարդան Բախշեան

ԽԱԺԱԿ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ

Պոսթըն 

Այս տարի լրացաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 125ամեակը, բայց նաեւ Հ.Յ.Դ. Հայաստանի մէջ վերընձիւղման 25ամեակը: Շուրջ երկու տարուայ ընդյատակեայ ու նախապատրաստական գործունէութենէ ետք, 1990ին, Հ.Յ. Դաշնակցութիւնը իր «Դէպի երկիր» կարգախօսով, կը վերադառնար հայրենի երկիր ու իր կազմակերպական կառոյցի վերականգնման զուգահեռ՝ իր ճիգերը կը կեդրոնացնէր հայրենի Արցախի ազատագրական պայքարին վրայ:
Գործունէութեան վերընձիւղման առաջին իսկ օրէն Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը հայրենի հասարակութեան, եւ մանաւանդ երիտասարդութեան մօտ ընկալուեցաւ որպէս ազգային ազատագրական պայքարի, հայրենասիրութեան, ազգի ու հայրենիքի ծառայութեան ջահակիր:
Այս համոզումով ու գիտակցութեամբ հայ զաւակներ եկան լրացնելու Դաշնակցութեան շարքերը, դէպի գիտակից մահ երթալու յստակ տեսլականով: Առաջին դաշնակցականները իրենց կեցուածքով ու նուիրումով ապացուցեցին, որ եօթանասուն տարիներու երկաթեայ վարագոյրը չէր յաջողած հայրենի մեր ժողովուրդին մէջ արմատախիլ ընել Հ.Յ. Դաշնակցութեան հմայքը:
Պատմութիւնը օր մը անպայման արժանի գնահատանքը պիտի տայ Արցախեան Ազատամարտին ու Հայաստանի վերանկախացման գծով Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան ունեցած անառարկելի դերը: Այստեղ, կ’ուզեմ պարզապէս երկու դէպք պատմել, որ փայլուն կերպով կը փոխանցէ Հայաստանի առաջին դաշնակցականներուն արագ ընկալումը Հ.Յ.Դ. էութեան ու առաքելութեան:
ԵրեւանիՉարենցի փողոցի վրայ կը գործէր Հ.Յ.Դ. Օրգան «Ազատարտ» շաբաթաթերթը (ներկայիս Երկիր Մետիա),որուն վերի յարկին մէջ տեղակայուած էր Հ.Յ.Դ. ազատամարտիկներու աշխատանքը կարգաւորող գրասենեակը: 1991ի կէսերուն էր, երբ առիթով մը այնտեղ հանդիպեցայ, տեսայ որ Արցախ ճանապարհելու նոր խումբ մը կը պատրաստուի: Անոնց շարքին էր նաեւ ընկ. Վարդան Բախշեան: Խումբը կազմող հրամանատարը անհանգիստ էր եւ հարցի մը լուծում գտնելու վիճակի մէջ էր: Հետաքրքրուեցայ ու ի յայտ եկաւ որ ներկայացած ընկերներուն թիւը մէկ հոգիով կը գերազանցէ արտօնուածին, ուստի մէկ հոգի պէտք է դուրս մնայ խումբէն: Թիւի սահմանափակումն ալ կուգար այն իրողութենէն, որ Հայաստան-Արցախ ցամաք ճանապարհի չգոյութեան պատճառով փոխադրութեան միակ միջոցը օդային ճանապարհն է, իսկ օդային միջոցին կշիռքը սահմանափակուած է որոշ քանակով: Շուրջս նայեցայ, տեսայ ընկ. Վարդան Բախշեան սովետական հին թերթ մը առած կը կարդայ, ու անմիջապէս հրամանատարին խորհուրդ տուի որ խումբէն դուրս պահէ ընկ. Վարդան Բախշեանին:
Փաստօրէն ականջին ծայրով մեր զրոյցին կը հետեւէր Վարդանը ու անմիջապէս խորհուրդիս ընդդիմանալու համար, սպառնալիքի ու խնդրանքի խառնուրդ ոճով մը կը պահանջէր որ հրամանատարը զինք դուրս չպահէ այս խումբէն: Զինք համոզելու եւ յաջորդ խումբին մէջ զինք նկատի ունենալու խոստումները չկրցան կասեցնել զինք, ու ամէն գնով պնդեց որ ինք ներառնուի այս խումբին մէջ: Հայրենիքին ծառայելու ու անոր նուիրուելու դաշնակցական մարտիկի պնդումին դիմաց տեղի տուաւ հրամանատարը ու գնաց ընկ. Վարդան Բախշեանը Հասանապատի մէջ դաշնակցականի հայրենասիրութեան ու ընկերասիրութեան գերագոյն օրինակը հիւսելով՝ նահատակուեցաւ:

Հովիկ Կռնչոյեան
Հովիկ Կռնչոյեան

Միւս դէպքը տեղի կ’ունենար 1992ի սկիզբը: Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Կեդրոնական Կոմիտէի գրասենեակը կը գտնուէր Բաղրամեան պողոտայի վրայ: Յանկարծ ներս մտան հինգ օդաչուներ` Հովիկ Կռնչոյեանի առաջնորդութեամբ: Օդաչուներուն նուիրումը մեզի ծանօթ էր, երբ Հայաստանի ու Արցախի օդային միակ կապը անխափան պահելու առաքելութիւնը կը կատարէին ու մահուան սպառնալիքի տակ թռիչքներ կ’իրականացնէին Երեւանի Էրեբունի ու Ստեփանակերտի օդակայաններուն միջեւ:
Ոտքի ելլանք դիմաւորելու համար կենդանի հերոսները: Նախապէս ծանօթ ըլլալով Հովիկ Կռնչոյեանին հարցուցի այցելու թեան շարժառիթին մասին ու ինք իր եւ ընկերներուն անունով խնդրեց Հ.Յ.Դաշնակցութեան շարքերը անդամակցելու դիմումնագիրներ տամ, որովհետեւ իրենք որոշած են մաս կազմել կազմակերպութեան: Որպէս ընդունուած կարգ, հարցուցի թէ ինչո՞ւ կ’ուզեն անդամակցիլ Դաշնակցութեան, պատասխանը մէկին, արագ ու յստակ էր: Օդաչուները իրենց սեփական աչքերով տեսած էին Հ.Յ. Դաշնակցութեան գործունէութեան ծաւալը, նուիրումի ու հայրենասիրութեան ոգին, իրենք էին որ տեղափոխած էին դաշնակցական նահատակներն ու վիրաւորները, հետեւաբար միայն այնտեղ կը պատկերացնէին իրենց տեղը, միայն այն միջավայրին մէջ կը տեսնէին ազգին ու հայրենիքին ծառայելու ցանկութիւնը արտայայտելու հնարաւորութիւնը:
Ու այսպէս, 100ամեայ աւանդը շարունակելու վճռակամութեան ու գիտակցութեամբ սկիզբ կ’առնէր Հայաստանի մէջ վերընձիւղման 25ամեայ ճանապարհը:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

One thought on “ՆՈՅՆ ԱՒԱՆԴԻ ՎԵՐԸՆՁԻՒՂՄԱՆ 25-ԱՄԵԱԿՆ Է

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles